Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Առիւծասիրտը» գիրքին ներկայացումը

Հոկտեմբեր 29-ին, ժամը 7։30-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Առիւծասիրտը» վիպակին շնորհանդէսը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, գրասէրներու եւ ընթերցասէրներու ներկայութեամբ։

«Առիւծասիրտը» վիպակին ներկայացման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հարցազրոյցի ձեւաչափով, որուն ընթացքին երկու երիտասարդներ՝ Առլի Քելլէեան եւ Զաւէն Չուլճեան, հարցումներ ուղղեցին գիրքին հինգ հեղինակներուն՝ Շողեր Մարգարեանին, Զեփիւռ Ասատուրեանին, Տիրուկ Մանճիկեանին, Ռիթա Վարդանեանին եւ Անի Տումանեանին, զրուցելու համար վիպակին բովանդակութեան, ստեղծման շարժառիթին եւ գրելու ընթացքին իրենց ունեցած փորձառութեանց մասին։

Ձեռնարկը բացուեցաւ Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարալ Պէրպէրեանի խօսքով, որ յայտնեց, թէ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, նկատի առած պատանեկան տարիքի գրականութեան սակաւութիւնը, նախաձեռնած էր մրցում մը, որուն իբրեւ արդիւնք, եօթը տարի առաջ հրատարակուեցաւ «Պատանեկան օրագիր» գիրքը, հեղինակութեամբ Շողեր Մարգարեանի: Իսկ այս տարի մրցանակին արժանացած էր յիշեալ հինգ հեղինակներուն ստեղծագործութիւնը՝ «Առիւծասիրտը»:

Այնուհետեւ Գրական յանձնախումբին վարչական ներկայացուցիչ Նանոր Սնապեան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Առիւծասիրտը» վիպակը՝ անդրադառնալով անոր հիմնական նիւթին՝ գաղթականութիւնն ու նոր երկրի մը մէջ ապրելու փորձառութիւնը։ Ան ընդգծեց, թէ գիրքը կ՚արծարծէ այնպիսի հարցեր, որոնք յատկապէս մօտ են նոր սերունդերու առօրեային, ինչպէս՝ նոր միջավայրի յարմարիլը, ինքնութեան պահպանումն ու ընկերային շրջանակի ընդունելութիւնը։

Սնապեան նաեւ կարճ տեղեկութիւններ փոխանցեց վիպակին հինգ հեղինակներուն մասին, ներկայացնելով զանոնք իբրեւ Համազգային Գանատայի Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացքի անդամներ, որոնք միաւորուած են հայերէն գրականութեան եւ ստեղծագործական աշխատանքի հանդէպ իրենց հետաքրքրութեամբ։ Ապա բեմ հրաւիրեց հեղինակները, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցը վարողները։

Հարցազրոյցի սկիզբը Առլի Քելլէեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ իր եւ Զաւէնին հետաքրքրութեան՝ գիրքին հանդէպ։ Ան նշեց, թէ երկուքն ալ կարդացած էին «Առիւծասիրտը» վիպակը եւ յատկապէս տպաւորուած էին անոր նիւթով, քանի որ գաղթականութիւնն ու նոր երկրի մը մէջ ապրելու փորձառութիւնը իրենց սրտին մօտ թեմաներ էին։ Իրենք եւս որպէս գաղթական պատանիներ՝ կարեւոր նկատած էին հայերէն գիրք մը կարդալ, որ յատկապէս իրենց տարիքին պատկանող ընթերցողներուն համար գրուած է, եւ որուն մէջ կրնան գտնել իրենց ապրումները։ Գիրքին ընթերցումէն ետք, անոնք փափաքած էին աւելի մօտէն ծանօթանալ անոր ստեղծման պատմութեան։

Առաջին հարցումին՝ «Ինչո՞ւ հինգ հոգիով գիրք գրել որոշեցիք», պատասխանեց Շողեր Մարգարեան։ Ան պատմեց, թէ առիթ մը ստեղծուած էր մրցումի մը շնորհիւ, որուն ընթացքին առաջարկուած էր գիրք մը գրել։ Ան համոզուած էր, որ Համազգային Գանատայի Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացքներուն անդամներէն շատեր պիտի ուզէին գիրք մը հեղինակել, սակայն մինչ այդ ոչ ոք առիթը ունեցած էր առաջին քայլը առնելու։ Երբ ինք առաջարկը ներկայացուցած է, նկատած է, որ մի քանի անդամ անմիջապէս հաւաքուած են իր շուրջ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած միասնաբար աշխատելու։ Այսպէս սկսած է հինգ հեղինակներուն համագործակցութիւնը, որ ի վերջոյ ծնունդ տուած է «Առիւծասիրտը» վիպակին։

Երկրորդ հարցումը հետեւեալն էր. «Ինչո՞ւ ընտրեցիք գաղթականութեան նիւթը»։ Այս հարցումին Տիրուկ Մանճիկեան պատասխանեց, ըսելով թէ իրենց հիմնական նպատակներէն մէկն էր հոս ծնած նոր սերունդին ծանօթացնել իրենց ծնողներուն ապրած փորձառութիւնները։ Անոնք ուզած էին, որ նոր սերունդը աւելի լաւ հասկնայ իրենց ծնողներուն անցեալը, իրենց գաղթի պատճառները եւ այն դժուարութիւնները, որոնցմէ անցած են՝ նոր կեանք մը սկսելու համար։ Այսպիսով, վիպակը նաեւ կամուրջ մը կը դառնայ սերունդներուն միջեւ՝ օգնելով երիտասարդներուն աւելի մօտէն ճանչնալու իրենց ընտանիքներուն պատմութիւնները։

