Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» անդրանիկ գիրքին շնորհանդէսը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, 6 Նոյեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» անդրանիկ գիրքին շնորհանդէսը, ներկայութեամբ գիրքը ներկայացնող եւ յատուկ այս առթիւ Նիւ Եորքէն ժամանած բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ գրական մշակ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեանի, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչներու եւ մոնթրէալահայ հոծ բազմութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գիրքին հեղինակ Անահիտ Պալեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա խօսքը ուղղելով գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած Ռաքէլ Տէմիրճեանին ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք, միասին տօնելու իմ անդրանիկ գիրքիս շնորհանդէսը, որուն սպասեցի կարօտով ու համբերութեամբ։ Ուրախ եմ արդէն այս պահիս, որ իրականացուցի այդ երազանքս։ Խոստովանիմ սակայն, որ այս գիրքը չէր հրատարակուեր, եւ այս երեկոյ մեր համախմբումը այս սրահէն ներս տեղի չէր ունենար, եթէ ազնիւ անձնաւորութիւն մը, ժիր ու բծախնդիր, մշակութասէր ու հաւատացեալ, ազգային մը, բարի ու շնորհալի, որոշումովն իր բերկրալի, չկենար իմ կողքին ու չստանձնէր գիրքիս մեկենասութիւնը։ Այդ լուսաւոր դէմքը Համազգայինի մօտ 4 տասնամեակներու իր ծառայութեամբ մեր բոլորին ծանօթ, գրատարածի վաղեմի աշխոյժ անդամներէն, գիր ու գիրքի սիրահար Ռաքէլ Տէմիրճեանն է». անկէ ետք ընթերցեց գիրքին մէջ լոյս տեսած եւ Ռաքէլին նուիրուած իր «Գրասէրը» կտորը եւ անոր փոխանցեց գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:
Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանոր Սնապեան-Լիպարեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները հերթաբար ներկայացուց գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմողները, որոնք հետեւեալ կերպով հանդէս եկան ասմունքով. Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 4-րդ կարգի աշակերտուհի Անի Քնաճեան ասմունքեց «Հայ զինուորին» բանաստեղծութիւնը, Հրակ Պանքեան՝ «Իմ հայ ժողովուրդ»ը, Ժագ Աւագեան՝ «Անմահներուն»ը, ՍՅԱՎ-ի 10-րդ կարգի աշակերտուհի Սիլվի Միքայէլեան՝ «Շուշիի Ղազանչեցոց»ը:
Հեղինակին գիրքին երկրորդ գլուխը կը բովանդակէ մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ. անոնցմէ «Ո՞վ եմ ես» կտորը նուիրուած է իր մօր՝ Ազնիւ Թորոսեանին, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագրին՝ նշեալ բանաստեղծութեան ընթերցմամբ:
Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ հեղինակին «Հէ՜յ ջան իմ եար…» կտորի երգեցողութեամբ, Լաուրա Պէրպէրեանի եւ Կորիւն Գոյունեանի կատարողութեամբ, ապա «Ինչպէ՞ս ապրիմ առանց քեզ» կտորով, երգեցողութեամբ Կորիւն Գոյունեանի: Նշենք, որ սոյն կտորներու երաժշտութիւնը յօրինած է Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբի երբեմնի խմբավար Արա Ալեքսանեան:
Հեղինակը հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք իր «Աւանդը» եւ «Պապուկը» բանաստեղծութիւններուն, ընթերցեց զանոնք, որմէ ետք օրուան հադիսավարը յայտնեց. թէ գիրքին «”Գեղօններ եւ ձօներ” բաժնին մէջ կայ նաեւ բանաստեղծութիւն մը, գրուած 18 Յուլիս 2020-ին «Լիբանան» խորագրով, որ լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ։ Նոյն այս բանաստեղծութիւնը 2021-ի Նոյեմբերին առցանց ներկայացուած է ՀՕՄ-ի կազմակերպած դրամահաւաքի մը՝ ի նպաստ լիբանանահայութեան, որ կը տառապէր ոչ միայն տնտեսական ահաւոր վիճակէն եւ քաղաքական անկայունութենէն, այլ նաեւ՝ քորոնա համավարակէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն։ Այս բանաստեղծութիւնը ասմունքած է Անահիտը, իսկ նկարներու համադրումը կատարած է իր որդին՝ Վարագ Պալեան»: Ապա ցուցադրուեցաւ նշեալ ասմունքին տեսերիզը:
