Մեր Խօսքը Թող Ըլլայ Հաստատ Ու Վճռակամ` Առանց Պատասխան Ակնկալելու

ՍԻԼՎԻ

Հերթական առցանց դասապահը սկսաւ բոլորին համար սովորական, իսկ ինծի համար այդ օր… շատ ցաւոտ: Դիմացս համակարգիչս էր, իսկ ափիս մէջ հեռախօսս, որպէսզի հետեւիմ լուրերուն: Այդ օրուան համար ճշդուած գրաւորս յետաձգելու համար պաշտօնական դիմումս ընդունած էր դասախօսը` խնդրելով պատճառս:

Հակիրճ բացատրեցի մեր պատերազմին մասին, պահի լրջութեան մասին եւ դեռ միայն օր մը առաջ կորսնցուցած ընկերոջս մասին… Եւ չուշացաւ պատասխանը:

– Սորի թու հիր տաթ… 

Պահ մը զգացի, որ կրնամ հազար անգամ թքած ունենալ նման պատասխանի մը…

Բայց ինչո՞ւ պիտի սպասէի պատասխանի: Տարիներ շարունակ ազգովին պատասխան սպասած ենք եւ ի՜նչ ստացած…: Վերջ. տալու ենք մե՛ր խօսքը հաստատ ու վճռակամ` առանց պատասխան ակնկալելու:

Քիչ անց ինքզինքս գտայ դուրսը… Անցորդներ` անհոգ քրքիջներով, ոմանք մտազբաղ, ուրիշներ ուրախ, շատեր յոգնած, իսկ փոքրերը անկաշկանդ վազքով ու խաղով տարուած…

Այս ծանր օրերուն կը մտածես, թէ որքա՜ն անիմաստ կեանք մը ապրող հասարակութեամբ շրջապատուած ես եւ պահ մը կը զգաս, որ սխալ տեղ եկած ես…

Քանի քայլերս կը յառաջանային, այնքան հոգիիս տակնուվրայութիւնը կը սաստկանար… Ցաւը սեղմած էր կոկորդս եւ պիտի դուրս գար կարծես…

Հէ՜յ, մարդի՛կ, անցորդնե՛ր, դո՛ւք ձեզ զարգացած կոչած հասարակութիւններ, դուք ձեզ այլ ազգերու ճակատագիրին միջամտելու իրաւասու դարձուցած մարդիկ, այո՛, դո՛ւք, երբեւէ դուք ազգային մտահոգութիւն ունեցա՞ծ էք: Հողի ու սահմանի պաշտպանութեան հարց ունեցա՞ծ էք, լեզուի պահպանութեան, պատմութեան պահպանութեան, ազգային դիմագիծի պահպանութեան խնդիր ունեցա՞ծ էք: Ձեր տարածքները ձեր ամէնէն ընտիր զաւակներուն արեամբ սրբելու ցաւը ապրա՞ծ էք: Ձեր ընկերը, եղբայրը, տղան, հայրը սահման ղրկա՞ծ էք թուրքին դիմաց…

Այո՛, դո՛ւք… Դուք Եռաբլուր ունեցա՞ծ էք Արարատին նայող…

Դուք սորվա՞ծ էք կռունկներուն անվերջ հարցնել Անիին մասին, Կարսին,

Արտահանին, Մուշին ու Սասունին…

Դուք անհաւասար ուժերով պատերազմ յաղթելէն բացի ընտրանք չունենալ գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ:

Դո՛ւք, սիրելի՛ներս, առաւելագոյնը սորի կրնաք ըսել… Ինչո՞ւ, որովհետեւ այս բոլորին իմաստը հասկնալէ ու գնահատելէ զուրկ էք: Ձեր բառարաններուն մէջ գոյութիւն չունին այս բոլորը, որ հասկնաք:

Եւ ահա ճիշդ այդ ձեր սորին դարձուցած է մեզ այսօր կատաղի, երանի պահուան մը համար  գազան դառնանք ու այդ բառը այնպէս յօշոտենք, որ անգամ մըն ալ չըսէք ու չգամէք հայու ճակատին:

Հոգեբանները կ՛ըսեն չհամեմատենք, չբաղդատենք, բայց ինչպէ՞ս կրնաս մարդ ըլլալ ու չհամեմատել…

Ինչո՛ւ մենք, ինչո՛ւ…

Ինչո՛ւ մեր մանուկները Արցախի կապոյտ երկինքին տակ լիաթոք պիտի չխնդան ու անկաշկանդ պիտի չվազվզեն իրենց հողին վրայ…

Ինչո՛ւ մեր փայլուն տղաքը հողին պիտի տանք…

ինչո՛ւ մեր հողերը արիւն պիտի հոտին…

Ինչո՛ւ մեր ականջներուն մէջ անվերջ պիտի լսուին ռումբի ձայներ…

Ինչո՛ւ մեր մտքերուն մէջ անգիր պիտի պահենք մեր հին ու նոր բոլոր տարածքներուն հաշիւները, քարտէսները…

Ինչո՛ւ մեր հաւաքական յիշողութիւնը պիտի դրոշմուած ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեամբ…

Մէկը կրնա՞յ ըսել` ինչու մե՛նք…

Տարիներ շարունակ այս բոլորին պատասխանները ակնկալած ենք, որ տրուի մեզի, բայց ասկէ ետք ո՛չ, երբեք,  վերջին խօսքը մե՛րը ըլլալու է առանց պատասխանի…

Ազգովին վերջ տանք պաղատական մեր արտայայտութիւններուն, ծունկի գալու, տեղի տալու, յարմարելու մեր սովորութեան: Նորելուկ սերունդները իրենց աղօթքները թող բարձրացնեն ոտքի եւ հպարտ:  Անոնց ձայները ներդաշնակ թող չըլլան, խլացնող, խիստ ու դաժան թող ըլլան: Սորվեցնենք անոնց նաեւ ուժի պաշտամունքի, Վահագնի հզօրութեան, Տիրի իմաստութեան մասին, սորվեցնենք, որ ուժը միշտ չէ, որ արդար է, իսկ վրէժն ու ցասումը պիտի չուշանան բոլոր անոնց, որոնք կը համարձակին ձեռք երկարել մեր ազգային արժէքներուն, մեր սահմաններուն, մեր իրաւունքներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.