ՀՕՄ-ի 115-ամեայ ազգակերտման անձնուրաց առաքելութիւնը անխափան կը շարունակուի
- (0)

«Դէմքերը լուսավառ՝ գաղափարի փայլով, սրտերը թրթռուն՝ վաղուան երազանքով, միտքը ամուր՝ գործի պատկերով – առաջ անցէ՛ք։ Նոր պատմութիւնը ձեզ կը սպասէ»
Է. Ակնունի
ՀՕՄ-ը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի տառապանքէն ու վիշտէն։ ՀՕՄ-ին համար մերժելի է նահանջը, որովհետեւ այս կազմակերպութիւնը միշտ հաւատացած է վերելքի, վերածնունդի ու հաւաքական գոյապայքարի։ Իր յանձնառութեան կիզակէտը եղած է հայեցի դաստիարակութեան սփռումն ու հայ ընտանիքի բարօրութիւնը։ Տասնամեակներ առաջ ՀՕՄ-ի նշանաբանը եղած է «Փրկէ՛ այսօր, վաղը ուշ է». այս նշանախօսքին հաւատարմօրէն փարած կը մնայ միութիւնը։
ՀՅԴ Կարմիր Խաչ մկրտուած էր միութիւնը, իր գաղափարական մեծ եղբօր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որպէս գործակից հայուհիներու կազմակերպութիւն։ Գործեց նաեւ Հայ Օգնութեան Խաչ անունով մինչեւ որ մկրտուեցաւ՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն։
Իր խորհրդանշանն իսկ կը պարփակէ ՀՕՄ-ի ողջ էութիւնը. խաչ, սուր, սիրտ, դափնի, լեռն Արարատ, որոնցմով կը շաղկապուին ընտանիքը, հայրենիքը, մշակոյթն ու գթասրտութիւնը։
ՀՕՄ-ի պատմագրութեան մէջ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ժամանակահատուածին, ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործադաշտը տարածուեցաւ տարբեր աշխարհաբեւեռներու վրայ:
ՀՅԴ Պոլսոյ Ուսանողական Միութեան «Երկունք» 1913 թուականի հայոց գիրերու գիւտի 1500-ամեակին նուիրուած յաւելուածին մէջ, ՀՕՄ-ի հիմնադիր Էտկար Ակնունի իր յօդուածին մէջ կոչ կ՚ուղղէ համայն հայութեան, տոգորուն հաւատքով տէր կանգնելու հայ գիրին ու մշակոյթին։ Ան գրած է. «Դէմքերը լուսավառ՝ գաղափարի փայլով, սրտերը թրթռուն՝ վաղուան երազանքով, միտքը ամուր՝ գործի պատկերով – առաջ անցէ՛ք։ Նոր պատմութիւնը ձեզ կը սպասէ»։ Կարծես նահատակ մտաւորական Ակնունիի պատգամը ուղղուած ըլլայ իր հիմնադրած կազմակերպութեան արիասիրտ հայուհիներուն, որոնք Ակնունիի գրած յանձնառութեան հաւատարիմ, տէր կանգնեցան հայ դպրութեան եւ այդ մէկը փաստեցին գործնականօրէն, հայ գաղթաշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ հիմնելով դպրոցներ, իսկ ազատագրուած Արցախի մէջ՝ մանկապարտէզներ։
Ամէնէն ուշագրաւն ու կարեւորը սակայն, ՀՕՄ-ը իր բոլոր Սփիւռքի թէ հայրենական նախաձառնութիւններուն համար ունի հաշուետուութիւն եւ այդ մէկը կատարած է կատարեալ ճշդապահութեամբ։ Ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին համար ՀՕՄ-ի կարգախօսը ինքնաբացատրական է, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր արգասաւոր ծրագիրէ ետք, կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ իր հաշուետուութիւնը։
115 տարիներու ՀՕՄ-ի անձնուրացութեան վիթխարի գործունէութիւնը կը փաստէ այն մասին, որ 20-րդ դարուն ծնունդ առած նուիրեալ հայուհիներու այս ասպետութիւնը, արժանի է համայն հայութեան երախտագիտական զգացումներուն, երախտիք այն վեհանձն խաչուհիներուն, որոնք հաւատացին եւ կը հաւատա՛ն հայութեան արդար դատին։
«Հորիզոն»ի խմբագրական