«Մախմուր աղջիկ»ն ու Համազգային թատրոնը. հարցազրոյց դերասանուհի-բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի հետ

«Հորիզոն»ի զրուցակիցն է Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, վաստակաւոր դերասանուհի-բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանը։

Նարինէ Գրիգորեան։ Արմատներով արցախցի է, ծնած է 1980 թուականին, Հրազդան: Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն, ընտանիքով վերադարձած են Արցախ։ 1997-2002 յաճախած է Երեւանի «Թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտ»ի բեմադրութեան բաժինը։ Մասնակցած է մնջախաղի թատրոնի դասընթացներու։ Որպէս բեմադրիչ ուսումը շարունակած է Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, իսկ Պոսթոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ աւարտած է թատրոնի կառավարման բաժինը: 2013-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արտիստի կոչման: 2014 թուականէն ի վեր Երեւանի Ս. Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի դերասանուհի է։ 2018-ին աշխատկազմի կողմէ առաջադրուած եւ նշանակուած է նոյն թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար: Մասնակցած է հայաստանեան եւ միջազգային տարբեր փառատօներու եւ արժանացած մրցանակներու։ Այս օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ կը ցուցադրուի իրանահայ Անահիտ Ապատի բեմադրած Եւա ֆիլմը, որուն գլխաւոր դերակատարը Նարինէ Գրիգորեանն է։ «Եւա»ն ցուցադրուած է Մոնթրէալի փառատօնին, ներկայացուած է «Կաննի» եւ «Ֆաճր» փառատօներուն։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 2017-ի Սեպտեմբերին:

Խոստովանիմ, որ «Հորիզոն»ի շնորհիւ ինծի համար բացայայտեցի տաղանդաւոր դերասանուհի մը, որուն մասին շատ քիչ բան գիտէի, իսկ անոր անցած ուղին պրպտելէն ու հետը զրուցելէն ետք, անընդհատ մտքիս մէջ Սիլվա Կապուտիկեանի գրած հետեւեալ տողերն էին.

«Մախմուր աղջիկ,
Նազով աղջիկ,
Թուխ մազերով աղջիկ,
Ծաղիկ ես, չթառամես
Մուրազով աղջիկ:
Մնա՛ քնքոյշ,
Բուրիր բոյրով քո անոյշ,
Աշխարհ լցրու երազով աղջիկ»:

Ակնյայտ է, որ Նարինէ Գրիգորեանը մախմուր է իր մասնագիտութեամբ, նպատակասլաց է եւ նուիրուած իր աշխատանքին, սիրուած՝ թատրոնի բոլոր աշխատակիցներուն եւ հայ հանդիսատեսի կողմէ, իսկ անոր տաղանդին համբաւը անցած է Հայաստանի սահմաններէն դուրս…

Մտայ Համազգայինի թատրոն, դիմացս յայտնուեցաւ պապիկի (անոր այդպէս կ’անուանեն թատրոնէն ներս)՝ Սօս Սարգսեանի տպաւորիչ նկարը։ Խորունկ շունչ մը քաշեցի եւ որոշեցի մինչեւ զրուցակիցիս գալը, նկարահանման համար լաւ լուսաւորում ապահովել՝ վարագոյրները բանալ գոցելով։ Նոյն պահուն ինծի մօտեցաւ երիտասարդ մը, մտածեցի հիմա պիտի լսեմ կոպիտ նախադասութիւն մը՝ (ի՞նչ գործ ունէք այստեղ), սակայն, ի ուրախութիւն բոլորիս, երիտասարդը շատ բարեհամբոյր պատրաստակամութեամբ ըսաւ. «Ինչ որ բանով կարո՞ղ եմ օգնել»։ Ձախող փորձերս յաջողցնելու գործը գոհունակութեամբ վստահեցայ անոր…

Զրուցակիցս եկաւ… մտանք թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի իր սենեակը, որ իսկապէս «գեղարուեստական» էր ու բոլորովին նման չէր այստեղ ընդունուած ղեկավարներու սենեակներուն, ինչը նոյնպէս շատ հաճելի էր…

Թատրոնի մասին գորովանքով խօսող քարտուղարուհին սիրով պատրաստեց մեր սուրճը, որուն շուրջ սկսաւ մեր հաճելի զրոյցը։

