Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին առանձնայատկութիւնը

Տիգրան Ճինպաշեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդրանիկ Ընդհանուր ժողովը (Թիֆլիս, 1892) իր մշակած ծրագրին կցած է կանոնագրային բնոյթ ունեցող սեղմ բաժին մը՝ «Կազմակերպութիւն» խորագրով։ Կուսակցութիւնը գաղափարական որոշակի տեսլական ունեցող եւ որոշակի գործելակերպով գործող կենդանի հաւաքականութիւն է։ Անոր կանոնները կը հպատակին կազմակերպական ընդհանուր կառոյցի մը, որ իր կարգին կը բխի կուսակցութեան գաղափարաբանութենէն։ Ժողովները, մարմինները եւ անհատները շաղկապող կանոնները ինքնանպատակ չեն. անոնք կը մշակուին ծրագրուած գործերուն միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու, նպատակն իրականացնելու համար։

Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, գործելակերպին, բարոյական ըմբռնումներուն, վարած քաղաքականութեան ու որդեգրած ռազմավարութեան համապատասխան պէտք է ըլլայ։

Ծրագրի բնութագրումով` «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով կը պայքարի հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան համար»։ Իսկ ծրագրի Ընդհանուր տեսութեան եզրակացութիւնը աւելի կը յստակեցնէ` «Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան, յանուն ազատ հայի, ազատ քաղաքացիի եւ ազատ հայրենիքի կերտման»։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազգային է։ «….ազգը՝ իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման էական գործօն»։ Դաշնակցութեան գործը հայ ազգին կը վերաբերի։ Կարեւորելով հանդերձ հայ ազգը` Դաշնակցութիւնը կը մերժէ բացառիկութեան ամէն նկրտում։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական է։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը Հայաստանը կը սահմանէ իբրեւ «սոցիալական» պետութիւն։ Աշխատանքի արժեւորումը, արդար հատուցման ու գնահատման անհրաժեշտութիւնը, ընկերային կարիքներու (ուսում, առողջապահութիւն, բժշկութիւն, մանուկներու եւ տարեցներու խնամատարութիւն եւ այլն) գոհացումը կը յառաջացնեն համերաշխ եւ բարգաւաճող հասարակութիւն։ Դաշնակցութիւնը կ’ընդունի սեփականութեան տարբեր ձեւերը` մասնաւոր, համագործակցական, պետական ու խառն։ Ժողովուրդի սեփականութիւնը կը հանդիսանան մշակոյթը, հողը եւ ընդերքը, բնական միջավայրը եւ պաշարները։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը յեղափոխական է։ Յեղափոխութիւն (ի-եղ-ա-փոխ-ութիւն) կը նշանակէ «եղածը, գոյութիւն ունեցածը փոխել»։ Հայ ազգին ու հայոց հայրենիքին վիճակը՝ ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան բացակայութիւն, երկրի փոքրացում, ժողովուրդի ցրւում, անընդունելի է, ուրեմն ենթակայ փոխուելու։ Միջոցը փոփոխութեան կը ճշդուի համաձայն պայմաններուն եւ չ’ենթադրեր անպայման բռնամիջոց, սակայն կ’ենթադրէ համաժողովրդային մասնակցութիւն։

Գաղափարական այս վարդապետութիւնը կիրարկելու, գործի վերածելու համար Դաշնակցութիւնը ստեղծած է կազմակերպութիւն եւ մշակած համապատասխան կառոյց։ Կազմակերպութիւնը գաղափարի իրագործման համար է: Ան ենթակայ է ո՛չ միայն գաղափարական հաւատամքի պահանջներուն, այլ նաեւ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային պայմաններու թելադրանքին, տուեալ ժամանակաշրջանի մը մէջ ծրագրուած գործի տեսակին ու ծաւալին։ Ուրեմն կազմակերպական կառոյցը, պահպանելով գաղափարական հիմնական սկզբունքները, ենթակայ է փոփոխութեան, հոլովոյթի։

