Անցնող կիրակի տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական տողանցքը՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տօնին

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Parc Marcelin-Wilson-էն սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական տողանցքը՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տօնին, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի եւ ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական կազմերուն, փողերախումբին, ուղեկից միութիւններու եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մոնթրէալահայութեան եւ լաւալահայութեան պատկառելի թիւի, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի յոյն համայնքէն ներկայացուցիչներու:

Փողերախումբին նուագակցութեամբ տողանցքը հասաւ մինչեւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի շրջափակը, ուր Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ դրօշակի օրհնութեան արարողութենէն ետք, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի շքախումբը՝ բաղկացեալ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանէ, Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանէ եւ Դպրաց դասէն, շրջափակին մէջ գլխաւորեց դրօշակի արարողութիւնը, որմէ առաջ փողերախումբը բացումը կատարեց Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ Արբի Գազարեան, որ իր խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄ-ականներուն եւ երիտասարդութեան՝ ըսաւ. «Քոյրեր, եղբայրներ եւ երիտասարդներ, այսօր երբ կը քալէք Մոնթրէալի փողոցներէն, դուք կը ցուցադրէք, որ հայ ժողովուրդի ոգին սահմաններ չի ճանչնար: Մայիս 28-ի յաղթանակը միայն Հայաստանի մէջ չմնաց, այլ դարձաւ պատասխանատուութեան հրամայական բոլոր հայերուն համար, ուր որ ալ գտնուին: Այսօր ձեր ներկայութեամբ, ձեր ձայնով եւ ձեր միութեամբ դուք կ’ապացուցէք, որ այդ ոգին տակաւին կ’ապրի, եւ ինչպէս որ 1918-ի հերոսները չսպասեցին յարմար պայմաններու, այլ իրե՛նք ստեղծեցին պայմաններ, այսօր նոյնը կը սպասուի մեզմէ՝ հաւատալով որ փոքր քայլերը կրնան տանիլ մեծ յաղթանակներու»:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր դուք ցոյց տուիք, որ հայ ժողովուրդի կամքը տակաւին կենդանի է, թէ դուք կամք ունիք, միութիւն ունիք, ուժ ունիք եւ ամենակարեւորը պատկանելիութեան զգացումը ունիք: Այս դրօշը մեզի հասաւ ոչ թէ պատահաբար, այլ զոհողութեամբ, հաւատքով եւ պայքարով: Հետեւաբար, մեր հերթն է զայն արժանավայել կերպով պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք ալ այս դրօշին ներքոյ նոյն հպարտութեամբ շարունակեն քայլել»:

Աւարտին Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, ըսելով. «Այսօր Մայիս 28-ն կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ մենք հաւատարիմ պէտք է մնանք, որպէս ժառանգորդները մեր նահատակներուն, իրենց կտակին՝ շարունակելու մեր պայքարը, որովհետեւ այդ պայքարի ոգին է, որ մեր ժողովուրդին ուժ եւ կամք տուած է, որ մենք տէրը ըլլանք մեր արժէքներուն: Այսօր մեր խորհրդանիշները կը պղծուին. մեր գաղափարաբանութեան, պետականութեան ու բանակի խորհրդանիշները ոչ ոք իրաւունք ունի կեղծելու եւ վտանգելու: Մենք տէրը պէտք է ըլլանք մեր սրբութիւններուն եւ խորհրդանիշներուն, եւ այսպէս համախմբուելով պիտի նշենք այս տօնը, յանուն մեր այսօրուան պայքարին եւ յանուն վաղուան մեր յաղթանակին»:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ հանդէս եկան հայկական պարով, որմէ ետք հոգեւորականաց դասուն աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով վերջ գտաւ պաշտօնական արարողութիւնը, ապա շարունակուեցաւ տօնախմբութիւնը ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, խաղերու, ուտեստեղէնի եւ զանազան ժամանցներու տաղաւարներու մէջ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի եւ Photo Mourad-ի