Երրորդ հարցումը կ’առնչուէր վիպակին մէջ տեղ գտած այլամերժութեան նիւթին. «Գիրքին մէջ կային նաեւ ուրիշ, տարբեր տեսակի նիւթեր, օրինակ՝ այլամերժութեան թեման։ Ինչո՞ւ արծարծեցիք այսպիսի նիւթ մը»։

Այս հարցումին պատասխանեց Զեփիւռ Ասատուրեան։ Ան բացատրեց, թէ այլամերժութիւնը երեւոյթ մըն է, որ տարածուած է մեր ընկերութեան մէջ, եւ որուն կարելի է հանդիպիլ նաեւ դպրոցներէն ներս։ Յատկապէս երբ նորեկ աշակերտ մը, ինչպէս վիպակին հերոսը, կը մտնէ անծանօթ միջավայր մը, կրնայ դժուարութիւն ունենալ դասընկերներուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ անոնց շրջանակին մէջ ընդունուելու։ Երբեմն աշակերտները կրնան զինք դատել իր արտաքին տեսքին, խօսելաձեւին, բնաւորութեան կամ հետաքրքրութիւններուն պատճառով՝ առանց զինք իսկապէս ճանչնալու։

Զեփիւռ ընդգծեց, թէ նման վերաբերմունք կրնայ նորեկին մէջ յառաջացնել մինակութեան եւ մերժուածութեան զգացում, ինչպէս նաեւ ազդել անոր ինքնավստահութեան վրայ։ Հետեւաբար, հեղինակներուն համար կարեւոր էր այս նիւթը ներառել վիպակին մէջ, «որպէսզի այս տարիքի աշակերտները սորվին ընդունիլ իրենց ընկերներուն տարբերութիւնները, խուսափիլ անարդար պիտակաւորումներէն եւ իւրաքանչիւրին առիթ տալ ինքզինք ճանչցնելու՝ ստեղծելով բարեկամական, ներառական եւ յարգալից դպրոցական միջավայր մը», ըսաւ ան:

Չորրորդ հարցումը կեդրոնացաւ գիրքին խորագիրին վրայ. «Վերնագրին ընտրութեան մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք»։ Այս անգամ պատասխանեց Անի Տումանեան, որ բացատրեց, թէ հեղինակները փորձած էին գտնել ուշագրաւ եւ վիպակին բովանդակութեան համապատասխան խորագիր մը, որ պիտի գրաւէր ընթերցողին հետաքրքրութիւնը։ Ան նաեւ ակնարկեց, թէ խորագիրին ամբողջական իմաստը ընթերցողին պիտի բացայայտուի գիրքին աւարտին, ուր իրեն անակնկալ մը կը սպասէ։ Տումանեան աւելցուց, որ «Առիւծասիրտը» խորագիրը հարազատօրէն կը նկարագրէ նաեւ պատմութեան հիմնական նիւթը։

Հինգերորդ եւ վերջին հարցումը կը վերաբերէր խմբային աշխատանքի փորձառութեան. «Որո՞նք էին անպատեհութիւնները եւ առաւելութիւնները խմբային աշխատանքին»։

Ռիթա Վարդանեան անդրադարձաւ այն դժուարութիւններուն, որոնց հեղինակները հանդիպած էին՝ միասին աշխատելու ընթացքին։ Ան նշեց, թէ հինգ տարբեր անձերու հետ աշխատիլը բնականաբար կը նշանակէր գործ ունենալ տարբեր մտածելակերպերու եւ գաղափարներու հետ։ Յաճախ իւրաքանչիւրը իր առաջարկը կ’ունենար, սակայն վերջնական որոշում մը պէտք էր կայացուէր։ Ասիկա երբեմն կը նշանակէր, որ ոմանց գաղափարները չէին ընտրուեր կամ դուրս կը մնային վերջնական տարբերակէն։ Այսուհանդերձ, խմբային աշխատանքը նաեւ առիթ տուած էր իրարու միտքերէն սորվելու, տարբեր տեսակէտներ լսելու եւ միասնաբար աւելի ամբողջական գործ մը ստեղծելու։

Հարցազրոյցի այս բաժինէն ետք, երիտասարդ հաղորդավարները հեղինակներուն ուղղեցին նաեւ քանի մը անակնկալ հարցումներ, որոնց պէտք էր պատասխանել միայն մէկ բառով։ Այս զուարճալի եւ անպատրաստից բաժինը առիթ տուաւ հեղինակներուն իրենց մտածումները արագ եւ ինքնաբուխ կերպով արտայայտելու՝ ձեռնարկին հաղորդելով աւելի հարազատ եւ մտերմիկ մթնոլորտ։

Ձեռնարկը եզրափակեց Նանոր Սնապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակներուն, հաղորդավարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար։ Վերջապէս, Նանոր ներկաները հրաւիրեց մասնակցելու գիրքին վաճառքին՝ առիթ տալով անոնց ձեռք բերելու վիպակը եւ անձամբ ծանօթանալու հեղինակներուն հետ։

Այսպէս, «Առիւծասիրտը» վիպակին ներկայացման ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ՝ ոչ միայն ներկայացնելով նոր հրատարակութիւն մը, այլեւ ընդգծելով գրականութեան, սերունդներու միջեւ կապի եւ համատեղ ստեղծագործելու արժէքը։

Առլի Քելլէեան