– Նարինէ՛, կ’ուզէի նախ պատմէք ձեր մասին, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մտաք դերասանական ասպարէզ:

– Շատ անսպասելի եղաւ, մեր ընտանիքի մէջ թատրոնի մարդ չկայ, իսկ դպրոցի մէջ գերազանց էի ուսողութեան առարկայի մէջ։ Աւարտական դասարանին որոշեցի դիմել ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու բաժին՝ միաժամանակ յաճախելով թատերական խմբակ, այն ժամանակ զիս ընտրութեան առջեւ դրին եւ ես ընտրեցի թատրոնը։
Հայրս դէմ էր, սակայն Գէորգ Կարապետեանը (թատերագիր, որ հիմնադրած է Հրազդանի Մանկական արուեստի դպրոցը Ն.Մ.) հայրիկիս համոզեց, որ ուսումս շարունակեմ թատերական հիմնարկէն ներս։

– Ինչպէ՞ս բեմ բարձրացաք առաջին անգամ, ի՞նչ փոխուած է հիմա ձեր մէջ եւ ընդհանրապէս՝ թատերական կեանքէն ներս։

Ն.Գ.- Շատ բան փոխուած է։ Առաջին անգամ երբ բեմ բարձրացայ, այնքան կը վախնայի, որ շրթներս իրարու փակած էին, ետնաբեմին տարբեր տեղեր ջուր դրած էի, կ’երթայի կը խմէի, որ շրթներս բացուին եւ կարենամ բան մը ըսել։ Այդ պատճառով ըսին դերասանի խօսքս թոյլ է, կրթութիւնս ալ կիսով չափ ռուսերէն էր, անոր ազդեցութիւնն ալ կար խօսքիս մէջ, որոշեցի բեմի վրայ չխօսիլ եւ գացի մնջախաղի արուեստանոց։ Մոսկուա եւ Ս. Փեթերզպուրկ անցած ճանապարհէս ետք հասկցայ, որ խօսքը մարմնիս շարունակութիւնն է, եւ պէտք է օգտուիմ նաեւ այդ հնարաւորութենէն։ Հասկցայ, որ կարեւորը հանդիսատեսը ներքին հաճոյքովդ վարակելն է, ինչ դեր ալ խաղաս կարեւորը բեմի վրայ ըսելիքդ հաճոյքով պատմես հանդիսատեսին, ամենակարեւորը հանդիսատեսը այդ հաճոյքով վարակելն է, չէ՞ որ մենք ենք փոխանցողը, եւ եթէ այդ փոխանցող լարը բաց է, պատրաստ է ու մաքուր, ըսելիքը շատ արագ կը փոխանցուի հանդիսատեսին, եւ ինքն ալ հաճոյք կը ստանայ ներկայացումէն։

Թատերական կեանքի մէջ փոխուած է այն, որ առաջ, երբ կը բեմադրէինք պատասխանն ալ կու տայինք. կ’ըսէինք, որ մարդիկ պէտք է բարի ըլլան, տեսէք այսինչ արարքը կրնայ յանգիլ այսինչ վատ բանին, իսկ հիմա, պատասխան չենք տար, ցոյց կու տանք իրավիճակ եւ իրավիճակէն ետք մարդոց մէջ կը մնան հարցեր։ Շատ կը սիրեմ այն թատրոնը, որ հարցեր կու տայ եւ չի պատասխաներ։

Առաջ գեղարուեստական ղեկավարները վերջին շաբաթը կը վերաբեմադրէին ներկայացումը եւ անպայման իրենց ձեռքի տակէն պէտք է անցնէր ներկայացումը։ Հիմա, ես, որպէս գեղարուեստական ղեկավար, ինքզինքիս թոյլ չեմ տար միջամտել, որովհետեւ իւրաքանչիւր բեմադրիչ արուեստագէտ է, եւ պէտք է յարգել անոր աշխատանքը, եւ իւրաքանչիւր բեմադրիչ ինք պէտք է հաւաքէ իր պտուղները՝ ըլլան անոնք լաւ կամ վատ։

