Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ «Պատմութեան սեւ խոռոչները. գրական մտահոգութիւններ» թեմայով

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 1 Մայիս 2025-ին, Կէօնճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ՝ «Պատմութեան սեւ խոռոչները. գրական մտահոգութիւններ» թեմայով, որուն դասախօսն էր Երեւանէն հրաւիրուած փիլիսոփայութեան տեսաբան, «Նիկողոս Սարաֆեան. ի խոյզ կորուսեալ միջավայրի» լայնածաւալ մենագրութեան հեղինակ Դաւիթ Մոսինեան:

Գրական յանձնախումբին եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի անձնակազմին անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ դասընթացքը համակարգող եւ կարավարող Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ապա ներկայացուց դասախօսը, որ հայերէնագիտականին որպէս դասախօս յատկապէս հրաւիրուած էր Երեւանէն:

Մոսինեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ այս առիթը ընծայելուն առթիւ, ապա դասախօսութեան մուտքը կատարեց ըսելով. «Իմ մտահոգութիւնները պատմութեան շուրջ են պտտւում, որովհետեւ կարծում եմ, որ գոնէ ինչ որ պահից սկսած, մենք որպէս որոշակի հաւաքականութիւն, այդ հաւաքականութեան գոյութեան շարունակութիւնը պահելու համար ստիպուած ենք պատմական տարածքից սկսուել, եւ այդ առումով պատմութիւնը մեզի համար ամենակարեւոր իրողութիւններից մէկն է»:

Ան դասախօսութիւնը բաժնեց երկու հիմնական մասերու՝ պատմութիւնը իբրեւ պատմագիտութեան առարկայ, եւ երկրորդը՝ գրականութեան եւ պատմութեան առնչութիւնը: Դասախօսը սպառիչ եւ փիլիսոփայական տեսութիւններով ու սահմանումներով հիմնարկուած բացատրութիւններով նիւթը մեկնաբանեց իր ամենապարզ ու ամենաբարդ վերլուծութիւններով:

Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ աղէտին (աւելի ուշ բնութագրուած որպէս ցեղասպանութիւն) ապա յետգաղութատիրական վիճակին դրսեւորման՝ գրականութեան եւ ապա գրական ոճի արտայայտութեան մէջ, եւ որպէս օրինակ մէջբերեց զանզան օտար թէ հայազգի գրողներ, որոնց գործերուն անդրադարձաւ եւ արմատականօրէն քննարկեց զանոնք:

Մոսինեան դասախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Այն ոճը, որը ընտրում ենք, կարծես թէ կանխաւ փակուղայնութիւն ունի, որովհետեւ այդ լեզուն գործադրւում է ինչ որ բանի ընդդէմ եւ ոչ թէ յանուն ինչ որ բանի: Եւ եթէ հանում ենք այդ հիմնական նիւթը (յանուն ինչ որ բանի), տեսնում ենք, որ չունենք այլեւս երազելու հնարաւորութիւն: Ու եթէ չունես երազելու հնարաւորութիւն, չունես նաեւ խօսելու հնարաւորութիւն: Իսկ քո ենթակայ (սուբիեկտ) դառնալու հիմնական ձեւն է երազելը, որովհետեւ դրա միջոցով է, որ պիտի որոշակի գործունէութիւն ծաւալես: Ուրեմն հիմա ամբողջ խնդիրը այդ փակուղայնութիւնը նկատել, շօշափելի դարձնելն է, եւ քիչ թէ շատ մտածել այն ճանապարհի մասին, որը հնարաւորութիւն կը տայ գրականութիւնը ինչ որ բանի ընդդէմից՝ դարձնել յանուն ինչ որ բանի»:

Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, ապա տեղի ունեցաւ հեղինակին 2023-ին լոյս տեսած «Նիկողոս Սարաֆեան. ի խոյզ կորուսեալ միջավայրի» գիրքին մակագրում եւ վաճառք:

Նշենք, որ Դաւիթ Մոսինեանի հետազօտութիւնները հիմնականին մէջ կը վերաբերին պատմութեան փիլիսոփայութեան եւ տեսութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գրականութեան խնդիրներուն։ Ան մասնակցած է զանազան հատորներու հրատարակութեան, ինչպէս՝ «Տոսթոյեւսքի եւ Նիցչէ. Ողբերգութեան փիլիսոփայութիւն»՝ 2014-ին, «Տոսթոյեւսքիի Գրողի օրագիրը»՝ 2015-ին, ռուսերէնէ թարգմանած է ուշագրաւ գրութիւններ եւ «Բագին»ի մէջ հրատարակած է իր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները։ Ան նաեւ 2023-ին Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ հիմնած է Պատմութեան փիլիսոփայութեան եւ տեսութեան գիտաշխատանոցը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»