Հրայր Մարուխեանի Շիրիմին Վրայ Երդում Տալով` Երիտասարդները Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

19 դեկտեմբերին ազգային-քաղաքական ականաւոր գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 90-ամեակն է: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յարգանքի այցելութիւն տուաւ Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատան մէջ գտնուող անոր շիրիմին, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ կուսակցական երդման արարողութիւն:

Ներկայ էին Հրայր Մարուխեանի այրին` Անահիտ Մարուխեանը, դուստրը` Շաղիկը, թոռնուհին` Անահիտը, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներ, պատանիներ, քաղաքացիներ եւ սփիւռքէն հիւրեր:

Այս առիթով խօսք առաւ Գեղամ Մանուկեան, որ դիմելով ներկաներուն եւ դաշնակցական դառնալու երդում տալ պատրաստուող երիտասարդներուն` ըսաւ. «Այսօր հոս ենք յիշատակի առիթով, սակայն այս հաւաքը աւելի շատ երդման վերակրկնութիւն է, մեր ուխտի վերահաստատումն է, յիշատակի խօսք ըսելու ու կրկնելու առիթ է, որ մեր ուղին ու պայքարը  անսասան են: Այդ պայքարը նոր ուժ կը ստանայ մեր բոլոր նուիրեալ նահատակ հերոսներով, յատկապէս այսօր` ընկեր Հրայր Մարուխեանի շիրիմին մօտ:

«Խորհրդանշական է այս օրը, որովհետեւ յիշատակի խօսք ըսելը վայրկեանի մը պատմութեան նայիլն է լոկ, պատմութեամբ ապրիլն է: Այսօր մենք հոս ենք մեր երիտասարդ նոր սերունդով, որ քանի մը վայրկեան ետք պիտի տայ դաշնակցականի երդումը եւ պիտի միանայ մեծ ընտանիքի մը, որուն հազարաւոր անդամները եւս այսօր կը խոնարհին  ընկեր Հրայրի շիրիմին առջեւ»:

Այնուհետեւ օրուան խորհուրդին մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան: Դիմելով Հ. Մարուխեանի ընտանիքի անդամներուն` ան նշեց. «Այսօր մենք կը յիշենք ընկեր Հրայրը, որ ե՛ւ հայոց պատմութեան, ե՛ւ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ համարեայ երեք տասնամեակ եղած է ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկը: Ան կը խորհրդանշէ Դաշնակցութեան սերնդափոխութիւնը. սփիւռքի մէջ ծնած սերունդը կու գար ստանձնելու Դաշնակցութեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը: Կուսակցութեան մէջ ընկեր Հրայրին սերունդը կը յատկանշուի քանի մը կարեւոր ուղղութիւններով, որոնք իրենց մեծ ազդեցութիւնը ձգեցին մեր կուսակցութեան եւ, ընդհանրապէս, ժողովուրդին կեանքին մէջ:

«Առաջինը` կուսակցութիւնը իր գաղափարական հիմունքներուն վերադարձնելն էր, կամ գաղափարական հիմունքները կուսակցութեան վերադարձնելն ու զայն արդիականացնելը: Խօսքը կը վերաբերի Դաշնակցութեան ծրագիրի վերանայման, Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ ընկերվարական գաղափարախօսութեան արդիականացման ու մեր քաղաքական պահանջներու յստակացման:

«Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը Հայ դատի համար ուժեղ պայքարն է, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ո՛չ միայն մեր երիտասարդ սերունդին վրայ, այլ նաեւ համաշխարհային իրականութեան մէջ ճեղքեց լռութեան պատը, որ բարձրացուած էր Հայ դատին շուրջ:

«Երրորդը «Դէպի երկիր»-ն է, որ սկիզբ առաւ արցախեան շարժումէն, բայց վերջաւորութեան նաեւ առաջնորդեց արցախեան շարժումը: Արցախեան շարժումը վերաճեցաւ արցախեան ազատամարտի, եւ, անշուշտ, Հայաստանի անկախութեան ու Հայաստանի Հանրապետութիւն կուսակցութեան վերադարձի հարցին մէջ կարեւոր դերակատարը, առաջնորդող դէմքը ընկեր Հրայր Մարուխեանն էր»:

Մանոյեան ընդգծեց, որ բնականաբար, այդ բոլորը Հրայր Մարուխեան իրականացուցած է կուսակցութեան ղեկավար մարմինին միասնականութեամբ, սակայն անհերքելի է` ամէն ինչ իրականացուած է անոր ոգեշնչումով:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հրայր Մարուխեանի մասին խօսելու ատեն անկարելի է չանդրադառնալ այն վատ փորձառութեան, որ պատահած է Մարուխեանի հետ Երեւանի մէջ: «Երբ Շուշիի ազատագրումէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ անց այդ ժամանակուան Հայաստանի նախագահը (Լեւոն Տէր Պետրոսեան) ընկեր Հրայրը անարդար եւ անհիմն ձեւով արտաքսեց երկրէն: Դժբախտաբար, այսօր որոշ նմանութիւններ կան Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն մէջ: Եթէ այն ժամանակ Շուշիի ազատագրումն ու այդ հարցին մէջ Դաշնակցութեան առաջնորդող անհերքելի դերակատարութիւնը մղած էին, որ այդպիսի ուժեղ հարուած փորձեն հասցնել կուսակցութեան, այսօր տակաւին այդ ուժեղ հարուածը տալու խնդիր չեն դրած իրենց դիմաց, բայց նոյն մօտեցումն է կուսակցութեան նկատմամբ: Այդ ժամանակուան նախագահը իբր թէ կը պաշտպանէր Դաշնակցութիւնը իր ղեկավարութենէն, Դաշնակցութիւնը իբր թէ կը պաշտպանէր ընկեր Հրայրէն, իբր թէ մտահոգ էր Դաշնակցութեամբ եւ այդ հարցին մէջ կը մեղադրէր Հրայր Մարուխեանը: Այսօր ալ, դժբախտաբար, վարչապետի պաշտօնակատարը քարոզարշաւի ժամանակ նման սայթաքումներ ըրաւ` փորձելով ՀՅԴ Բիւրոյի այսօրուան ներկայացուցիչին իբր թէ պատասխանել, հակադարձել` միաժամանակ ըսելով` ասիկա ամբողջ Դաշնակցութեան վրայ չտարածէք, Դաշնակցութիւնը լաւ է, բայց ղեկավարն է վատը: Մենք այս բոլորը տեսած եւ յաղթահարած ենք: Եւ այն փաստը, որ մենք այստեղ ենք` ընկեր Հրայրին շիրիմին մօտ, կը հաստատէ, որ մեր ուղին է ճիշդը: Ընկեր Հրայր իր մահով եկաւ հաստատելու, որ իր բռնած ուղին էր ճիշդը: Ընկեր Հրայր արտաքսման որոշման դիմաց ինքը առաջարկեց, նոյնիսկ պահանջեց կուսակցութենէն, որ ՀՅԴ-ն յանկարծ չդիմէ այնպիսի քայլերու, որ երկիրը ապակայունանայ: Ան այդ անարդար որոշումին ենթարկուեցաւ, բայց իր մահով հաստատեց, որ ճիշդ էր մեր ուղին: Այսօր ալ ճիշդ է մեր ուղին, եւ դիւրին չեն օրերը: Բայց ո՞վ ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը դիւրին օրերու համար է», ըսաւ Մանոյեան` աւելցնելով.  «Եթէ ընկեր Հրայրը ըլլար, պիտի ըսէր` «Պի՛նդ կացէք, ընկերնե՛ր»:

Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Հրայր Մարուխեանի նկարագիրին կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը երիտասարդներուն վստահիլն էր եւ զանոնք խրախուսելը:

«Մեր այսօրուան ղեկավարութեան մեծ մասը ընկեր Հրայրին հետ երիտասարդութեան օրերուն որոշ փորձառութիւն ունեցած են, եւ անոր այդ ներշնչանքն է, որ այսօր մեզ` բոլորս կը ներշնչէ: Վստահ եմ, նոր երիտասարդութիւնը, հակառակ այսօրուան համեմատաբար դժուար օրերուն, եկած է միանալու մեր շարքերուն: Ընկե՛ր Հրայր, կը խոնարհինք քու յիշատակիդ առջեւ եւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը` շարունակելու պայքարը, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանին, ուր կը տիրէ քու դաւանած ընկերվարական հասարակակարգը, հաւասարութիւնը: Պիտի ընդունինք, որ այս օրերը այնքան ալ դժուար չեն, որքան քու ատենդ, բայց կը խոստանանք` պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն եւ ուրախ ենք, որ դուն մեր մէջ ես, եւ միշտ ալ կրնանք հաշուետու ըլլալ քեզի», եզրափակեց Մանոյեան:

Երդման կնքահայրը ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն էր: Երիտասարդներուն երդումը ընդունելու ատեն ան դիմեց անոնց. «Դաշնակցութիւնը եկաւ «Դէպի երկիր» եւ ընձիւղուեցաւ Հայաստանի մէջ: Բոլորս ձեր տարիքին, գուցէ եւ աւելի երիտասարդ, մտանք Դաշնակցութեան շարքերը եւ մեր երթը ուխտեցինք շարունակել մինչեւ Դաշնակցութեան ու մեր ազգի հիմնարար նպատակներու իրագործումը: Ես վստահ եմ, որ ընկեր Հրայրին հոգին այսօր երկինքը կը հրճուի` տեսնելով, որ իր երթը շարունակողներ կան, քանի որ դաշնակցականի համար մեծագոյն յիշատակումն է` տեսնել պայքարի մէջ մտնող նոր աւիւն, նոր սերունդ, որուն համար Հրայր Մարուխեանն իր ամբողջ կեանքը նուիրեց, ապա` զոհեց: Դուք` երիտասարդներդ, պէտք է ձեր ուխտին ու երդման հաւատարիմ մնաք եւ գիտնաք, որ մեր աւագ ընկերները երկինքէն կը հետեւին մեզի, որպէսզի սկսուած երթը մնայ անխափան, մեր գաղափարներն ու սկզբունքները մնան անաղարտ: Դո՛ւք էք ատոր ապացոյցը: Որքան ալ դժուար ըլլայ դաշնակցականի կեանքը, անոր նուիրումը կը պահանջէ էապէս փոխել իր կենցաղը, բայց նաեւ դուք մեծ առաւելութիւն պիտի ունենաք, որովհետեւ պիտի ըլլաք մեր երկրին եւ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծողներուն շարքին»:

Այնուհետեւ, երդուելով ՀՅԴ Ծրագիրին, Կանոնագիրին եւ ատրճանակին վրայ, շուրջ 2 տասնեակ երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ մեծ ընտանիքին շարքերը:

Յուշ միջոցառումը աւարտեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» եւ «Վէրքերով լի» երգերով:

Աւարտին ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին եւ խունկ վառեցին նաեւ դաշնակցական ղեկավար գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին վրայ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.