– Ո՞վ է Նարինէ Գրիգորեանը իր կեանքին մէջ, ո՞վ է որպէս դերասան, ո՞վ է որպէս Բեմադրիչ:

– Ես կեանքէն հաճոյք կը ստանամ իմ մասնագիտութեամբ։ Ուրախ մարդ եմ, բայց չեմ սիրեր հարսանիքներ, քէֆերէն հաճոյք չեմ ստանար, ես հաճոյք կը ստանամ կեանքը ուսումնասիրելէն եւ անոր համար ալ ես թատրոնի մարդ եմ։ Ի վերջոյ թատրոնը կեանքը ուսումնասիրողի տեղն է, կեանքն ու մարդը խոշորացոյցի տակ ուսումնասիրելու հնարաւորութիւն է։ Թող զարմանալի չթուի, բայց ես շատ ֆիլմեր չեմ նայած, աւելի շատ կը սիրեմ նայիլ կեանքին՝ Աստուծո՛յ ստեղծագործութեան։ Շատ հաւատացեալ եմ, ինծի համար երջանկութիւն է, որ գիտեմ Աստուծոյ գոյութեան մասին եւ ունիմ Աստուած սիրելու հնարաւորութիւն։

Դերասանութի՛ւնը… ինծի համար դերասանութենէն աւելի մեծ հաճոյք աշխարհի մէջ չկայ, անբացատրելի մասնագիտութիւն է եւ այդ անբացատրելի ըլլալով է գեղեցիկ։

Բեմադրելը ուրիշ հաճոյք է, ճիշդ է նոյն հաճոյքը չէ ինչ դերասանութիւնը։ Միշտ կատակով կ’ըսեմ, երբ մեծնամ լաւ բեմադրիչ պիտի դառնամ, որովհետեւ հիմա ներուժիս մեծ մասը դերասանութեան կը յատկացնեմ։ Սակայն այն հաճոյքը, որ դուն կը ստեղծես աշխարհ մը, որուն ճարտարապետը դուն ես, հերոսները դուն ընտրած ես, եւ անոնք իրարու հետ կը խօսին եւ կը յարաբերին այնպէս, ինչպէս դուն կ’ուզես, շատ հետաքրքրական է։

– Նարինէ՛, երբ դեռ շատ փոքր էիք, ձեր ընտանիքը արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն տեղափոխուեցաւ Արցախ եւ գրեթէ ողջ ընտանիքով մասնակցեցաք պատերազմին, ի՞նչ յուշեր ունիք այդ օրերէն։

– Այդ օրերու յուշերուս հիման վրայ ունիմ մոնօ ներկայացում մը, որ կը կոչուի «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկում է»։ Փիեսի բեմադրիչն ու համահեղինակն եմ, անիկա իրական պատմութիւն է եւ արժանացած է Կրան-Պրի մրցանակի: Պատերազմը սկսաւ… յետոյ հայրիկս գերի տարին, շատ դժուարութիւններու հանդիպեցանք, մինչեւ ուղղաթիռով վերադարձանք Հայաստան։

Գիտէք շարժման տարիներուն, պատերազմին մասնակից ըլլալը տարօրինակ չէր, կամ հերոսութիւն չէր համարուեր, կը մտածէինք, որ այդպէս պէտք է ըլլայ. մենք պէտք է երթանք Ղարաբաղ, մեր գիւղին մէջ ապրինք, այդ գիւղին մէջ տուն կառուցենք, այգի տնկենք եւ անպայման տղայ պիտի ծնի մեր ընտանիքին մէջ (Նարինէն ունէր մէկ քոյր եւ օրերուն ծնաւ անոր եղբայրը Ն.Մ.), այդպէս կը շնչէր ողջ ժողովուրդը, ազատ անկախ Հայաստան ունենալը երջանկութիւն էր եւ այդ երջանկութիւնը իսկապէս բոլորը կը կրէին իրենց մէջ։

Երէկ կը դիտէի «Իմ Խաչը» ֆիլմը, որուն մէջ դերակատար եմ, ֆիլմը հիմա կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ։ Դէպքերը կը սկսին փաստագրական տեսարաններէն, երբ բոլորը՝ վիրաւորներ, երեխաներ, դիակներ ուղղաթիռներու քով հաւաքած են, որ տեղափոխեն Երեւան, այդ ամէնը այնքան ծանօթ էր ինծի, որ չէի հասկնար ֆիլմի մէջ դե՞ր կը խաղամ, թէ՝ իրականութիւնը կը վերապրիմ։

