Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք եւ Լաւալի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը «Course pour la justice» խորհրդանշական վազքարշաւով յիշատակեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները

Ապրիլ 25-ին, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքին եւ Լաւալի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ «Course pour la justice» խորհրդանշական վազքարշաւ մը, որուն նպատակն էր յարգել յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն:

Աւելի քան 120 մասնակիցներ՝ Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքէն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներ, եկած էին վազելու համերաշխութեան նշանաբանով։ Միասնաբար, 7 քլմ. վազքով, անցան այն ուղիէն, որ կը միացնէ երկու յուշարձանները. Մոնթրէալի Marcellin-Wilson Parc-էն, ուր կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, դէպի Parc de l’Espoir, ուր կը գտնուի Լաւալի յուշարձանը։

Խօսք առին նախ երկու մասնաճիւղներուն ատենապետները՝ Արպի Ղազարեան եւ Յակոբ Սէմէրճեան, ապա ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան եւ Քեպէգի խորհրդարանի Շոմէտի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ:

Անոնք բոլորը դրուատեցին արժանապատուութեամբ եւ համերաշխութեամբ գոյակցելու, ինչպէս նաեւ յոյսով ու միասնականութեամբ գործակցելու ոգին:

Վազքարշաւին նպատակը մրցակցութիւնը չէր, այլ կը խորհրդանշէր յիշողութեան կենդանութիւնը, անարդարութեանց դիմադրութիւնը եւ գոյատեւման ու մարդկայնութեան խորհուրդը: