Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակին՝ 300 հազար տոլարի նուիրատուութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ին

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 5-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովի բացման ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան յայտարարեց 300 հազար տոլարի նուիրատուութեան մը մասին՝ ի յիշատակ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի։

Նուիրատուութիւնը կատարած են Զօհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեանները, Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեանները, ինչպէս նաեւ Յարութիւն եւ Լենա Սողոմոնեանները՝ ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ Հրայր Սողոմոնեանի։

Այս նուիրատուութեամբ հիմը կը դրուի «Հրայր Սողոմոնեան եկամտաբեր ֆոնտ»ին (Endowment Fund), որուն տարեկան հասոյթին երկու երրորդը, նուիրատուներուն փափաքին համաձայն, պիտի յատկացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն, իսկ մէկ երրորդը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի աշխատանքներուն։

Նորաստեղծ ֆոնտը պիտի նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան երկարաժամկէտ ֆինանսական ապահովութեան՝ միաժամանակ յաւերժացնելով ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի յիշատակը։