– Ձեր կարծիքով ուրկէ՞ սկսաւ հայու վերածնունդը։

– Շուշիի յաղթանակէն սկսեալ մենք ապրեցանք յաղթանակի հոգեբանութիւնը, այդ հոգեբանութիւնը հիմա կը կրէ Հայաստանի երիտասարդութիւնը, անիկա յաղթանակած ազգի հոգեբանութիւն է։ Ես կը կարծեմ, որ վերածնունդը սկսաւ այն պահէն, երբ մենք հասկցանք, որ այդ փոքր յաղթանակներէն ծնաւ մեծ յաղթանակը։ Պատերազմի ժամանակ, երբ հաց ճարելը, ջուր գտնելը հերոսութին էր, այդ փոքր յաղթանակներէն ծնունդ առաւ մեծ յաղթանակը։ Այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու, վառելու փայտ գտնելու, Լենինի գիրքերը վառելու ժամանակ սկսաւ վերածնունդը, որուն յաջորդեց Մայիս 9-ի յաղթանակը։ Այսօր մենք ազատ անկախ Հայաստան ունինք եւ մարդոց հոգեբանութեան մէջ, օդի մէջ կը տեսնեմ մէջքը ամուր եւ ուղիղ պահած ժողովուրդը։ Հիմա ես գիտեմ ես այն եմ, որ յաղթեց Շուշիի մէջ եւ այդ հոգեբանութիւնը, որ մտաւ մեր մէջ արդէն վերածնունդ է։

– Ինչո՞ւ հայ հանդիսատեսը ձեզ հեռատեսիլով գրեթէ չի տեսներ, մինչ դերասաններու մեծ մասը այսօր տարբեր դիպաշարերու մէջ դերեր կը խաղան։

– Ես իմ մասնագիտութիւնս այնքան կը սիրեմ, որ շատ լուրջ կը վերաբերիմ անոր հետ եւ կրնամ օրը 24 ժամ անով ապրիլ, հետեւաբար չեմ սիրեր ոչ մասնագիտացուած մօտեցում։

Հիմա, օրինակ, փոքր դիպաշարեր կան, ուր կայ աւելի լուրջ մօտեցում։ Ես գիտեմ, որ դիպաշարը հրաշալի արուեստ է, սակայն անիկա պէտք է մասնագիտացուած խումբի մը աշխատանքին արդիւնքը ըլլայ։ Այն մօտեցումը, որ կը դառնաս ոչ խելամիտ սենարիստի մը մտածողութեան զոհ, սենարիստ, որ չես հասկնար ինչ կը գրէ, կամ կը գրէ բաներ, որոնք ընդհանրապէս կապ չունին հայ իրականութեան հետ, ընդունելի չէ։ Նախագիծ մը, որ չեմ գիտեր ո՞ւր կ’երթայ, որ յայտնի չէ ինչքան մասնագէտներ են ընողները եւ հապճեպ ձեւով կը նկարահանեն, որպէսզի հասցնեն նոյն օրը երեկոյեան ցուցադրել, ես այդ մէկը չեմ ընդունիր։

– Շրջագայելով տարբեր երկիրներ հանդիպած էք տարբեր երկիրներու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք Սփիւռքէն։

– Շատ սիրեցի Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, իրենք ամէն տեղ տարբեր են։ Այնքան հետաքրքրական է, որ անոնք շատ շուտ կը դառնան իրենց ապրած երկրի մէկ մասնիկը եւ միաժամանակ հայ կը մնան։ Օրինակ՝ ի տարբերութիւն այլ ազգերու, հայը լաւ անգլերէն կը խօսի՝ պահպանելով հայերէնը, իսկ ռուսը օրինակ, եթէ անգլերէն խօսի մէկ է ռուս ըլլալը յայտնի կ’ընէ։ Անկախ անկէ, թէ հայերը ինչպէս յայտնուած են այդ երկիրներուն մէջ, միեւնոյնն է շատ հաճելի է, երբ կ’երթաս եւ այնտեղ հայեր կը տեսնես։ Տարբեր երկիրներու փառատօներու կազմակերպիչները մեզի կ’ըսեն, թէ դուք միշտ կրնաք մասնակցիլ, որովհետեւ ձեր հայ համայնքը շատ աշխոյժ է, եւ եթէ մասնակցիք, հայ հանդիսատեսը ինքնաբերաբար պիտի գայ։ Շատ կը սիրեմ մեզի թիկունք կանգնելու իրենց պատրաստակամութիւնը։