Իր հիմնադրութեան օրէն իսկ Դաշնակցութիւնը կոչուած էր գործելու առնուազն երեք տարբեր միջավայրերու մէջ՝ Օսմանեան կայսրութիւն, Ռուսական կայսրութիւն, Պարսկաստան։ Երեք միջավայրերուն մէջ ապրող հայութեան կարգավիճակը, պահանջները, հնարաւորութիւնները կը տարբերէին իրարմէ։ Կեդրոնէ մը ղեկավարուող միատեսակ աշխատանքի ոճի մը որդեգրումը անխուսափելիօրէն պիտի ստեղծէր հակասութիւններ, տարակարծութիւններ, վէճեր ու, կազմակերպութիւնը իր հիմնական գործէն շեղելով, զայն պիտի վերածէր ներքին տարակարծութիւններու թատերաբեմի։ Անհրաժեշտ էր որդեգրել այնպիսի կառոյց, որ կը պահպանէր քաղաքական-գաղափարական միասնութիւնը, միաժամանակ տեղական պայմաններուն պատշաճող նախաձեռնութեան հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր տարբեր միջավայրերու մէջ գործող միաւորներուն։ Առաջին Ընդհանուր ժողովը` գումարուած Թիֆլիս 1892 թ., կ’որդեգրէ ապակեդրոնացման սկզբունքը։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ երկու տարուան գործունէութեան ընթացքին դադրած էր տարբեր յեղափոխական խմբակներու «դաշնակցութիւն» ըլլալէ, դարձած էր միասնական գաղափարաբանութիւն ունեցող կուռ ու միաձոյլ կազմակերպութիւն, կ’որդեգրէ աշխատանքային, գործի «դաշնակցութեան» սկզբունքը։

Ազգային-ազատագրական պայքարի կազմակերպութիւն հանդիսացող Դաշնակցութիւնը կ’որոշէ գաղափարական խիստ կեդրոնացումով գործել` բոլորին համար խստօրէն պարտադիր դարձնելով Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն անշեղ գործադրութիւնը։ Ազատօրէն գործելու հնարաւորութիւնը՝ կազմակերպական ապակեդրոնացումը, կը վերաբերի տեղական միջոցներուն, հնարաւորութիւններուն։ Կազմակերպական ապակեդրոնացման ու գաղափարական կեդրոնացման հանգանակը կը պայմանաւորուի բարոյական սկզբունքով։ Արդարեւ, Ա Ընդհանուր ժողովը կը պատգամէ, որ «յեղափոխական գործի մէջ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր չի կրնար ըլլալ, այլ միմիայն բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր»։ Սիմոն Զաւարեանի յստակեցումով` «Թող Ընդհանուր Ժողովը որոշէ սկզբունքներն ու տակտիկը, բայց թող իւրաքանչիւր վայրի ընտրեալ մարմինը ինքը վարէ տեղական գործերը, ինքը նախաձեռնէ եւ կատարէ` ղեկավարուելով նոյն ընդհանուր սկզբունքներէն»։

1892 թ. Ա Ընդհանուր ժողովէն մինչեւ 1919 թ. Թ Ընդհանուր ժողովը կազմակերպական կառոյցի հարցը մի՛շտ եղած է օրակարգի վրայ` բացառութեամբ Ը Ընդհանուր ժողովին (1914), որ վաղաժամ աւարտած է Համաշխարհային պատերազմի սկսելուն պատճառով։ Բոլոր Ընդհանուր ժողովներուն կատարուած են կարեւոր փոփոխութիւններ` միշտ կառոյցը պատշաճեցնելով քաղաքական կացութեան թելադրած պահանջներուն։ Այսպէս` Դաշնակցութիւնը գործած է երկու, նոյնիսկ երեք Բիւրոներով, որոնք թէեւ օժտուած էին գործադիր մարմնի իրաւասութիւններով, սակայն աւելի շատ համադրող, տեղեկութիւնները փոխանցող եւ նիւթական միջոցները կեդրոնացնող ու բաշխող հեղինակաւոր մարմիններ էին։ Բիւրոներու ընտրութիւնը ընդհանրապէս կատարուած է Ընդհանուր ժողովի մէջ, բայց նաեւ երբեմն անոնց կազմը ամբողջացուած է Ռայոնական կոչուած ժողովներու մէջ, որոնք ընդարձակ շրջանի մը յատուկ մասնակի Ընդհանուր ժողովներ էին։ Դաշնակցութիւնը տակաւին յառաջացուցած է Պատասխանատու մարմիններ (կամ Պատասխանատու կեդրոնական կոմիտէներ)` զանոնք ամբողջապէս եւ երբեմն մասամբ ընտրելով Ընդհանուր ժողովի կողմէ։ Ընդհանուր ժողովները ընտրած են նաեւ ոչ տարածքային այլազան մարմիններ, ինչպէս Ցուցական մարմինը կամ Ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական կոմիտէն։ Այս բոլոր մարմիններուն մէջ յեղափոխական պայքարի ընթացքին յառաջացած բացերը լրացնելու, նոր կացութիւններու հետեւանքով ծրագիրները վերանայելու համար Դաշնակցութիւնը ունեցած է «Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող մարմին», աւելի ուշ՝ «Դաշնակցութեան խորհուրդ»։

Վերջին մարմիններուն կ’անդամակցէին Բիւրոներու եւ Պատասխանատու կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները։ Բոլոր պատշաճեցումները եւ փոփոխութիւնները կատարուած են Գ Ընդհանուր ժողովի ուղենշային որոշումին նկատառումով. «Դաշնակցութեան նպատակի եւ կազմակերպութեան սիստեմի վերաբերեալ որեւէ արմատական փոփոխութիւն չի կրնար որոշել Ընդհանուր Ժողովը, եթէ նախապէս այդ խնդիրը չէ ներկայացուած Կեդրոնական կոմիտէներուն»։

1915-1918 թթ. դէպքերը, հայութեան տեղաշարժերը, գաղթականութիւնը փաստօրէն կազմալուծեցին Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին մաս կազմող մարմինները։ Կազմակերպական քաոսին վերջ դրաւ 1919 թ. աշնան Երեւանի մէջ գումարուած Թ Ընդհանուր ժողովը։

Թ Ընդհանուր ժողովը կը գումարուի իբրեւ պետական դարձած կուսակցութեան ժողով։ Այս ժողովով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նուիրագործէ պետութիւն կերտող եւ պետութիւն կառավարող կուսակցութեան իր նոր հանգամանքը։ Այս պայմաններուն մէջ երբեմնի երկու (նոյնիսկ երեք) Բիւրոներ եւ քանի մը Պատասխանատու մարմիններ հաշուող Դաշնակցութիւնը կ’որդեգրէ մէկ Բիւրոյով գործելու դրութիւնը։ Բիւրոն կը դառնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն գործադիր մարմինը, որուն կը վերապահուի կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ղեկավարութիւնը։ Միաժամանակ, ապակեդրոնացման սկզբունքին շեշտումով, Կեդրոնական կոմիտէները կը պահեն իրենց տրուած նախկին իրաւասութիւնները ամբողջական կերպով։ Բիւրոն Հայաստանի մէջ կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան վարիչն է, սակայն պարտաւոր է խորհրդակցիլ թէ՛ Կեդրոնական կոմիտէներուն եւ թէ՛ խորհրդարանի Դաշնակցական ֆրակցիային հետ։ Ընդհանուր ժողովի կողմէ չնախատեսուած հարցերու քննութեան համար բոլորին մասնակցութեամբ կը գումարուի խորհրդաժողով մը, որ նորութիւն է Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ։ Խորհրդաժողովը կը գումարուի Բիւրոյի անդամներու երկու երրորդի կամ առնուազն երեք Կեդրոնական կոմիտէներու պահանջով։ Խորհրդաժողովի որոշումները պարտադիր են Բիւրոյին եւ բոլոր մարմիններուն համար։

Թ Ընդհանուր ժողովին որդեգրուած կառոյցը կը համապատասխանէ պետութեան վարչական բաժանումներուն. գիւղական եւ թաղային ժողովներ, գաւառակային ժողով, գաւառային եւ քաղաքային ժողովներ, շրջանային ժողով եւ ժողովներէն բխած համապատասխան մարմիններ։ Ռայոնական ժողով կը կոչուի իւրաքանչիւր պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Կեդրոնական կոմիտէներու եւ Շրջանային ժողովներու ներկայացուցիչներու ընդհանուր ժողովը։

1920 թուականի մայիսէն սկսեալ դէպքերը արգելք եղան այս կառոյցին գործադրութեան։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նախատեսուած կառոյցը դարձաւ ժամանակավրէպ։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարկադրուեցաւ վերակազմաւորուիլ արտասահմանի մէջ, ուր նորանոր գաղութներ կը կազմաւորուէին։ Նոր կազմաւորուող գաղութներու ազգային դիմագիծի պահպանման, քաղաքականացման անհրաժեշտութիւնը մղեց Ժ Ընդհանուր ժողովը (Փարիզ, 1924) յառաջացնելու այժմու կառոյցին մօտիկ համակարգ մը, որ մինչեւ 1997-ի ԻԷ արտակարգ Ընդհանուր ժողովը մասնակի փոփոխութիւններով կարելի դարձուց Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան գոյառումը եւ գործունէութիւնը։

