Մի՛շտ Կողք Կողքի
Առաջին անգամը չէր, որ հայ ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ կը յայտնուէր… Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը լի է արհաւիրքներով, ճգնաժամերով եւ փոթորկալից ժամանակաշրջաններով: Սուրիական պատերազմը, սակայն, վատթարագոյններէն մէկն էր Սփիւռքի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ ան հարուածեց մեր մայր գաղութը: Դաժան էր պատերազմը, որ դժբախտաբար տակաւին չէ աւարտած, կարգ մը շրջաններու մէջ կը շարունակուին անողոք բախումները. Արդեօ՞ք տակաւին թիրախ կը դառնան հայկական մեր հաստատութիւններն ու զինուորագրեալ մեր հայ տղաքը…: Այս ընթացքին ցաւալի դէպքեր յաջորդեցին իրարու, որոնք հարուածեցին բոլորս, ոմանք ուղղակի կորուստներ ունեցան, իսկ ոմանք արտագաղթելով, հոգեպէս տագնապեցան: Արիւնալի սեւ օրերուն հնչեցին անտեղի այպանումներ, «դուրս»ի եւ «ներս»ի միջեւ փոխադարձաբար, որոնք, սակայն, կարծիքովս, ոչ թէ տրամադրութիւնները սրելու նպատակաւ էին, այլ երբեմն ինքնարդարացումի կամ նոյնիսկ սրտցաւութեան ճիչեր էին: Սուրիա մնացողները եթէ ապրեցան անտանելի պայմաններու մէջ, Սուրիայէն հեռացողներն ալ ապրեցան ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ… իւրաքանչիւրը ունէր իր դրդապատճառները կամ նոյնիսկ հաշիւները՝ մնալու կամ հեռանալու… Այս թոհուբոհին մէջ մէկ բան շատ յստակ է ու անհերքելի, Սուրիայէն ներս թէ դուրս, բոլորս տուժեցինք, տուժեցինք հոգեպէս, բարոյապէս, նիւթապէս կամ մարդկային կորուստով:
Հիմա ժամանակն է այլեւս այս բոլորը մեր ետին ձգելու, մանաւանդ` այպանումները, հիմա ժամանակն է վերականգնելու, վերակազմաւորուելու ու վերածնելու: «Գանձասար»ը այս առումով գնահատելի նախաձեռնութիւն մը կազմակերպած է «Կամուրջներ հաստատենք» թեմայով: Հետեւաբար այս առթիւ առաջին խորհրդածութիւնը այն է, թէ արդեօ՞ք կամուրջներ հաստատելու կարիքը կայ, ինչու ե՞րբ խզուած էին կապերը, ե՞րբ արտագաղթողները դադրած էին իրենց մայր գաղութով եւ ծննդավայրով հետաքրքրուելէ…
Հեռացանք Հալէպէն, այո՛, բայց մեր հոգիներու խնդութիւնը հոն մնաց… այս մէկը սոսկ զգացական արտայայտութիւն չէ, խնդրե՛մ, այլ իրականութի՛ւն… մեր հոգիներէն մասնիկ մը մնաց հոն, մեր յիշատակներուն, տուներուն եւ նոյնիսկ փոշոտ թաղերուն արանքներուն մէջ… մեր կառոյցներուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու ակումբներուն մէջ… որքան ալ ուրախալի պահեր շնորհուին մեզի դուրսի կեանքին մէջ` զգացինք, ու տակաւի՛ն կը զգանք, որ ամբողջական չէ մեր ուրախութիւնը: Հալէպը մեր սրտերուն մէջ գրկած` հասանք օտար ափեր, իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր իւրայատկութիւնը, բացասական եւ դրական երեւոյթները, տեղ-տեղ անախորժելի դէպքեր արձանագրուեցան, սակայն ընդհանուր կեցուածքը մէկ էր` օգնել մեր սուրիահայ եղբայրներուն, տեղ մը աւելի, տեղ մը նուազ պատրաստակամութեամբ կամ կարելիութիւններով… Բայց բոլոր պարագաներուն ալ դժուարութիւնները անհաշիւ էին, լեզուի, օրէնքներու, ապրելակերպի ու միջավայրի առումով:
Պէտք է խոստովանիլ որ հակառակ այս բոլորին մեր գաղթական ժողովուրդը չյուսահատեցաւ ու չընկրկեցաւ, շարունակեց ապրիլ, գոյատեւել, ձեւով մը իր գոյութիւնը պահպանել եւ ինչու չէ պարտադրել, ունեցանք յաջողութիւններ արձանագրողներ բոլոր մակարդակներու վրայ: Անոնք փորձեցին ընտելանալ, նոր լեզու սորվիլ, նոր ասպարէզներու մէջ մխուիլ եւ այլն: Պատերազմը երբեմն պատճառ դարձաւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու, նոր հորիզոններ նուաճելու, ինքնազարգացման նոր միջոցներ որոնելու:
Իսկ Հալէպը ինչո՞ւ իւրայատուկ է… դժուար է երբեմն նման զգացումներ բառերով արտայայտել կամ բնորոշել, կան երեւելի ազդակներ, սակայն կան նաեւ աներեւոյթ, ներքին ու հոգեկան աշխարհին հետ կապուած գործօններ… Հալէպին ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ էր ու է՛ տարիներէ ի վեր… Հալէպէն հեռանալով նախ ականատես եղանք, որ մեզմէ առաջ այս օտար երկիրներուն մէջ հաստատուող հալէպահայերէն շա՜տ շատերը այս գաղութներու հայկական հաստատութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը կը կազմեն, այս մէկը արդէն անհերքելի ապացոյց է, որ Հալէպը հինէն ի վեր հայ մարդուժի կերտման կարեւոր կռուաններէն մէկը եղած է: Ոմանք զայն կը կոչեն պահպանողական գաղութ, այո՛, պահպանողական էր, բայց այդ պահպանողականութեամբ կրցաւ պահպանել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր հայկական ոգին` որուն կը կարօտին ուրիշ շա՜տ մը գաղութներ: Սուրիահայութիւնը ցիրուցան եղաւ, բայց նաեւ նոր ոգի եւ շունչ բերաւ կարգ մը գաղութներու, վերակենդանացուց գաղութային կեանքը եւ ոգի ի բռին ողողեց բոլոր հայկական հաստատութիւնները, սկսաւ անսակարկ ծառայել մեր կառոյցներուն մէջ, այս առումով պէտք է խոստովանինք նաեւ, որ այս գաղութներն ալ սրտբաց ընդունեցին մեզ եւ փորձեցին ամէն կերպ օժանդակել:
Հալէպահայը ուր որ ալ ըլլայ կը մնայ սակայն հոգեպէս կառչած Հալէպին, անտեղի չէր, որ զայն կը կոչէինք երկրորդ հայրենիք, Հալէպէն հեռանալով իրողապէս զգացինք այդ անուանումին իմաստը, որ արդարացի էր: Մեր լաւ ու նոյնիսկ վատ յիշատակները, կեանքը, դաստիարակութիւնը, հոգեկան պատկանելիութիւնը, շրջանակը, հարազատները, երբեմն ապրելակերպի մանր-մունր մանրամասնութիւնները, այս բոլորէն անդին նաեւ մեր գաղութին իւրայատկութիւնները, ընկերային եւ ազգային կեանքը, նոյնիսկ մտածելակերպը, գործելակերպը մեր հայեացքները յառած կը պահեն ու պիտի պահեն անոր… տակաւին եւ մի՛շտ պիտի յուզուինք անոր տագնապներով, պիտի ուրախանանք նուաճումներով, պիտի հրճուինք վերականգնումով, պիտի ցաւակիցները ըլլանք մեր նահատակներուն ծնողներուն ու ընտանիքներուն, պիտի նպաստենք անոր վերականգնումին, պիտի աջակցինք հոն գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն. չեմ կարծեր, որ երբեք դադրեցանք այս մէկը ընելէ… մեր ժողովուրդը, հա՛յ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ըլլայ, անվարան կը փութայ իր ժողովուրդի զաւակներուն աջակցելու ամէ՛ն տեղ, հայրենիքի՛ մէջ, եթէ պէտք ըլլայ, Արցախի՛ մէջ, նոյնպէս եւ Իրաքի կամ Սուրիոյ մէջ: Մենք որպէս ժողովուրդ փաստած ենք այս մէկը մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին, ու պիտի շարունակենք այդպէս մնալ:
Ներսն ու դուրսը իրարմով կ՛ապրին, առ այսօր կը շարունակուին փոխադարձ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ: Յստակ է, որ մեր ժողովուրդը բոլոր ժամանակներէն աւելի իրարու պէտք ունի հիմա, ներս թէ դուրս. այս մէկը երկու մակարդակներով տեղի կ՛ունենայ, առաջինը` հարազատներու իրար աջակցութեամբ, իսկ երկրորդը` մեր կազմակերպութիւններուն միջոցաւ: Վերականգնումի զանգը հնչած է արդէն, ծրագիրները կը մշակուին, եւ ես վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը ամէնուր պիտի անսայ սուրիահայութեան վերականգնումի կոչին եւ պիտի աջակցի անոր, փոխադարձաբար արտագաղթողները նոյնպէս կարիքը ունին Սուրիա մնացած մեր ժողովուրդին հետ իրենց կապերը պահպանելու, որովհետեւ այդ մէկը շունչ ու ոգի կը ներշնչեն մեզի, հոգեկան ոյժ եւ կորով կը պարգեւեն` գոյատեւելու այս օտար ափերուն մէջ եւ բոլոր նոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու:
Հուսկ, «ներս»ի եւ «դուրս»ի անուանումները քիչ մը խորթ կը թուին ինծի անձնապէս, որովհետեւ երբեք մենք զմեզ «դրսեցի» չզգացինք, պիտի չզգանք, մենք հոգեպէս, մտովին եւ ամբողջ սրտով կառչած ենք Հալէպին ու պիտի մնանք այդպէս, պիտի ապրի՛նք իրարմով, պիտի գոյատեւե՛նք իրարմով, պիտի զօրանանք ու պիտի վերականգնինք, վերապրի՛նք ու վերածնի՛նք իրարմով: Կամուրջները երբե՛ք չքանդուեցան ու պիտի չքանդուին, երբեք չխզուեցան կապերը ու պիտի չխզուին: Պիտի ուրախանա՛նք մէկզմէկու իրագործումներով, պիտի տխրինք տագնապներով, պիտի հպարտանանք իրարմով, որովհետեւ մենք, նախ եւ առաջ, մէ՛կ ազգի զաւակներ ենք, մէ՛կ ժողովուրդ ենք, թէեւ ցիրուցան, թէեւ աշխարհի ամբողջ տարածքին սփռուած, սակայն մի՛շտ ձեռք ձեռքի ու բազուկ բազկի, մի՛շտ կողք կողքի:
Սոնա Թիթիզեան