Միջին Արեւելք, Կովկաս Եւ Միջին Ասիա՝ Թուրք Կայսերապաշտութեան Դիմաց
Յ. Պալեան
Վաղուան պատմութիւնը այսօր կը գրուի: Բայց ո՞վ եւ որո՞ւ հաշւոյն կը գրէ այդ պատմութիւնը:
Թուրքիոյ բազմաճակատ եւ ապակայունացնող նախաձեռնութիւնները ապահովաբար կը մտահոգեն իր հին եւ նոր զինակիցները՝ Արեւմուտքը, Ռուսիան եւ Արաբական Աշխարհը: Անոնք չեն հակազդեր տակաւին, կը խորհի՞ն, որ Էրտողանի փառասիրութիւնները դեռ կարմիր գիծը չեն անցած:
Այսպէս, Ֆրանսան դեռ մինչեւ ե՞րբ կրնայ մնալ սպասողական դիրքի մէջ, երբ Թուրքիան կը խուժէ իր արաբական աշխարհի դասական ազդեցութեան գօտիէն ներս (Սուրիա, Լիբանան): Ուաշինկթըն կը նկատէ՞, որ ապահով համարուած իր դաշնակից Թուրքիան դարձած է ինքնագլուխ, ունի կասկածելի ցանկութիւններ եւ անոնց հետեւանքով նոր բարեկամութիւններ կը մշակէ, եւ վաղ թէ ուշ ստիպուած պիտի ըլլայ իր գործակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու:
1952ին Թուրքիա անդամ դարձած էր Ատլանտեան ուխտին եւ Խորհրդային Միութեան սահմանին վրայ գտնուելով, զինակցութեան կարեւոր նպաստ կը համարուէր, միաժամանակ կ՛օգտուէր անոր պաշտպանութենէն եւ լիաբուռն օժանդակութիւններէն, կառուցուող ռազմական ենթակառոյցներու ստեղծման համար եղած յատկացումները կը նպաստէին երկրի զարգացման: Իր ռազմագիտական շահերուն հետամուտ, Ամերիկան փակագիծի մէջ կը դնէր իր մեծ, մարդկային եւ քաղաքական սկզբունքները, չէր զբաղեր Թուրքիոյ ներքին հարցերով, ուր սովորական էին մարդկային իրաւանց խախտումները, կրօնական եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքները, ճապկումներ կ՛ընէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, երբ երկրի Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ այդ հարցով տրամադրութիւնները դրական էին:
Ուաշինկթընի ռազմաքաղաքական շահերու տրամաբանութիւնը շարունակուեցաւ հակառակ Կիպրոսի դէմ Թուրքիոյ յարձակման եւ գրաւման: Քաղաքական շահը գերադասուեցաւ բարոյական ըմբռնումին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ պաղ պատերազմի իրաւ կամ կեղծ աւարտէն ետք, Թուրքիա յայտնուեցաւ օսմանեան–համաթրքականութեան ծաւալապաշտական երազանքով եւ ուզեց վերանուաճել Միջին Արեւելքի մէջ իր ունեցած անցեալի դիրքերը, կրկին կրօնական ազդակը օգտագործելով հետապնդեց տարածքային եւ ուժանիւթային նպատակներ, աչքը յառելով իրաքեան նաւթին, քանի որ Իրաքը կը համարէր իր կայսերական տարածքը:
Երկու տասնամեակէ ի վեր Թուրքիա իր Արեւմուտքի մաս կազմելու եւ անոր պաշտպանութեան յառաջամարտիկը ըլլալու շապիկը հանած է, եւ հագած՝ արաբ-իսլամական պաշտպանի շապիկը, օգտուելու կամար արաբական աշխարհի բազմաձեւ պառակտումներէն, զորս Ամերիկա այլեւս անկարող դարձած է հակակշռելու: Անցեալի Թուրքիա-Ամերիկա գործակցութիւնը դադրած է, տեղի տալով Էրտողանի Թուրքիոյ կայսերական նկրտումներուն դիմաց:
Առայժմ երկու կողմերն ալ ձեւերը կը պահեն: Այցելութիւնները կը շարունակուին: Անցեալի գործակցութիւնը կրնա՞յ տեւել, երբ երկու երկիրները հասարակաց ոչինչ ունին այլեւս: Պաղ պատերազմը վերջացած ըլլալով, Թուրքիա առանց խզուելու Ամերիկայէն, մօտեցաւ Ռուսիոյ: Իր անթաքոյց քաղաքականութիւնը անոր ամբողջականութեան կը սպառնայ, իր հետապնդած թուրանական-թրքալեզու ժողովուրդները իր մականին տակ միացնելու միտող ծաւալապաշտական քաղաքականութեամբ, որ անցեալի Արեւմուտքի հետ ապահովական համագործակցութենէն տարբեր հեռանկար է:
Պահ մը Արեւմուտքը կարծեց, որ Թուրքիան ծաւալող իսլամական արմատականութեան դէմ կրնար վահան ըլլալ, բայց դէպքերը ցոյց տուին, որ իր շահերէն մեկնող պատեհապաշտութեամբ, ան նոյն այդ արմատականութեան ուղղակի-անուղղակի նեցուկ եղաւ (յիշել անոնց կողմէ գրաւուած շրջաններու նաւթի իր միջոցով վաճառքը), այժմ այդ շարժումը կը ներառնէ իսլամութեան առաջնորդը ըլլալու իր ռազմավարութեան մէջ:
Եթէ արդէն չէ հեռացած անգամ Ատլանտեան ուխտէն, անոր շահերուն դէմ քաղաքականութիւն կը վարէ Թուրքիան, դարպասելով Ռուսիան, որ կ՛ընդունի խաղը՝ տկարացնելու համար իրեն հակադրուող Ատլանտեան ուխտը: Իսկ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ձախակողմեաններու հակաամերիկեան կեցուածքը տարածում կը գտնէ նաեւ բանակին մէջ: Թուրքիա չէ մոռցած, որ Ուաշինկթըն Կիպրոսի հարցով իր դէմ բացասական վերաբերում ունեցած էր, դադրեցուցած էր զէնք-զինամթերքի առաքումը:
Կացութիւնը աւելի վատթարացած է սուրիական պատերազմի ընթացքին, երp 1991ին Ամերիկա, Ֆրանսա եւ Անգլիա Իրաքի հիւսիսը հաստատած էին օդանաւերու թռիչքի արգելք, պաշտպանելու համար քիւրտերը: Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք Թուրքիա ինքզինք պարտաւորութիւններէ ձերբազատուած զգալով, շեշտեց շրջանային ուժ դառնալու եւ առաջնորդելու յաւակնութիւնը: Պատմութիւնը փաստեց, որ Թուրքիա Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի քաղաքական նեցուկը չէր: 2003ին Թուրքիա, իրաքեան պատերազմի ընթացքին, թոյլ չտուաւ ամերիկեան բանակի անցքը իր հողամասէն:
Հիմա, Թուրքիա ճապկումները կը շարունակէ իսլամականութեան եւ չափաւոր իսլամութեան միջեւ: Կը խաբուին անոնք որոնք կ՛ուզեն խաբուիլ: Թուրքիա կը ձգտի համաթուրանականութեան իր երազի իրականացման, իսլամութիւնը կը համարէ միջոց: Իսկ Ամերիկա կը շարունակէ իր ցանկացած թուրք-իսլամ չափաւորականութիւնը կարելի համարել, խորհելով որ այդ կրնայ ընել Էրտողանի կուսակցութիւնը, ինչ որ սխալ նախատեսութիւն մը եղաւ:
Էրտողանի իշխանութեան հասնելէն ի վեր, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը դադրած է տեղական եւ շրջանային ըլլալէ, անթաքոյց կերպով դարձած է կայսերական: Բազմաթիւ կապեր հաստատած է դրացի արաբական երկիրներուն հետ, ներկայ է պաղեստինեան տագնապին մէջ, համաձայնութիւններ եւ գործակցութիւններ կնքած է, նուազեցնելով ամերիկեան ազդեցութիւնը:
