Մենք Արեւելումի՞ Հարց Ունինք

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Քսաներորդ դարասկիզբէն սկսեալ հայ քաղաքական միտքը բազմաթիւ աշխատութիւններով քննարկման առարկայ դարձուցած է Հայաստանի արեւելումի հարցը եւ աներկբայ եկած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի փրկութեան միակ բանալին հայկական արեւելումն է: Այս եզրակացութիւնը այնքան ժողովրդականացած է, որ հայոց պատմութեան բազմաթիւ դրուագներ անվիճելի կը դարձնեն արեւելումի հարցը, սկսած Հայոց Հայրիկի Երկաթէ Շերեփի դրուագէն մինչեւ «Օտարից մեզ ֆայտա չկայ» պարզ ու յստակ երգ-բարձրաձայնումը:

Հարց կրնայ ծագիլ, որ այսքան յստակ եզրակացութեան մասին այսօր խօսիլը ի՞նչ շարժառիթ ունի: Շարժառիթը հայ քաղաքական թատերաբեմին վրայ մանկունակութեան աստիճանի հասած ծիծաղելի, բայց միեւնոյն ատեն՝ մտահոգիչ քննարկումներն են, որոնք խղճուկ հիմնաւորումներով նախ կը պնդեն, որ մեր ներկայ արեւելումը ռուսական է, ապա կը պնդեն զայն ամերիկեան արեւելումով փոխարինել: Այս հիմնաւորումի հեղինակները չեն ալ գիտակցիր, որ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, պետութիւններու համար վերացած է արեւելումի խնդիրը, որ քիչ թէ շատ, որոշ գաղափարական եւ ընկերա-տնտեսական վարդապետութեան հիմնաւորում մը ունէր անցեալին, տեղը զիջելով՝ ռազմաքաղաքական հաշուարկներու եւ միջազգային դերակատար ուժերու փոխյարաբերութիւններուն:

Փաստ է նաեւ այն, որ միջազգային դերակատար ուժերու հրահրումներով թերաճ եւ տկար երկիրներու մէջ, արուեստականօրէն կը խրախուսուի ու կը քարոզուի արեւելումի խնդիրը, գլխաւորաբար զայն շղարշելով ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, մարդկային իրաւունքներու, միջազգային չարչրկուած օրէնքներու եւ վաղուց արդէն իմաստազրկուած այլ լոզունգներով: Միացեալ Նահանգները իրենց բոլոր միջամտութիւնները կը հիմնաւորեն ժողովրդավարութեան հաստատման եւ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան լոզունգներով, առանց որեւէ տեղ իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման եւ ոտնահարելով մարդկային ամենատարրական իրաւունքները: Ռուսաստանը իր բոլոր միջամտութիւնները կը հիմնաւորէ միջազգային օրէնքներու տրամաբանութեամբ, ոտնահարելով միջազգային օրէնքներով իսկ սահմանուած ինքնիշխանութեան տարրական սկզբունքները:

Եւ հարց կը ծագի, ի՞նչ անիմաստ ու արուեստական վէճ է այսօր հայ քաղաքական թատերաբեմին վրայ: «Օտարից մեզ ֆայտա չկայ» համոզումը այլեւս չի գործե՞ր, թէ միջազգային դերակատար ուժերը իրենց լծակները ի գործ դրած են եւ մեր վզին փաթաթած են արեւելումի լուծը, այնպիսի կարեւորութեամբ՝ որ մեր պարտութիւնները նոյնիսկ կը բացատրենք արեւելումի ծիրին մէջ: Նժդեհի հաստատումը միշտ այժմէկան է, երբ վայ կու տայ այն ժողովուրդին, որ իր գլխուն եկած չարիքներուն պատճառը ուրիշներուն մէջ կը փնտռէ: Այսօր, մեր ազգին ու հայրենիքին վիճակուած պարտութիւններուն պատճառը ոմանք կը վերագրեն ռուսին, կը մեղադրեն Իրանին, մոռնալով, որ մենք ենք, մեր սեփական իշխանութեան ապիկարութիւնն է գլխաւոր ու միակ պատճառը մեր բոլոր ձախողութիւններուն ու կորուստներուն: «Մեր դաշնակից ռուսը չօգնեց», «Ամերիկան աչք փակեց» եւ այլ տեսակի հիմնաւորումներ ոչ մէկ ձեւով չեն կրնար արդարացնել մեր պարտութիւնները: Նոյնքան անիմաստ, անօգուտ ու կասկածելի են ռուսական «արեւելում»էն դուրս գալու եւ արեւմուտքի գիրկը նետուելու սին վերլուծումները, եթէ անոնք չեն բխիր Հայաստանի աշխարհաքաղաքական շահերու տրամաբանուած հիմնաւորումներէն, որոնք իրենց թելադրանքով կրնան ձեւաւորել մեր ազգային ռազմավարութիւնը, խարսխուած լոկ հայկական արեւելումին վրայ:

Այս ամբողջը չի նշանակեր, որ Հայաստան պէտք է իր աշխարհաքաղաքական միջավայրէն մեկուսացած ապրի, որովհետեւ հայկական արեւելում հասկացողութիւնը չի բացառեր միջպետական շահեր եւ յարաբերութիւններ, կամ փոխադարձ շահեր, որոնց պաշտպանութեան առաջին նախապայմանը ազգային ակունքներէն սնանող իշխանութիւնն է, որ ոչ թէ արհեստածին ու արտաքին ուժերու ցուցմունքներուն հետեւող արեւելեումներով կ’առաջնորդուի, այլ աշխարհաքաղաքական վերլուծումներու լոյսին տակ՝ սեփական ազգային շահերու համատեղութեամբ ռազմավարական համագործակցութիւններ կը կառուցէ: Ուստի, մեծ կասկածով պէտք է մօտենալ, բոլոր այն քաղաքական ուժերուն, որոնք մեր պարտութեան պատճառները այլոց մէջ կը փնտռեն եւ հայ քաղաքական թատերաբեմը ողողած են այս կամ այն արեւելումի կոչերով ու դրօշներով, եւ կամ մեր փրկութեան միակ բանալին կը տեսնեն այս կամ այն դաշնակիցի աջակցութեան մէջ:

Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, քննարկման առարկայ եղած են ռազմաքաղաքական երկու ուղղութիւն, որոնք կը բխին Հայաստանի աշխարհաքաղաքական թելադրանքէն՝ հորիզոնական, Թուրքիա – Հայաստան – Ատրպէյճան, եւ ուղղահայեաց՝ Իրան – Հայաստան – Ռուսաստան: Ռազմաքաղաքական այս ուղղութիւնները ունին իրենց ածանցեալները, որոնք կու գան այս երկու առանցքներուն մէջ դերակատար ուժերու կապերէն: Յստակօրէն, ուղղահայեաց ուղղութեան առանցք հանդիսացող Ռուսաստանի ու Իրանի ածանցեալներն են Չինաստանն ու Հնդկաստանը, իսկ հորիզոնական ուղղութեան առանցք հանդիսացող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ածանցեալներն են Միացեալ Նահանգեր, Մեծն Բրիտանիա, Իսրայէլ եւ Փաքիստան: Աշխարհագրականօրէն տարածաշրջանի այս խաչմերուկը ոմանց կարծիքով Հայաստանի համար մեծ պատուհաս է, մոռնալով սակայն՝ որ ազգային խոհեմ քաղաքականութեան մը շնորհիւ կրնայ վերածուիլ ռազմաքաղաքական մեծ լծակի: Պատմութիւնը ապացուցած է, որ հորիզոնական ուղղութիւնը հայութեան միայն աղէտ, ջարդ ու թշնամութիւն բերած է: Իսկ, ուղղահայեաց ուղղութիւնը՝ հայութեան շահերու հաշուոյն իր սեփական շահը առաջ քաշելու հարուստ անցեալ ունի: Բայց պատմութեան ուսուցանող դասը այն է, որ բնական է իւրաքանչիւր պետութիւն իր շահերը պիտի հետապնդէ, իսկ մեր ազգին ու հայրենիքին գլխուն եկած չարիքներուն պատճառը եղած է ներքին դաւաճանը, այլոց շահերուն լծուած այս կամ այն արեւելումի ջատագովը, քաղքենի ու ապազգային նիւթապաշտ տարրը եւ հոգիով ստրուկը: Այս հաստատումը աւելի վտանգաւոր կը դառնայ, երբ դաւաճանը, արեւելումի ջատագովը, ապազգայինն ու նիւթապաշտ ստրուկը ղեկավար դիրք ու որոշում կայացնողի կարգավիճակ ունին:

Այս վնասակար տարրերուն հարազատ բնութագրումը տալու համար կրկին դիմենք Գարեգին Նժդեհին. «Բայց  կան,  դեռ  կան  որոշ  տարրեր  մեզանում,  միամիտ, «յիմա՛ր  սրբութեան  աստիճան»,  որ  կարծում  են,  թէ  կարելի  է եւ՛ ազգ կոչուել, եւ՛ քաղաքական  մուրացիկ մնալ, թէ կարելի է մուրալ անգամ պետականօրէն անկախ ապրելու իրաւունքը: Սրանք կ’ուզէին, որ աշխարհի ուժեղները եւ՛շնորհ անէին իրենց, եւ՛ պաշտպանէին այդ շնորհը արտաքին  վտանգից»: «Ազգերն ամէնից շատ  տառապել են եւ կը տառապեն իրենց տականքների երեսից»:

Ուստի, մենք ոչ թէ արեւելումի հարց ունինք, այլ մեր ներքին տականքը վերացնելու խնդիր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.