Հ Յ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանին հետ
662
0
Հ Յ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Փետրուար 9-ին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրի հետ։ Տէր-Խաչատուրեան նախ շնորհաւորած է 2023 թուականի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Գանատական դեսպանատան բացման առթիւ, ինչ որ պիտի նպաստէ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման։
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողմէ ներկայացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Գանատայէն առկայ ակնկալիքներուն՝ նկատի ունենալով Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով Արցախի էթնիկ զտումը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յատկապէս ատրպէյճանական սպառնալիքները, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք փաստացի ներխուժումն ու բռնագրաւումը եւ այլն։ Մտահոգութիւններ հնչած են նաեւ Գանատայի կառավարութեան՝ Թուրքիա ռազմական սարքերու արտահանման արգելքը վերացնելուն մասին վերջին որոշման վերաբերեալ։ 2020 թուականի Հոկտեմբերի սկիզբը Օթթաուա կասեցուցած էր դէպի Թուրքիա ռազմական արտադրանքի արտահանման թոյլտուութիւնները՝ մասնաւորապէս օպտիկական սարքաւորումները, զորս Թուրքիան կ’օգտագործէր իր անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ, որոնք ալ այնուհետեւ կ’ուղարկուէին դէպի Ատրպէյճան եւ կ’օգտագործուէին 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ հայերը թիրախաւորելու համար։
Դեսպան Թըրնըր վերահաստատած է իր կառավարութեան դիրքորոշումը առ այն, որ պէտք է յարգուի Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, եւ որ Գանատա վճռականօրէն կ’աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, որուն վկայութիւնն է ԵՄ-ի մոնիտորինգային առաքելութեան մասնակցելու իր որոշումը՝ ի պատասխան Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական խնդրանքին։ ԵՄ-ի մոնիթորինգային առաքելութիւնը տեղակայուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմին մօտ 2022-ի Հոկտեմբերէն՝ նպատակ ունենալով նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութեան եւ, հնարաւորութեան պարագային, անոնց իշխանութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման։
Մինչ այժմ Գանատան ԵՄ-ի միակ ոչ-անդամ երկիրն է, որ պիտի մասնակցի ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան:
Գանատայի դեսպանը նաեւ վերահաստատած է, որ գանատացի արտահանողներուն ծանուցուած է այն, որ նոր պաշտպանական արտահանման համար դիմումները կը պահանջեն հաւաստիացումներ Թուրքիոյ կողմէ, որոնց մէջ պէտք է նշուին, թէ արդեօք տրամադրուած սարքերը պիտի վերաարտահանուին երրորդ կամ ՆԱՏՕ-ի անդամ չհանդիսացող երկիրներ, եւ արդեօք անոնք պիտի ներառուին սպառազինութեան մէջ: Գանատա պարտաւոր է ներպետական օրէնսդրութեան եւ զէնքի առեւտուրի համաշխարհային պայմանագրին համաձայն՝ կանխելու, յայտնաբերելու եւ դադրեցնելու ռազմական ապրանքներու ուղարկումը դէպի այլ չնախատեսուած շահառուներու:
90 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտած է երկուստեք պատրաստակամութեամբ՝ շարունակելու նման հանդիպումները ապագային եւ հնարաւորութեան պարագային համագործակցելու փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններով՝ տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Գանատայի դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Ահարոն Քոուն։
Comments are closed.