Թրքական փառասիրութիւններու դիտողը դեռ ոչ մէկ նախատեսութիւն կրնայ ընել անոնց սահմանափակման եւ դադարեցման մասին: Իսկ անոնց այսօրուան եւ վաղուան թիրախները, առաջին հերթին արաբական աշխարհը, Ռուսիոյ ամբողջականութիւնը եւ Արեւելեան Միջերկրականի շուրջ գտնուող օսմանեան նախկին տիրապետուած շրջաններն են, որոնք վտանգին դիմաց անկերպարան (amporhe) քաղաքականութիւն ունին, սպասողական: Անոնցմէ ոչ մէկը ապագային պիտի կարենայ ըսել, որ տեղեակ չէր, չէր գիտեր:
Թուրքիա կը ձգտի ոչ միայն շրջանային, այլ՝ համաթրքական միջազգային առաջնորդութիւն (leadership) հաստատել, երեք ցամաքամասերու վրայ, իր վերահսկողութեան տակ առնելով Հիւսիսային Ափրիկէն, Արեւելեան Միջերկրականը եւ Միջին Արեւելքը, ըստ իր յայտարարութեան, ժողովրդավարութիւն, խաղաղութիւն, կայունութիւն, արդարութիւն, համագործակցութիւն հաստատելու համար, Հռոմի օրինակով՝ Pax Turcana:
Այս մթնոլորտին մէջ է, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի կողքին, ձեռնարկեց պատերազմի, իր ծաւալապաշտութեան առջեւ դէպի Միջին Ասիա ճամբայ հարթելու եւ թրքալեզու ժողովուրդները միացնելու, լռեցնելու համար նաեւ անհանգստացնող հայերը, որ անոնք դադրին Թուրքիայէն հողային պահանջներ ունենալէ, հատուցում պահանջելէ եւ իր կողմէ գործուած Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ:
Զարմանալի է, որ Ռուսիան չանդրադառնա՛ր, կամ գիտնալով հանդերձ չի հակազդեր իրեն սպառնացող վտանգին, Եւրոպան շպարային հակազդեցութիւններ կ՛ունենայ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն դէմ, իսկ Ուաշինկթըն կարծէք երկչոտութեամբ կը հանդուրժէ, որ իր միջազգային քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական ռազմավարութիւնը ապակայունացուի Թուրքիոյ եւ վտանգներով յղի նախաձեռնութիւններով:
Ռուսիան, Ամերիկան, Եւրոպան եւ աշխարհի խաղաղութեան եւ իրաւունքի հետամուտ մեծ եւ պզտիկ երկիրները, մինչեւ ե՞րբ կրնան հանդիսատես մնալ ուռճացող վտանգին եւ անարդարութիւններուն դիմաց:
Փանթուրքական ուժերու դէմ պարտուած Հայաստան եւ հայութիւն, մէկ ամիս ետք, պիտի ոգեկոչեն 1915ի հողի տիրացման համար գործուած Ցեղասպանութիւնը: Հայերը կրկին պիտի սպասեն, որ Ամերիկայի նոր նախագահը, Ծերակոյտէն եւ Ներկայացուցիչներ տան որոշումներէն ետք, ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին:
Կրնա՞յ պատահիլ, որ այս տարի Հայաստանի մէջ նուազուրդի ենթարկուի Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Աշխարհը կրկին պիտի բաւարարուի թուղթի կապարճէ հանուած խօսքերով:
Պարտութեան հետեւանք ընկճուածութեան եւ ընտրապայքարի մթնոլորտին մէջ հայրենի ժողովուրդը պիտի ցուցաբերէ՞ պահանջատիրական հաւաքական անկոտրում կամք:
Այս՝ ոչ միայն այսօրուան համար, այլ գալիք սերունդներու արժանապատուութեան եւ իրաւունքին: