Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ

Հինգշաբթի մարտ 5-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպումներ ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ՝ նահանգի մայրաքաղաք Վիքթորիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին։

Հանդիպումները տեղի ունեցան Պրիթիշ Քոլոմպիայի խորհրդարանի շէնքին մէջ, ուր Ռուստամեան նախ հանդիպեցաւ նահանգի ուժանութի եւ կլիմայական հարցերու նախարար Ատրիան Տիքսի եւ նահանգային Օրէնսդիր Ժողովի նախագահ Ռաճ Չուհանի հետ։ Այնուհետեւ ան հանդիպում մը ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ։

Ռուստամեանի կ՚ընկերակցէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վաննէսա Պարտաքճեան-Յակոբեան։

Հանդիպումներուն ընթացքին Ռուստամեան նահանգային ղեկավարներուն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը, ներքին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող անվտանգային եւ քաղաքական մարտահրաւէրները։ Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու խնդիրին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք ստեղծուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն։

Ռուստամեան ընդգծեց միջազգային իրազեկութեան բարձրացման եւ աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ յատկապէս մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցերու վերաբերեալ։

Քննարկումները անցան բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Կողմերը փոխանակեցին տեսակէտներ այն մասին, թէ ինչպէս ժողովրդավարական գործընկերները եւ հաստատութիւնները, ներառեալ Գանատայի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ, կրնան նպաստել միջազգային ջանքերուն՝ բարձրացնելու իրազեկութիւնը, արձագանգելու մարդասիրական խնդիրներուն եւ աջակցելու Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին։

Ռուստամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգային ղեկավարութեան՝ հայ համայնքի մտահոգութիւնները լսելու եւ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ կանգնած խնդիրներուն շուրջ բովանդակային երկխօսութիւն ունենալու պատրաստակամութեան համար։

Վիքթորիա կատարուած այս այցելութիւնը մաս կը կազմէր Ռուստամեանի Պրիթիշ Քոլոմպիա կատարած այցելութեան, որու ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ տեղական հայ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ պետական տարբեր պատասխանատուներու հետ։