ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը իր 10 մասնաճիւղերու եւ անդամներու օժանդակութեամբ 15,000 ԱՄՆ տոլար կը նուիրէ Լիբանանանահայութեան անմիջական օգնութեան

Լիբանանի քաղաքական անկայունութեան առ ի հետեւանք, տնտեսական տագնապ ապրող մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու միտումով՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր միաւորներուն եւ սփիւռքահայութեան կոչ ուղղեց օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մեր հայ ժողովուրդին, որոնք տնտեսական տագնապ կ՝ապրին այս օրերուն, եւ գորոնաժահրի աղէտի պատճառաւ, առաւել եւս վատթարացած է անոնց առօրեան:  

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութեան կոչին, անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու անդամները, որոնց միասնական ջանքերով հանգանակուեցաւ 15,000 ամերիկեան տոլար։ Հանգանակուած այս գումարներով, մենք օժանդակած կ՝ըլլանք Լիբանանի Օգնութեան Խաչի ծրագիրներուն՝ «Պնակ մը կերակուր» $500, միօրեայ տաք ճաշ 150 հոգիի, «Յոյսի արկղ» $150, մէկ ամսուայ ուտեստեղէնի սնտուկներ կարիքաւոր իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ «Գոյատեւման պիտոյքներ» $250 բարեկեցիկ կեանք ապահովելու մէկ ամսուայ ուտեստեղէն, դեղօրայք եւ հիմնական պիտոյքներ։

Մեր գործունէութիւնը սակայն իր լրումին չէ հասած եւ հանգանակութիւնները կը շարունակուին։ Առ այդ, կոչ կ՝ուղղենք Գանատայի տարածքին մեր անդամներուն եւ ազգայիններուն, օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանահայութեան անմիջական օգնութեան այս շատ կարեւոր ծրագրին: 

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, որոնք ճգնաժամային այս օրերուն նեցուկ կը կանգնին մեր հայրենակիցներուն։ 

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.