ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը օժտուեցաւ նոր մասնաճիւղով մը Օթթաուայի մէջ
«Հորիզոն», 7 Յունիս 1993
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՕՄ-ի նոր մասնաճիւղի հիմնադրումը Օթթաուայի մէջ.
ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը օժտուեցաւ նոր մասնաճիւղով մը Օթթաուայի մէջ
Շաբաթ, 29 Մայիս 1993-ին, Հայ Օգնութեան միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ օթթաուաբնակ 7 ընկերուհիներու հետ, ընկհ. Շաքէ Քէօշկէրեանի բնակարանին մէջ:
Շրջ. վարչութեան ջանքերով սկսուած այս աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, երբ տեղի ունեցաւ 7 ընկերուհիներու երդման արարողութիւնը:
Մասնաճիւղի եւ ընկերուհիներու ուխտի կնքամայրութիւնը վստահուած էր ընկհ. Մարօ Ֆրունճեանին:
Շրջ. վարչութեան ատենապետ ընկհ. Աննա Պուլկարեան խօսեցաւ ՀՕՄ-ի կառոյցի, գործելակերպի, վարչական պաշտօններու եւ ՀՕՄ-ի շարքերը խտացնելու մասին: Ընկերուհին իր խօսքին մէջ կ’ըսէր. «83 տարիներ առաջ, ՀՕՄ-ը հետապնդած է մէկ նպատակ՝ արժեւորել իր անունը. ան յաջողեցաւ, շնորհիւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած եւ գաղութէ-գաղութ տարուած, իր անդամներու նուիրումին եւ անվերապահ աջակցութեան. ՀՕՄ-ի անդամը եղած է ստեղծագործ, անձնուէր եւ լաւագոյնին ձգտող: Այսօր, մեր ընտանիքի անդամներու թիւը կ’աւելնայ, վերջին տարիներու արդիւնքն է, որ կը դրսեւորէ, ծիլ կու տայ այն վստահութեամբ, որ անոր արմատները հաստատ կը մնան եւ կ’աճին զօրաւոր հիմերու վրայ»:
Ընկհ. Աննայի խօսքէն ետք կազմուեցաւ առաջին վարչութեան դիւանը՝ ընկերուհիներ Շաքէ Քէօշկէրեան՝ ատենապետ, Սրբուհի Նազարեան՝ փոխ-ատենապետ, Պայծառ Պապիկեան՝ քարտուղար, զարուհի հաճընզ՝ հաշուապահ-գանձապահ, Սօսի Տուզճեան՝ խորհրդական:
Նորաստեղծ մասնաճիւղը անուանակոչուեցաւ Սեւան:
Յիշատակելի այս օրուան հիւրաբար ներկայ էին Կեդր. վարչութեան ատենապետ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեան եւ վարիչ քարտուղար ընկհ. Օժիկ Գրիգորեան:
Ուժ, կորով եւ յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր այս նոր միաւորին: Վստահ ենք, որ շուտով կը բազմանան եւ իրենք ալ իրենց կարգին, կը հասնին մեր ազգի օրըստօրէ աճող կարիքնրուն:
Շ.Վ.
Comments are closed.