Դաշնակցական Պատանին` Դաշնակցութեան Ապագան. ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Այս տարի կը նշուի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակը, որ  առիթ կու տայ մտորումներու:

Նախ` պատմական ամփոփ ակնարկ: 1920-ական թուականներուն Համաշխարհային Ա. պատերազմէն փրկուած հայութիւնը կ՛ապրէր զանազան գաղութներու մէջ: Պատանիները ընդհանրապէս հաւաքուած էին որբանոցներու մէջ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ը, ուր հայ տղաք ու աղջիկներ կը դաստիարակուէին հայկական աւանդութիւններով եւ ազգասիրական մթնոլորտին մէջ: Այս որբ տղաքը ունէին Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ գտնուող ուսուցիչներ, ինչպէս` Հայկ Պալեան, Ստեփան Տարտունի եւ ուրիշներ: Այս վերջինները աշակերտներու հոգիները կը թրծէին ազգային ապրումներով:

Այդ օրերուն Լիբանանի մէջ շատ նեղ պայմաններու մէջ կը գործէր ՀՅ Դաշնակցութիւնը, սակայն կարելի կը դառնայ հայ որբերու խմբաւորումը վերածել նորակազմ ՀՅԴ պատանեկան միութեան  մը կորիզին, որուն առաջին ակումբը կը հաստատուի Զոքաք Էլ Պլաթի մէջ: Կորիզը կը դաստիարակէին դոկտ. Էթիեմեզեան, Ա. Սահակեան, Յ. Շահինեան, Գ. Գանտահարեան եւ այլն: Միութեան առաջին վարիչ կը նշանակուի Վարդան Գէորգեանը: Կազմակերպչական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն օգտակար կը դառնան Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները:

Դաշնակցութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունին հայ պատանիները, որոնք վաղուան երիտասարդներն են, վաղուան սերունդն են, վաղուան ղեկավարներն ու պատասխանատուներն են, այլ խօսքով,  Դաշնակցութեան ապագան կը մարմնաւորեն, անոնք կոչուած են յանձն առնելու ու շարունակելու Դաշնակցութեան գործը:

Դաշնակցական պատանեկան միութիւնները կը  կոչուին Դաշնակցութեան վաստակաւոր դէմքերու, յեղափոխական դրուագներու, ֆետայիներու կամ նահատակներու անուններով:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն անդամներ պարբերաբար դասախօսութիւններ կու տան անոնց` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու մասին եւս խօսելով:

Այս առաջին պատանեկան միութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին կը կազմէ «Ծաղիկ» անունով գրական հաւաքածոյ մը եւ կը  հրապարակէ «Ովասիս» ամսագիրը:

Պատանեկան միութեան Պատգամաւորական Ա. ժողովը տեղի կ՛ունենայ 23 փետրուար 1925-ին, որմէ ետք հերթաբար պատանեկան միութիւններ կը կազմուին  հայաշատ բազմաթիւ շրջաններու մէջ:

Պատանիներու խանդավառ սրտերուն մէջն է, որ կը ծնի հայ ժողովուրդին նուիրուելու ազնուագոյն գաղափարը: Ու այդ բոցավառ սրտերուն, այդ ծաւալուն հոգիներուն մէջ կը ծնին` վաղուան մտաւորականը, ղեկավարը, գրագէտը, քաղաքական գործիչը ու ամէնէն կարեւորը` վաղուան  հերոսը, որ իր կեանքը պիտի նուիրէ հայկական ազատամարտին:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան պատանիներուն ուղղուած խօսքով մը կ՛ըսէ. «Դաշնակցական անուշ պատանիներ, Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ թրծուեցէք, թրծեցէք ձեր հոգին` ծանօթանալով մեր պանթէոնի հարստութիւնը կազմող անուններու կեանքին, անսահման նուիրումին: Մոռցէք վայրկեան մը առօրեան, նայեցէք ապագային, որովհետեւ ապագան դուք էք: Իսկ Դաշնակցութեան ապագային ուժը կախում ունի ձեր հզօրութենէն»:

Հայրենիքը կը պահուի պայքարով: Նոյնիսկ թշնամին գիտէ, որ հայ ժողովուրդին միասնական պայքարը միշտ կը յաղթէ, որովհետեւ այդ պայքարին մասնակից կը դառնան` երիտասարդ զինուորը, ծերունին, մայրը, հայրն ու պատանին:

Մենք շատ բաներ սորված ենք մեր նախնիներէն: Դաշնակցական տիպարի անոնց օրինակը պէտք է միշտ իբրեւ փարոս ծառայէ մեզի, որպէսզի մեզ ամուր եւ հաստատակամ քայլերով առաջնորդէ` դէպի ապագայ, դէպի մեր կենարար նպատակներու իրագործումը, դէպի մեր հիմնական գործը` ազգին ու հայրենիքին ծառայելը:

Դաշնակցական պատանիին կեանքին մէջ վճռական դարձակէտ  պիտի ըլլայ, երբ ան անցնի կուսակցական կեանքի յաջորդ փուլը` շարունակելով իր աշխատանքները ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է հայութեան հզօրութեան  կռուաններէն մէկը:

Պատանին, ծանօթանալէ ետք Դաշնակցութեան պատմութեան եւ ծրագիրին, կը մտնէ ծանր պարտաւորութեան տակ, որ սակայն ծանր ըլլալով հանդերձ, կազմաւորող եւ հպարտացնող է:

Պատանիներ երբ կ՛որոշեն մաս կազմել ՀՅԴ պատանեկան միութեանց, լաւ կը գիտակցին, թէ այդ ուղին ո՛ւր կը տանի զիրենք, եւ գիտեն, որ այդպիսով կը զինուորագրուին Դաշնակցութեան ընտանիքին, իրենց կեանքը կը դնեն հայրենիքի ծառայութեան ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան սրբազան ուխտին ի սպաս:

Պատանին պէտք է լաւ ըմբռնէ Դաշնակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը եւ, անոնց տրամադրութեան համաձայն, իր բոլոր կարելիութիւնները դնէ իր ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին լուծման աշխատանքին համար` ծառայելով գաղափարին եւ ոչ անձերու, հաւաքական նպատակներու եւ ոչ անհատական շահերու:

Սիրելի՛ դաշնակցական պատանիներ, անկեղծօրէն կը շնորհաւորեմ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակը, միշտ յառաջ երթաք ձեր գործունէութեան մէջ: Կը մաղթեմ նաեւ, որ միշտ կազմ ու պատրաստ ըլլաք հայրենիքի կանչը լսելու եւ պայքարի դաշտ նետուելու:

 

 

Comments are closed.