Մեր միակ առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդն է և մեր հայրենիքը
Մեր առաջնահերթութիւնը դուք չէք։ Մեր միակ առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդն է և մեր հայրենիքը։
Դիմատետրը կը վխտայ ամէն կարգի ապակողմնորոշիչ գրառումներով մէկ կողմէ իշխանութեան քարոզչական մեքենան շարժման մէջ պահելու և միւս կողմէ՝ Դաշնակցութեան թափը կասեցնելու յստակ դիտաւորութեամբ։ Կը թուի, թէ ռազմաբեմը այլևս սահմանագիծը չէ։ Ռազմաբեմը փոխադրուած է ներքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս։ Նախայարձակումը (aggression, ագրեսիա) տեղի կ՚ունենայ Երևանի մէջ իսկ։ Եւ թիրախը մեր ազգային քաղաքականութիւնն է։ Մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը։ Մեր ազգային հարազատ ընդդիմութի՛ւնը մեր ժողովուրդը կեղեքող ուժերուն դէմ։ Թիրախը այն իսկ քաղաքական ուժն է, որ կը մերժէ ընդունիլ մեր երկրին պարտադրուած status quo-ն։ Որ կը մերժէ ենթարկուիլ իշխող հաստատութեան (establishment), որ նոյնինքն մենաշնորհային համակարգի նոր գործիքն է։
Ժողովրդային Շարժման բովին մէջ իշխանափոխութեան հասած մեքենան, որ կը շարունակէ ինքզինք ծանուցել որպէս յեղափոխութիւն, ամէն օր աւելի կը բացայայտէ իր իսկական դիմագիծը։ Ես ըսած եմ օրին։ Այս իշխանութիւնը յեղափոխութիւնը չէ։ Ըսած եմ, որ յեղափոխութիւնը դեռ մեր առջևն է։ Ան կրնայ գալ, եթէ այս իշխանութիւնը ուզէ զայն բերել։ Այսօր արդէն յստակ է, որ այդ մէկը չի կրնար իրագործուիլ այս իշխանութեան մարդոյժով և մտքերով։
Յեղափոխութիւնը կը պահանջէ համակարգային յստակ յեղաշրջում։ Կը պահանջէ մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդում և ազգային եկամուտի առողջ վերաբաշխում։ Պայման է, որ երկիրը կեղեքող շահատէրերը բերուին մրցակցային դաշտ։ Այս մէկը կարելի է առանց հսկայ ցնցումներու։ Պայման է, որ երկրի աշխատուժը դուրս գայ իր ստրկային կարգավիճակէն։ Մենաշնորհային դաշտին հետ քաղաքական համակեցութեան մէջ եղող իշխանութիւնը չի կրնար յեղափոխող հանդիսանալ։ Այդ առաքելութիւնը կը պատկանի արտախորհրդարանական ընդդիմութեան և զայն գլխաւորելու կոչուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Մի՛ փորձէք աղաւաղել եզրերը։ Եւ մանաւանդ մի փորձէք աղաւաղել փաստերը։ Ձեր քարոզչական մեքենան ձեր գործին մեծագոյն պատուհասն է։ Նախորդ իշխանութեան դէմ օրը-օրին պայքարող միակ իրական ուժը Դաշնակցութիւնն էր։ Ի զուր կը փորձէք աղաւաղել այս փաստը։ Մենք այդ կռիւը մղեցինք ներսէն և կարևոր նուաճումներու հասանք։ Բայց չյաջողեցանք մենաշնորհային համակարգը հակակշռի տակ բերել։ Եւ կը խոստովանինք, որ մեր գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ։
Մենք միշտ պատրաստ ենք երկխօսութեան և համագործակցութեան, եթէ մեր խօսակիցները պատրաստ են անկեղծօրէն միանալու մեզի համակարգային փոփոխութիւններու ճակատին վրայ, որ մեր յեղափոխական առաջադրութիւնն է։ Մեր առաջնահերթութիւնը դուք չէք։ Մեր միակ առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդն է և մեր հայրենիքը։ Եւ անոնք — ինչպէս յեղափոխութի՛ւնը — լոզունգներ չեն մեզի համար։ Մեր գործը մեր առջևն է և ան կանգ պիտի չառնէ։
Կարօ Արմենեան