Հայաստանի համար Թ Ընդհանուր ժողովը յառաջացուց Պատասխանատու մարմին մը, որ պահպանեց հայաստանեան կառոյցը մինչեւ ԺԲ Ընդհանուր ժողովը (փետրուար-մարտ, 1933, Փարիզ), որուն, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի կազմակերպութիւնը չէր մասնակցէր։ Այս ժողովը Երկրի հին կազմակերպութիւնները լուծարուած յայտարարեց։

1990-ի յուլիսին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն տարի մը առաջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս բացայայտեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ։
Հայաստանեան երիտասարդ կազմակերպութիւնը կազմաւորուեցաւ շնորհիւ առժամեայ ներքին կանոնագիրներու` միշտ նկատի ունենալով կազմակերպական կանոններու հիմնական սկզբունքները։ Հայաստանեան կազմակերպութիւնը մասնակցեցաւ ԻԵ եւ ԻԶ Ընդհանուր ժողովներուն` իբրեւ Կեդրոնական կոմիտէութիւն։ Շարքերու ուռճացման իբրեւ արդիւնք եւ նկատի ունենալով Հայաստանի դաշնակցական կազմակերպութեան իւրայատուկ պայմանները, որոնք մասամբ կը յիշեցնեն 1918-1920-ի դրութիւնը, ԻԶ Ընդհանուր ժողովը որոշեց Դաշնակցութեան ծրագրին եւ կառոյցին նուիրուած արտակարգ Ընդհանուր ժողով մը գումարել, որ տեղի ունեցաւ 1997-ին Պէյրութի մէջ։ ԺԷ արտակարգ Ընդհանուր ժողովը, փոքր սրբագրումներ կատարելով արտասահմանեան շրջաններու կանոնագրային տրամադրութիւններուն մէջ, յառաջացուց Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ կառոյց մը։ Այսպէս, համաձայն Հայաստանի վարչական բաժանումներուն, կը յառաջանան կոմիտէութիւններ, մարզային կոմիտէութիւններ, Երեւանի քաղաքային կոմիտէութիւն, Հայաստանի կազմակերպութիւն։ Համապատասխանաբար կը հետեւին խումբի ժողովը, կոմիտէութեան կամ Առանձնակի խումբի ժողովը, Մարզային ժողովը կամ Երեւանի քաղաքային ժողովը եւ Գերագոյն ժողովը։ Իւրաքանչիւր ժողովէն կը բխի մարմին մը (բացի խումբէն)։ Նոր կանոնագիրը կը հաստատէ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ ՀՅԴ քաղաքականութիւնը կը ներկայացնէ եւ կը գործադրէ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը։ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի կողմէ որոշուած ռազմավարութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերու պարագային Հայաստանի Գերագոյն Մարմինն ու ՀՅԴ Բիւրոն կը գործեն համախորհուրդ։ Այս ծիրին մէջ վերջին որոշումը կը պատկանի ՀՅԴ Բիւրոյին»։ Միւս կողմէ` Բիւրոն պարտաւոր է տարին անգամ մը գումարելու «ՀՅԴ Բիւրոյի ու շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողով»։ Այդ ժողովը, լսելէ ետք Բիւրոյի տարեկան տեղեկագիրը, նոր պայմաններէ ու կացութիւններէ բխող ՀՅԴ ռազմավարութեան եւ ընդհանուր քաղաքականութեան պատշաճեցումներ եւ յարմարեցումներ կ’առաջարկէ։ Որոշման իրաւունքը կը պատկանի Բիւրոյին։

Շուրջ քառորդ դար կիրարկուած է արտասահմանեան շրջաններու համար նախատեսուած կառոյցին վրայ հայաստանեան կազմակերպութեան պատուաստումով ստացուած ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցը։ Արտասահմանեան շրջաններէն ոմանք այս դասաւորումին մէջ տեսան հայաստանեան երիտասարդ ու բնականաբար քիչ փորձառու կազմակերպութեան տրուած անհամաչափ իրաւասութիւններ։ Փոփոխութեան փորձեր եղան, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ գանգատողները չյաջողեցան առաջարկել տարբեր` Դաշնակցութեան կազմակերպական աւանդները յարգող, գործնական եւ աւելի արդիւնաւետ կառոյց մը։

