Մեծն Բրիտանիոյ 110 Խորհրդարանականներ Աջակցութիւն Կը Յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Զուիցերիական Խաղաղութեան Նախաձեռնութեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը կը հաղորդէ, որ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականները` Ճիմ Շենըն եւ Լիվըրփուլի լորտ Ալթոն, անցեալ ուրբաթ օր յայտարարութիւն տարածած են` հանդէս գալով Միջկրօնական եւ համոզմունքի ազատութեան հարցերով Խորհրդարանական միջկուսակցական խմբակին անունով` արտայայտելով իրենց աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան:

Աւելի քան 110 բրիտանացի խորհրդարանականներու անունով կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՛ողջունուի Զուիցերիոյ նախաձեռնութիւնը` ստեղծելու միջազգային խաղաղութեան հարթակ, որ կարելիութիւն կու տայ կառուցողական երկխօսութեան Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագաղթի ենթարկուած հայկական բնակչութեան միջեւ:

Ճիմ Շենըն
Ալթոն

Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականները շեշտած են հայ գաղթականներու վերադարձի իրաւունքի վերականգնման, մարդու հիմնական իրաւունքներու, որոնց շարքին կրօնի ազատութեան (ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 18-րդ յօդուածով) պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բոլոր համայնքներու անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ կայունութեան վերականգնումը չափազանց կարեւոր է` ոչ միայն մարդասիրական նկատառումներէ մեկնելով, այլեւ շրջանի մը մէջ, որ հետզհետէ աւելի մեծցող աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Զուիցերիական խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը այս տարի պաշտօնապէս ընդունուած է Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ` պարտաւորեցնելով Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդին մէկ տարուան ընթացքին հրաւիրել միջազգային խաղաղութեան համաժողով: Համաժողովի նպատակն է` միջազգային վերահսկողութեան ներքեւ կամ համապատասխան միջազգային դերակատարներու ներկայութեամբ կազմակերպել բանակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի պատմական բնակչութիւն կազմող հայերու անվտանգ եւ համախմբուած վերադարձի շուրջ:

Նախաձեռնութեան իրագործումը խթանելու նպատակով 26 մայիս 2025-ին Պեռնի մէջ ստեղծուած է միջկուսակցական խորհրդարանական յանձնախումբ` բաղկացած 19 զուիցերիացի երեսփոխաններէ: Այս մարմինը յանձնառու է աջակցիլ այն միջազգային գործիքակազմերուն, որոնք անհրաժեշտ են Զուիցերիոյ խորհրդարանի իրաւաբանական ուժ ունեցող որոշումի նպատակներուն իրագործման համար:

Մեծն Բրիտանիոյ այս յայտարարութիւնը կը լրացնէ Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ տագնապին կայուն եւ ներառական լուծումներ գտնելու միջազգային կոչերուն աճող շարանը:\

20 հունիս, 2025թ