Մոնթրէալի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. օրուան տօնակատարութեան պատգամաբերն էր Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Իշխան Սաղաթելեան

Ամեակներն ու յոբելենական հանդիսութիւնները ոսկեայ պատեհութիւններ են յետադարձ ակնարկ մը կատարելու ապրուած ժամանակաշրջանի եւ կերտուած պատմութեան մը վրայ, հպարտանալու ձեռքբերումներով ու յաղթանակներով, վերլուծելու բացթողումներն ու ընկրկումները, եւ վերաիմաստաւորուած ներկայով մը սլանալու մեր դիմաց բացուող նոր հորիզոններ՝զինուած անցեալի հմտութեամբ եւ գաղափարական նոյն տեսլականով: Իսկ համակ դար մը եւ աւելի ի գործ դրուած տեսլականը երբ կ’ագուցուի հայրենիքի ծառայութեան անմահական ատրուշանի լուսապսակ պատուանդանին եւ կ’ընդելուզուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անուան հետ, յայնժամ աներկբայօրէն պարտ է ըսել՝ արժան եւ իրաւ:

Այս իմաստով, սրտի խոր բերկրանքով եւ հոգեկան անհուն խնդութեամբ, Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, Մոնթրէալահայութիւնը նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 129-Ամեակը, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ի հեճուկս քաղաքական վերիվայրումներու եւ յարափոփոխ «տէրերու եւ ծառաներու», Դաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ է՝ իր յանդուգն ու սկզբունքային երդուեալներով, գործակից միութիւններով ու համակիրներով, մեր վերանկախացած հայրենիքին թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, հասնելով մինչեւ Արցախ ու Ջաւախք:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Իշխան Սաղաթելեան, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեան եւ անդամներ, Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Զէյթլեան», «Միհրան Փափազեան» եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ, Հ.Յ.Դ.ի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող հայորդիներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին: Բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Ընկ. Յովհաննէս Կէտիկեան: Ան առաջին հերթին ողջունեց ներկաներն ու հանգամանալից կերպով անդրադարցաւ Հ.Յ.Դ.ի 129-ամեայ պատմութեան ու դերին:

Յանուն կոմիտէութեանց, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան անդամներէն Ընկհ. Մարիթա Պարտաքճեան: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղն ու դերը մեր համայնքներու կրթական, ազգային ու կազմակերպական կեանքին ու անոնց վերլքին մէջ, հաւատարիմ մնալով մեր ազգային ու հայրենական արժէքներուն ու աւանդներուն։ Ան նշեց, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն ի վեր ունեցած է «ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար» նշանաբանը, որ անդրանցած է խօսքի սահմանները, դառնալով վարք ու բարք, այլ բանիւ բնոյթ՝ նկարագիր

Այնուհետեւ, Համազգայինի «Նանոր» մանկապատանեկան երգչախումբը, խմբավարութեամբ Լուսին ժամկոչեանի, ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երգերով:

Յանուն Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ-ի, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ. Մովսէս Արզումանեան: Ան վեր առաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղն ու դերը մարդակերտման, հայակերտման եւ սերնդակերտման օրհնեալ գործին մէջ, նշելով, որ Դաշնակցութիւնը հայկական իրաւատիրութիւնը եւ անոր ի խնդիր պայքարի ուղիները դարձուց նորահաս սերունդներու կեանքին հիմնական մասնիկը եւ այդ ոգիով տոգորեց ողջ սերունդներ, դառնալով կենարար աղբիւր եւ կենսատու ջուր Հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ընկ. Արզումանեան իր խօսքը եզրափակեց, նշելով, որ այս որակումները չեն պայմանաւորուած պատմաբանի կամ բանասէրի մը շահախնդիր քմահաճոյքով, այլ ժողովուրդն է որ իրաւամբ շնորհած է՝ ըստ արժանւոյն:

Հանդիսութիւնը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագրով, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ ժագ Աւագեան, ասմունքելով Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն» բանաստեղծութիւնը, ապա, Գէորգ Գուճաքճեան երգեց «Արիւնոտ Դրօշ» յեղափոխական երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Իշխան Սաղաթելեան: Ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան 129-ամեայ պատմական հոլովոյթին ու վաստակին վրայ, նշելով, որ 129 տարի առաջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծնունդը արդիւնք էր մեր ժողովուրդի իղձերուն ու տենչերուն. Դաշնակցութիւնը ընդառաջ գնաց հայութեան ու Հայաստանի մարդկային ու տարրական իրաւունքներու պահանջին, վերականգնեց հայութեան մարտունակութիւնն ու արդարատենջութիւնը, դարձաւ վեհ ու վսեմ նպատակներուն դրօշակիրը եւ իր գործի ուղին ընդելուզեց մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն հետ։ Դաշնակցութիւնը զրահ դարձաւ անպաշտպանին ու կեղեքեալին, առաջնորդելով մեր լինելութեան ու գոյատեւման ճակատագրական պայքարները, կերտեց Սարդարապատ ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, իսկ աւելի ուշ, անոր առաքելութեան անդաստանները կազմեցին Ցեղասպանութենէն վերապրող սփիւռքեան մեր գաղութներուն վերականգնումն ու կազմակերպումը՝ Հայ Դատի հետապնդումը։

Իր պատգամի երկրորդ բաժինով, Ընկ. Սաղաթելեան անդրադարցաւ Հայաստանի նորօրեայ արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն, տիրող կացութեան եւ վերիվայրումներուն, եւ իր խօսքը եզրափակեց, շեշտելով.- «Հայրենիքի մէջ այսօր սկզբնաւորուած է Դաշնակցութեան նորօրեայ հանգրուանը։ Ժամանակն է, որպէսզի հայ ժողուվուրդը համախմբուի Դաշնակցութեան շուրջ։ Մեր երկրի ներքին կայունութիւնը, սահմաններու անառիկ պաշտպանութիւնը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը, հասարակական համերաշխութեան ապահովումը, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը, Դաշնակցութեան առաջնային օրակարգն է, եւ այս է անկախութեան եւ պետականութեան պահպանման զարգացման՝ հզօր եւ ազգային պետութիւն կառուցելու հրամայականը։ Մենք այլ ճանապարհ չունինք։ Մենք այս օրակարգը ձեւաւորած ենք միասնաբար եւ իրականութիւն պիտի դարձնենք միասին՝ համայն հայութեան ջանքերու շնորհիւ։ Բաւական է կեղծ յեղափոխական լոզունգներով օրակարգ լեցնել, մեզի անհրաժեշտ է իսկական յեղափոխութիւն, իսկ Դաշնակցութիւնն իր էութեամբ, իր կոչումով, իր ծրագրով, իր պատմութեամբ, իր դաւանած նուիրական ու վեհ արժէքներով հէնց ինքը յեղափոխութիւնն է, որ կայ»։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի «Պահպանիչ»ով եւ Դաշնակցութեան Քայլերգի՝ «Մշակ Բանուոր»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Իշխան Սաղաթելյանի ելոյթը՝ 41-րդ վայրկեանին։ Տելսանիւթը՝ TrikTrak ռատիոյի։

https://www.facebook.com/TrikTrak.ca/videos/674207449774726/

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.