Ո՞րն է հարցին էութիւնը։

Ինչպէս հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը, այնպէս ալ ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան շրջաններուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը գտնուի Հայաստանէն դուրս։ Արտասահմանեան կազմակերպական շրջանները բնականաբար ունին տեղական գործեր, որոնք գաղութներուն համար կարեւոր են ու անշրջանցելի։ Կարեւոր են, սակայն ոչ հիմնական։ Դաշնակցական հասկացողութեամբ` Սփիւռքը ժամանակաւոր երեւոյթ է, քանի որ ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակը հողահաւաքի ու հայահաւաքի իրականացումն է։ Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ։ Կը հետեւի, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործը, ուր ալ կատարուի անիկա, Հայաստանի համար է։ Հայաստանէն դուրս դաշնակցականները ուժ եւ հեղինակութիւն կը կուտակեն` զանոնք ի սպաս դնելու համար Հայաստանին ու Հայ դատին։ Նոյնիսկ Սփիւռքը հզօրացնելու ճիգերը նո՛յն մտասեւեռման, նո՛յն առաջադրանքին կը ծառայեն։

Այս պայմաններուն նկատառումով` արտասահմանեան կազմակերպութիւնները կրնա՞ն միայն դիտողի դեր ստանձնել Հայաստանի մէջ կատարուածին նկատմամբ, անոր մասին ըսելիք չունենալ։ Եղան դաշնակցականներ, որոնք երկու Բիւրոներու միջոցով կարծեցին հարցին լուծում գտնել։ Ճիշդ է, որ արտասահմանեան դաշնակցական կազմակերպութիւններու եւ հայաստանեան կազմակերպութեան գործառոյթները իրարմէ տարբեր են։ Առաջինները դուրսի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, տարբեր քաղաքական վարչակարգեր ունեցող միջավայրերու մէջ Հայաստանի համար գործող գաղութային կամ համայնքային կազմակերպութիւններ են։ Երկրորդը պետական կազմակերպութիւն է, Հայաստան պետութեան մէջ իսկ գործող կազմակերպութիւն։ Աշխատանքի ոճն է տարբեր, ձեւն է տարբեր, պարունակութիւնն է տարբեր։ Միջոցը տարբեր է, բայց առաջադրանքը՝ միեւնոյնը։

Ապակեդրոնացման նուիրականացած սկզբունքով` Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւն կիրարկելու իրաւունքը կը պատկանի Հայաստանի Գերագոյն մարմնին, անշուշտ, Ընդհանուր ժողովի կողմէ հաստատուած ռազմավարութեան սահմաններուն մէջ։ Միաժամանակ հարկ է ըմբռնումով մօտենալ Հայաստանէն դուրս գտնուողներուն շահագրգիռ հետաքրքրութեան ու գործին մասնակից դառնալու ձգտումին։ Պայմանով, որ սրբութեամբ պահպանուի համայն Դաշնակցութեան գաղափարական միասնութիւնը։

Երկու (թէ բազմաթիւ) անյայտներով այս հաւասարումին լուծում գտնելու կոչուած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը։ Հաղորդակցական միջոցներու մերօրեայ դիւրութիւնները թոյլ կու տան, որ Դաշնակցութիւնը գործէ մէկ Բիւրոյի աչալուրջ հսկողութեան ներքոյ։ Միաժամանակ կարելի է, օրինակի համար, պարբերաբար գումարել խորհրդաժողով մը, որ իրաւասու ըլլայ նոր կացութիւններու նկատառումով որոշումներ կայացնելու։ Որոշումներ, որոնք պարտադիր ըլլան թէ՛ ՀՅԴ Բիւրոյին եւ թէ՛ բոլոր մարմիններուն համար։ Նախընթացը կայ, թէեւ չգործադրուած։ Թ Ընդհանուր ժողովի նախատեսած խորհրդաժողովը ունէր նման իրաւասութիւն, սակայն պիտի գումարուէր Բիւրոյի երկու երրորդին կամ առնուազն երեք Կեդրոնական կոմիտէներու պահանջով։ Պայմանները այժմ տարբեր են, լուծումն ալ կրնայ տարբեր ըլլալ, պատշաճ՝ ժամանակակից պայմաններուն։ Օրինակի համար` Թ Ընդհանուր ժողովի օրերուն արտասահմանեան մարմինները փոքրաթիւ էին (հազիւ քանի մը հատ), մինչդեռ այժմ անոնք մեծ թիւ կը կազմեն։

Կառոյցի փոփոխութիւնները կամ ստեղծուած պայմաններուն պատշաճեցումները կը վկայեն բոլոր վիճակներուն համապատասխան աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու ՀՅ Դաշնակցութեան ունակութեան մասին։

Միշտ հաւատարիմ գաղափարական միասնութեան, միշտ հետամուտ բարոյական սկզբունքներուն` գործի կուսակցութիւն հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէ կաշկանդուած կազմակերպական ամուլ մաքրակրօնութեամբ ու գիտցած է իր կազմակերպական կառոյցը յարմարեցնել գործի հրամայականներուն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.