Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
- (0)

Սիրելի հայրենակիցներ,
Գորոնաժահրի վարակումը կանխարգիլելու միտումով եւ նահանգիս մէջ ծայր առած պայքարը յաջողութեամբ պսակելու նպատակով, կը յայտարարենք թէ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնը կը շարունակէ փակ մնալ ցնոր տնօրինութիւն: Մեր գաղութի անդամներուն առողջութիւնն ու ապահովութիւնը նպատակ ունենալով, կը յանձնարարենք ձեզի հետեւիլ Քէպէքի նահանգային կառավարութեան թելադրանքներուն եւ յատկապէս կը շեշտենք՝ բոլորիդ մնալ ձեր բնակարաններէն ներս: Կը յայտնենք կրկին որ յետ այսու՝ մեր կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու ձեռնարկներն ու համախմբումները առկախուած են: Ինչպէս գիտէք, բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան ԴՌՆՓԱԿ: Բայց, հաւատացեալներ կրնան հետեւիլ արարողութեանց՝ ՈՒՂԻՂ ՍՓՌՈՒՄՈՎ (Facebook Live Streaming) կամ www.sourphagop.net-ի միջոցով: ։
Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ հովիւը՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ.Քհնյ.Գոյունեան ու եկեղեցւոյ քարտուղարը՝ Բրշ.Կարօ Սրկ. Նոխուտեան հասանելի են 24/7 հեռաձայնի հետեւեալ թիւերով՝
1. Հովիւ՝ (514)–909-5203
2. Քարտուղար՝ (514)-331-5445#202
Մեր Կեդրոնը հաստատած է նաեւ շտապ օգնութեան հեռաձայնային գիծ մը, որպէսզի օգտակար դառնայ միայնակ տարեցներու անհրաժեշտ կարիքներուն: Այս առթիւ կազմուած է կամաւորներու խմբակ մը, որ պիտի օժանդակէ իրեն դիմողներուն: Շտապ օգնութեան հեռաձայնի թիւն է (438)–738-9267, որու միջոցաւ կրնաք կապ հաստատել ամէն օր հետեւեալ ժամերուն՝ առաւօտեան ժամը 11:00-1:00 եւ երեկոյեան ժամը 6:00-8:00:
Եթէ որեւէ առողջապահական անհանգստութիւն զգաք գորոնաժահրի ախտանշաններուն նմանող, կրնաք բժշկական խորհրդատուութիւն ստանալ հեռաձայնելով 1(877)-644-4545 (toll free) եւ 514-644-5454 թիւերուն կամ կարդալ Գանատայի կառավարութեան տրամադրած ինքնաստուգման (self- assessment) հարցարանը, զոր տեղադրուած է Գանատական կառավարութեան կայքէջին վրայ (https://ca.thrive.health/covid19/en):
Յաւելեալ լուսաբանութիւն ձեռք ձգելու համար կարելի է նաեւ այցելել ստորեւ տեղադրուած կայքէջերը:
https://www.quebec.ca/sante/problemes-de-sante/a-z/coronavirus-2019
https://www.quebec.ca/en/health/health-issues/a-z/general-information-about-coronavirus/
https://santemontreal.qc.ca/population/coronavirus-covid-19/
Հաճեցէք վերոյիշեալ բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցել ձեր շրջապատի մարդոց, յատկապէս կարիքաւոր տարեցներու: Կը հաւատանք, որ աչալրջօրէն հետեւելով գորոնաժահրի դէմ սկսած պայքարի ցուցմունքներուն, այս անգամ եւս դուրս պիտի գանք այս վտանգաւոր կացութենէն:
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն
23 Մարտ 2020