Միութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Կազմակերպութեան Թուրք եւ Քիւրտ Անդամներու Հետ Հանդիպում Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնէն Ներս
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը 20 Ապրիլին, ժամը 18։30-ին, կը կազմակերպէ հանդիպում Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրդ քաղաքին մէջ 20 տարիէն աւել գործունէութիւն ծաւալող Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութեան թուրք եւ քիւրտ անդամներու հետ։
Նշենք, որ այս կազմակերպութիւնը իր հիմնադիր նախագահի՝ Ալի Էրթեմի մահէն ետք եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Միութեան գերագոյն նպատակն է պայքարիլ Օսմանեան պետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ կատարուած ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման համար։
1998 թ․ սկսեալ, գրեթէ ամէն տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրը` Ապրիլ 24-ին, Հայաստան այցելող Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութեան (Soykırım Karşıtları Derneği / Verein der Völkermordgegner) թուրք եւ քիւրտ անդամները այս տարի Երեւան պիտի ժամանեն 6 հոգինոց պատուիրակութեամբ եւ առաջին պաշտօնական հանդիպումը պիտի ունենան Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնէն ներս։
Յիշեցնենք, որ սոյն կազմակերպութիւնը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Ֆրանքֆուրդի, Գերմանիոյ այլ քաղաքներու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Այսպէս, միութիւնը երբեմն հանդէս կու գայ տարբեր ձեռնարկներով, ինչպէս՝ դասախօսութիւն-սեմինարներ, կլոր սեղան-քննարկումներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ նուիրուած են Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման։ Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութիւնը ժամանակ առ ժամանակ ցոյցեր կ՝իրականացնէ Ֆրանքֆուրդի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին կամ Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ այլ ներկայացուցչութիւններու մօտ՝ յիշեցնելով այդ երկրին իր գործած մեծ ոճիրներուն մասին։
Նման մեծ ցոյց կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին, 2015 թ․ Ապրիլին Ֆրանքֆուրդի մօջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ։ Մասնաւորապէս, կազմակերպութեան անդամները, Ապրիլ 24-ին նահատակուած հայ մտաւորականներու լուսանկարները բռնած, բողոքի ցոյց իրականացուցին Ֆրանքֆուրդի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց (Այդ մասին մանրամասն տես՝ https://akunq.net/am/?p=44334)։
Միութեան հիմնադիր նախագահը՝ Ալի Էրթեմը, վերջին անգամ Հայաստան այցելած էր 2019 թ․ գարնան։ Կարծես թէ իր մօտալուտ վախճանին մասին կանխազգացում ունենալով՝ ան եւ միութեան միւս անդամները այդ անգամ Երեւան բերած էին նաեւ իրենց զաւակները՝ ցանկանալով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկայնութեան դէմ գործուած միւս յանցագործութիւններու դէմ պայքարի ջահը փոխանցել գալիք սերունդին։
2021 թ․ անժամանակ վախճանած Ալի Էրթեմի մահէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ առաջին այցը՝ միութեան անդամներուն կողմէ։ Նախատեսուող այցին վերաբերեալ կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի․ «Համավարակին պատճառով վերջին 3 տարին չէինք կրցած մասնակցիլ Երեւանի մէջ կազմակերպուող յիշատակի ձեռնարկներուն։ Մեր աւանդոյթներուն համաձայն՝ այս տարի եւս 2023 թ․ Ապրիլ 24-ին ծաղկեպսակ պիտի զետեղենք Երեւանի մէջ գտնուող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին՝ 1915 թ․ Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու համար։ Միաժամանակ, սոյն այցին ընթացքին, մեզի համար կարեւոր պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին մեր համերաշխութիւնը արտայայտելու առումով։ Կը դատապարտենք ազրպէյճան պետութեան եւ անոր դաշնակից թուրքիոյ՝ արցախահայութեան ու Հայաստանի հանդէպ յարձակողական պահուածքը եւ կը պահանջենք, որ անոնք անմիջապէս իրենց ձեռքերը քաշեն այդ տարածքներէն։ Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան»։
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպուող հանդիպման մուտքը ազատ է․ կը հրաւիրենք բոլոր ցանկացողները։
Ամսաթիւ՝ 2023 թուականի Ապրիլ 20,
Ժամը՝ 18։30։
Հասցէ՝ Կիւլպէնկեան 38 (ՀՅԴ Արամ Մանուկեանի անուան երիտասարդական կեդրոն, 5-րդ յարկ)
Comments are closed.