«Մեր Ձեւով» շարժումին հիման վրայ գրանցուած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը

Յայտնի գործարար, տնային կալանքի տակ գտնուող Սամուէլ Կարապետեանի կողմնակիցները գրանցած են նոր կուսակցութիւն մը՝ «Ուժեղ Հայաստան» անունով։ Քաղաքական նոր ուժը հիմնուած է «Մեր Ձեւով» շարժումին հիման վրայ։

Շարժումի մամլոյ քարտուղար Մարիաննա Ղահրամանեան յայտնած է, որ կուսակցութեան ստեղծման կազմակերպչական աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլին մէջ։ Անոր համաձայն՝ մօտ ապագային քաղաքական ուժը պիտի ներկայացնէ յստակ օրակարգ մը եւ երկրի զարգացման իր տեսլականը։

Յունուարի 20-ին նախատեսուած է «Մեր Ձեւով» շարժումի համակարգող Նարեկ Կարապետեանի մամլոյ ասուլիսը։