– Կը պատմէ՞ք այս օրերուն ներկայացուող «Իմ խաչը» ֆիլմին մասին ի՞նչ դեր մարմնաւորած էք դուք։

– Ֆիլմին մէջ իմ դերս վաւերագրական կերպար է։ «Իմ խաչ»ի բեմադրիչ Շաւարշ Վարդանեանը պատերազմը տեսած մարդ է, ինք արցախեան հերոսամարտի ժամանակ եղած է նկարահանող, եւ բազմաթիւ տեսարաններ նկարած է։ Պատերազմէն ետք անընդհատ տեսիլքներ կը տեսնէր՝ զոհուած տղաքը կու գան եւ իրեն կ’ըսեն տուր այն քատրերը, ուր մեզ նկարած ես։ Այս դրուագը ֆիլմին մէջ կայ, իր մարմնաւորած կերպարը կ’ըսէ՝ գուցէ ես կենդանի մնացած եմ, որ տղաներուն մասին պատմեմ։ Այդ ֆիլմը կարծես Շաւարշ Վարդանեանի պարտքն է՝ պատմելու այն տղաներուն մասին, որոնք այլեւս չկան, շատ յուզիչ ֆիլմ է:

Ես մարմնաւորած եմ կերպարը այն կնոջ, որ իսկապէս կար, Շաւարշ Վարդանեանը գիտէ անոր պատմութիւնը։ Կնոջ ամուսինն ու երեխաները սպաննուելէն ետք, ինք դարձած է վրիժառու, բոլոր զգացումները անջատուած են եւ միայն վրէժով լեցուած է։ Նոյնիսկ գերիները հեռու կը պահեն իրմէ, որովհետեւ եթէ իմանար գերի կայ պիտի սպաննէր։ Ֆիլմի ընթացքին՝ սիրոյ շնորհիւ՝ կամաց կամաց կնոջ զգացումները կը վերադառնան։ Ամբողջ ֆիլմը կը պատմուի ֆրանսացի բժիշկի մը աչքերով, եւ ան իր սիրոյ շնորհիւ կինը կեանք կը վերադարձնէ։

– Դուք ծանր կը տանիք, երբ հայերը կը հեռանան Հայաստանէն, ի՞նչը կը պակսի Հայաստանէն այսօր։

– Այո՛, շատ ծանր կը տանիմ։ Պէտք է բոլորը համոզուին, որ կրնան գալ այստեղ եւ ամէն ինչ ստեղծել, եթէ տրուի իրենց այդ հնարաւորութիւնը։ Ես կը հիանամ, երբ տարբեր երկիրներու մէջ կը տեսնեմ, թէ հայերը ինչեր կառուցած են, բայց յետոյ երբ կը կորսնցնեն ափսոսանք կ’ապրին, նոյն Թիֆլիսի մէջ, Պաքուի մէջ եւ այլն։ Ես կ’ուզեմ, որ այդ ափսոսանքը չապրին, կ’ուզեմ, որ աւելի հեռատես ըլլան եւ հասկնան, որ հիմա պէտք է շէնցնել Հայաստանը։

Համազգային թատրոնէն հեռացայ հոգեպէս բաւականացած, համոզուեցայ, որ անիկա սովորական թատրոն մը չէ, այլ՝ սիրոյ ու համերաշխութեան թատրոն է։ Հեռացայ նաեւ լաւ լուրով. նոյն օրը պիտի ցուցադրուէր Նարինէ Գրիգորեանի բեմադրած «Լոռեցի Սաքոն» ներկայացումը, որուն բոլոր տոմսերը սպառած էին։

Նայիրի Մկրտիչեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.