Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Թամարին ճակատագիրը» պարային եւ երաժշտական ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան վարչութեան, 3 եւ 4 Փետրուարի շաբաթավերջին, Լաւալի Marcellin-Champagnat թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Թամարին ճակատագիրը» պարային եւ երաժշտական համոյթը, որ երաժշտական յօրինումն է պոլսահայ երգահան Մաժակ Թօշիկեանի՝ հիմնուելով Յովհաննէս Թումանեանի «Ախթամար» բանաստեղծութեան վրայ:

Համոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Անի» պարախումբը, միացեալ երգչախումբը, դաշնակահար Ռիթա Շամլեանը, երգչախումբի ղեկավար Լաուրա Պէրպէրեանը, պարուսոյցներ Արման Ջուլհակեանն ու Արա Ասատուրեանը, գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Արապեանը եւ քուլիսներու ետին աշխատող յանձնախումբը: Մեներգներուն եւ մենապարերուն կատարողութիւնը վստահուած էր Թամարին դերը ստանձնած Քարէն Սերայտարեանին ու սիրահար տղուն դերը ստանձնած Սեւան Աբանեանին:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետուհի Կարին Սարգիսեանը, որմէ ետք սկիզբ առաւ համոյթը «Երջանիկ կեանք կղզիին վրայ» կենդանի պատկերով, ապա պարախումբը հանդէս եկաւ «Աշնան սէր» պարով, որոնց յաջորդեցին «Իմ սեւ ճակատագիր» մեներգը, «Այսպէս ըսին» պարը՝ երգչախումբին մասնակցութեամբ, «Եկէք պարենք միասին» պարը, «Սիրոյ կայծ» երգն ու պարը (զոյգ մենապարներուն ու մեներգողներուն կատարողութեամբ), «Պայքար» պարը, «Գաղտնի երդում» մեներգը (Սեւան Աբանեանի կատարողութեամբ), «Գարնանամուտ» աղջիկներու պարն ու մեներգը (Քարէն Սերայտարեանի կատարողութեամբ) եւ «Փողոցի պար (հիփ հոփ» պարը:

Երաժշտական ու պարային երեկոն շարունակուեցաւ «Ըմբոստութիւն» ներկայացմամբ եւ խմբային երգով, «Խուճապ» խմբային ներկայացմամբ ու պարով, ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան «Մեր սէրը անմահ է» մեներգը (Աբանեանի կատարողութեամբ), «Աղերսանք» մեներգը (Սերայտարեանի կատարողութեամբ), «Ծիծաղախինդ Վանայ ծով» խմբային երգը, «Անբախտ սէր» մենապարը (Սերայտարեանի եւ Աբանեանի կատարողութեամբ) եւ մեներգը (Լաուրա Պէրպէրեանի կատարողութեամբ), «Լռեց ծովի Խաւար ափին» խմբային երգը, «Այսպէս ըսին վիրաւորուած» խմբային երգն ու պարը, որով ներկայացուեցաւ սիրահար տղուն խաւար գիշերին ալիքներուն մէջ կորսուիլը, «Համբարձման գիշեր» խմբային պարն ու «Նոր կեանք» խմբային երգն ու պարը:

Ամբողջ ելոյթին ընթացքին պարախումբը, երգչախումբն ու մենակատարները իրենց խմբային երգերով թէ մեներգներով, պարերով ու մենապարերով գեղարուեստական ոճով ներկայացուցին Թամարին սիրահարութեան պատմութիւնն ու անոր ցաւալի աւարտը՝ երաժշտական բացառիկ ստեղծագործութեամբ ու բեմին ետին տեղադրուած պաստառին վրայ ներկայացուած պատկերներով: Նշենք, որ երգերուն բառերը հեղինակութիւնն էին Պերճուհի Պէրպէրեանի:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Comments are closed.