Սնապեան ներկայացուց Նիւ Եորքէն յատուկ այս առթիւ ժամանած բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագէտ, բեմադրիչ, գրական քննադատ, դաստիարակ, գրական մշակ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանակիր դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց գիրքը:
Մարգարեան իր ներկայացուցմը սկսաւ ըսելով. «Անահիտը իր գիրքը խորագրած է “Ապրումներ”. ապրումը ի՞նչ է՝ զգացմունք, յոյզ, խոհ, սէր, այսինքն հոգեկան այն վիճակները, որոնք մարդ արարածը կը դրսեւորէ իբր արձագանգ արտաքին ազդակներու եւ կը բնորոշէ իր կեա՛նքը, եւ կեանքը ուրիշ ի՞նչ է, եթէ ոչ՝ ապրումներու բաղադրութիւն: Իսկ բանաստեղծութիւնը գեղարուեստական գրականութիւն է, որուն գլխաւոր յատկանիշը բանաստեղծականութիւնն է. ա՛յս հիմամբ մօտեցէք Անահիտին բանաստեղծութիւններուն»: Ապա անդրադառնալով գիրքին 4 գլուխներուն ան յայտնեց. «Անահիտի “Ապրումներ”ու ներաշխարհի սիւները 4 են. հայրենիք, մայր, սէր եւ գեղօն. այս 4 գլուխները շաղկապուած են “հայութիւն”ով, եւ պատահականութիւն չէ այս սիւները ներկայացնելու յաջորդականութիւնը», եւ աւելցուց. «”Ապրումներ”ու “հայութիւն”ը սահմանող յատկանիշներն են՝ պատմութիւն, լեզու, կրօն, տոհմականութիւն, բարոյականութիւն եւ մշակոյթ, այսինքն՝ ազգային գոյատեւութեան կռուանները. ա՛յս է իր առանցքը: Եւ Անահիտ իր ապրումներուն կը մօտենայ նաեւ խորհրդապաշտօրէն, հոգեվիճակային գերզգայնութեամբ եւ մտային անկաշկանդ թռիչքով»:
Անկէ ետք Մարգարեան անդրադարձաւ գիրքին 4 գլուխներուն առանձնաբար, ապա իր ներկայացումը եզրափակեց ըսելով. «”Ապրումներ”ը Անահիտին ապրումներուն խոհագրութիւնն է, ուր խտացուած են գիտակից հայու հոգեկան վիճակը, մայրական աքակտելի կապը, հարազատ սիրոյ աշխարհը, ազգային արժէքներն ու անոնց նուիրումը: Հետեւաբար այսօր գրատօն է, որովհետեւ նոր անուն մը, մեր ոսկեղնիկ լեզուով կայք կը հաստատէ Հայ Գրականութեան անդաստանին մէջ»: Դոկտ. Մարգարեան իր խօսքի աւարտին խորհրդանշական նուէրներ պարգեւեց գիրքին մեկենաս Ռաքէլ Տեմիրճեանին, հեղինակին ամուսնոյն՝ Վարուժան Պալեանին, Անահիտին մօր՝ Ազնիւ Թորոսեանին, եւ Շնորհակալագիր մը՝ Անահիտ Պալեանին, որ իր կարգին յատկանշական նուէր մը փոխանցեց դոկտ. Մարգարեանին:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ գիրքին հեղինակ Անահիտ Պալեան, ըսելով. «”Ապրումներ” այս հատորով, կու գամ մեր մայրենի անոյշ լեզուով յայտնելու զգացումներս եւ ըսելու, թէ մինչեւ այն ատեն, երբ կը խօսինք, կը կարդանք, կը գրենք հայերէն ու մեր առօրեային մէջ կ՚ապրեցնենք մեր հայրենիքը մեր մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ, մենք վեր կ՚ելլենք այն անդունդէն, որուն մէջ թաթախուած ենք այս պահին, եւ փիւնիկի նման յառնելով կը վերատիրանանք մեր բոլոր արդար իրաւունքներուն»:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հեղինակին շնորհակալական խօսքով եւ գիրքերուն մակագրութեամբ: Նշենք, որ սրահին յարդարումը զուտ հայկական ոճով կատարած էր Լենա Խաչերեան, գիրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարները տրամադրուած էին Հրայր Բազէի կողմէ, իսկ կողքի գեղանկարն ու գիրքին մէջ տեղ-տեղ զետեղուած գեղանկարները՝ հեղինակին քրոջ՝ Նանիի կողմէ, գիրքին էջադրումը կատարած է հեղինակին հարսը՝ Թամար Մաթիկ Պալեան, եւ անոր ստեղծած Ախթամար հրատարակչութեան անդրանիկ հրատարակութիւնն էր սոյն գիրքը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»