«Մենք հո՛ս ենք եւ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը». Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի հետ

Անցնող Նոյեմբերին, Ֆրանսայի Սենատը ձայներու 295 կողմ եւ 1 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Հայաստանի աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ. ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, «Հորիզոն»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին անդրադառնալով յայտնեց, թէ անկէ մէկ շաբաթ ետք Ֆրանսայի Ազգային Ժողովն ալ միաձայնութեամբ ընդունեց նշեալ բանաձեւը, աւելցնելով որ այս մէկը մեծագոյն ցուցանիշն է Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած անխոնջ աշխատանքին, որ նաեւ ձախողեցուց Ֆրնասայի մէջ թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ տարուած քարոզչական աշխատանքները: Ան յայտնեց նաեւ, թէ Ֆրանսայի նախագահն ու քաղաքական խորհրդարանական բոլոր կուսակցութիւնները զօրավիգ կը կանգնին Արցախի ու Հայաստանի:

Արցախի շրջափակման գծով Փափազեան ըսաւ, թէ Յունուար 10-էն սկսեալ ամէն Չորեքշաբթի Ֆրանսայի խորհրդարանին դիմաց կը կայանայ բողոքի հաւաքներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ Ֆրանսայի Խորհրդարանի պատգամաւորներն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի գլխաւորած կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

2022 Յուլիս 14-ին ՀՀ-ի գործող իշխանութիւններուն կողմէ արգիլուեցաւ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայրենիք։ Նոյն թուականի Հոկտեմբերին Փափազեան հայց ներկայացուց ՀՀ վարչական դատարան՝ ընդդէմ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ), պահանջելով որ դատարանը պարտադրէ ԱԱԾ-ին՝ Հայաստանի տարածքին անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու ցանկէն հանել իր անունը։ Սոյն դատին մասին Փափազեան ըսաւ. «Դատը ընթացքի մէջ է, եւ առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 Մայիսին», աւելցնելով. «Մինչեւ այս պահս տակաւին չեմ գիտեր պատճառը, թէ ինչո՛ւ անցանկալի անձ կը նկատուիմ Հայաստանի մէջ»:

Փափազեան հարցազրոյցը աւարտեց, յայտնելով թէ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին զօրավիգ եղած է հայ ժողովուրդին, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքահայութեան. «Իշխանութիւնները կու գան, կ’երթան, բայց մենք հո՛ս ենք եւ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը», ըսելով Փափազեան եզրափակեց զրոյցը:

Հարցազրոյցի տեսանիւթը այս յղումով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.