Մեզի Համար Մարտունակ Բանակը Կենսական Անհրաժեշտութիւն է. Սերժ Սարգսեան

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  այսօր պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է վերջին ամիսներուն զօրացրուած` ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ ու խիզախութեամբ աչքի ինկած զինծառայողներու հետ, որոնց մեծ մասը մասնակցած է մարտական գործողութիւններու` հակառակորդին ոտնձգութիւններէն պաշտպանելով հայրենիքը: Հանդիպումին Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին հետ մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշախատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահը ողջունած է հանդիպման մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնած լաւ ծառայութեան համար եւ խօսքը ուղղած ոչ միայն ներկաներուն, այլեւ բոլոր զօրացրուած զինուորներուն: Նշելով, որ անցեալ տարի մեր զինուորներու ծառայութիւնը համընկաւ այնպիսի մի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ապրիլին անոնք ընդունեցին հակառակորդին հարուածը եւ պատուախնդրութեամբ պաշտպանեցին հայրենիքը, նախագահը ընդգծած է, որ զօրացրուելէ ետք ալ անոնք հայրենիքի զինուորն են, ուր եւ որ բնագաւառի մէջ ալ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

«Ի հարկէ, մենք կարօտում եւ հպարտանում ենք բոլոր այն տղաներով, ովքեր ընկան քաջի մահով: Հպարտանում ենք նաեւ բոլոր այն տղաներով, ովքեր, քաջաբար կռուելով, ողջ մնացին եւ շարունակելու են իրենց նուիրական ծառայութիւնը հայրենիքին: Ես խնդրել եմ պաշտպանութեան նախարարին կազմակերպել այս հանդիպումը, որովհետեւ ծառայող զինուորների հետ միշտ էլ հաճելի է զրուցել, բայց ծառայութեան մէջ նրանք փոքր-ինչ կաշկանդուած են լինում` պայմանաւորուած երկու հանգամանքով. կարծում եմ` հանգամանքներից մէկն այն է, որ նրանք չեն ցանկանում խօսել խնդիրների, դժուարութիւնների մասին, որպէսզի լացկանի, քրթմնջացողի դերում չյայտնուեն, որպէսզի տպաւորութիւն չլինի, թէ իրենք իրենց համար ինչ-որ լաւ պայմաններ են ուզում հայրենիքին ծառայելու համար: Բայց, ի հարկէ կայ նաեւ երկրորդ հանգամանքը` միշտ էլ զինուորը մտավախութիւն ունի, որ եթէ խօսի խնդրի մասին, ապա վերադասը կարող է նեղանալ: Ես կարծում եմ, որ այսօր մենք պէտք է ունենանք անկաշկանդ խօսակցութիւն, անկաշկանդ քննարկում, հասկանանք, տեսնենք, թէ ո՞րն է մեր բանակի առաւելութիւնը, որո՞նք են մեր զինուորական ծառայութեան դրական կողմերը եւ ինչի ենք հասել: Բայց խօսենք նաեւ այն խնդիրների մասին, որոնք պէտք է ապագայում լուծուէն` աւելի մարտունակ դարձնելով մեր բանակը, որովհետեւ մենք պարտադրուած ենք ունենալ մարտունակ բանակ: Բոլոր ժողովուրդներին էլ պէտք են բանակներ, բայց կան դէպքեր, երբ այդ պէտքը դառնում է անհրաժեշտութիւն` կենսական անհրաժեշտութիւն: Մեզ համար մարտունակ բանակը կենսական անհրաժեշտութիւն է»,-ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Սերժ Սարգսեան առաջարկելով անկաշկանդ խօսիլ եղած խնդիրներուն եւ առհասարակ մեր երկրի յետագայ զարգացման մասին` նշած է, որ ինք եւս ունի հարցեր, որոնց մասին կը ցանկար լսել հայրենիքի պաշտպաններուն կարծիքը:

Զօրացրուած զինծառայողները նախագահէն հետաքրքրուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի հեռանկարով, 25-ամեայ հայոց բանակի ամենամեծ ձեռքբերմամբ, պաշտպանութեան նորանշանակ նախարարին կողմէ հռչակուած «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի իրականացման գործին մէջ զօրացրուած զինուորի դերակատարմամբ, հասարակութեան մէջ սպայի կերպարի ճիշդ ներկայացման, անոր հեղինակութեան բարձրացման հնարաւորութիւններով, հակառակորդին կողմէ ծաւալուող սպառազինութիւններու մրցավազքի պարագային հայկական կողմի հնարաւոր պատասխանով, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինծառայողներու ուսման վարձերու փոխհատուցման ծրագիրով եւ բանակաշինութեան ու պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը այլ թեմաներով:

Հանրապետութեան նախագահը զրոյցի ընթացքին զինուորներէն լսած է պատասխանները իրեն հետաքրքրող հարցերուն, որոնց մէջ, թէ ի՞նչ կը ցանկային զինծառայողները, որ փոխուէր զինուած ուժերուն մէջ, ի՞նչ խնդիրներ կը  տեսնեն անոնք, ի՞նչ տուաւ բանակին մէջ ծառայութիւնը հայրենիքի առջեւ իրենց պարտքը կատարած զինուորներուն, ո՞վ է ամենայիշուած հրամանատարն ու ինչո՞ւ, մինչեւ մարտական գործողութիւնները զինուորներուն ստացած գիտելիքները բաւարա՞ր էին մարտական գործողութիւններուն արդիւնաւէտ մասնակցելու համար, մտադի՞ր է, արդեօք, հանդիպման մասնակիցներէն ոեւէ մէկը ներգրաւուիլ պայմանագրային ծառայութեան մէջ կամ դառնալ սպայ, որքանո՞վ բանակի մասին անոնց պատկերացումները կը համապատասխանէին մինչեւ զօրակոչուիլը ունեցած իրենց սպասելիքներուն, զօրացրուելէ ետք կապ կը պահպանե՞ն իրենց ծառայակից ընկերներուն հետ:

Հանդիպման արդիւնքներով նախագահը պաշտպանութեան նախարարութեան տուած է շարք մը յանձնարարականներ, որոնք կը վերաբերին ծառայութեան անվտանգութեան առաւել բարձրացման, զինուորներու գաղափարական դաստիարակութեան եւ ազատ ժամանակի կազմակերպման ուղղութիւններով աշխատանքի զարգացման ու կատարելագործման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման զուգընթաց համապատասխան մասնագէտներու շարունակական ուսուցմանն ու պատրաստման, ուսումնական կեդրոններուն մէջ` ըստ անհրաժեշտութեան նոր ծրագիրներու ներդրման, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինծառայողներու ուսման վարձերու ամբողջութեամբ վճարման ծրագրի ներդրման ուղղութեամբ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ աշխատանքի շարունակման, ՊՆ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի տեղափոխման Դիլիջան` կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ուսումնական կեդրոնի շէնք:

21317_b

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.