Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Ներկայացուած Է Ազրպէյճանը Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութենէն Զրկող Եւ Պատժամիջոցներ Նախատեսող Բանաձեւ Մը
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Մարքօ Ռուպիօ 27 սեպտեմբերին հանդէս եկած են երկկուսակցական օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, որ կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Ազրպէյճանին ամերիկեան անվտանգային աջակցութիւնը, ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները, պատժամիջոցներ հաստատելու պատերազմական յանցագործութիւններու համար: Բանաձեւով համերաշխութիւն կը յայտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղուի մեծցնելու Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը:
Ներկայացուած բանաձեւի նախագիծին առիթով Ռոպըրթ Մենենտես նկատած է. «Ազրպէյճանի վերսկսած յարձակումը, հայկական տարածքներու եւ քաղաքայիններու կոպիտ թիրախաւորումը, մարդկային կեանքի նկատմամբ արհամարհանքի սարսափելի ցուցադրութիւն է: Որովհետեւ շրջանի համայնքները, ներառեալ Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Վարդենիսը եւ Ճակատենը կը տառապին Ալիեւի վարչակարգէն, Միացեալ Նահանգներ պէտք է աջակցութեան խօսքերը որոշակիացնեն Հայաստանի ժողովուրդին համար կատարուող գործողութիւններով: Այս բանաձեւով մենք կը հասկցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համար ազգային անվտանգութեան հրամայական է ընել ճիշդը եւ միանգամընդմիշտ դադրեցնել Ազրպէյճանին անվտանգութեան ապահովման աջակցութիւնը»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր կարգին նկատած է. «Մենք կ՛ողջունենք նախագահ Մենենտեսի եւ ծերակուտական Ռուպիոյի վճռական ջանքերը` կիրարկելու «907-րդ բանաձեւը», որ կը դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութիւնը Ազրպէյճանին` ի պատասխան Ազրպէյճանի կողմէ գերիշխան Հայաստանի եւ Արցախի տարածքներու շարունակական բռնագրաւման: Ամերիկեան «արհեստական հաւասարութեան» քաղաքականութիւնը միայն քաջալերած է նախագահ Ալիեւը` ընդլայնելու Հայաստանի եւ Արցախի վրայ իր յարձակումները: Շատոնց ժամանակն է դադրեցնելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը եւ պատժելու Ալիեւը եւ անոր փտած կառավարութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ Մարքօ Ռուպիոյի ներկայացուցած բանաձեւով, փաստօրէն, Ազրպէյճանը ամերիկեան անվտանգային օժանդակութենէն զրկելու, պատժամիջոցներու կիրարկման, ինչպէս նաեւ հայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն կարեւոր այլ հարցեր կը մտնեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի օրակարգ: Նախապէս իրենց բանաձեւերու նախագիծերով այդ հարցերը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ մտցուցած էին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆն ու Ճեքի Սփիըրը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը բազմաբնոյթ աշխատանքներ կը կատարէ` ապահովելու համար ներկայացուած երեք նախագիծերու որդեգրումը:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