Հրամանատար Բանոյեանի շունչով ընթացաւ ՍԵՄ-ի բանակումը
1339
0
ՍԵՄ-ի (Սուրիոյ երիտասարկան միութիւն) այս տարուան բանակումը կը կրէր մերօրեայ հերոս, Շուշիի մէջ նահատակուած հրամանատար Յարութ Բանոյեանի անունը: Բանակումի ընթացքին Բանոյեանի շունչն էր, որ կը թեւածէր կարծես բանակավայրին վերեւ, ուր կազմակերպ աշխատանքի, ընկերասիրութեան եւ գաղափարական հասունութեան ենթահողը կը պատրաստուէր:
Բանակումը հարուստ էր դասախօսութիւններով, զրոյցներով, հարց-պատասխաններով, հաւաքական աշխատանքի տարբեր ծրագիրներով, իսկ ընկերային մթնոլորտը օրէ օր աւելի ջերմ կը դառնար: Յանձնախմբային ու խմբային աշխատանքները մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ մը ստեղծած էին ու իւրաքանչիւր խումբ, յանձնախումբ կը փորձէր իր լաւագոյնը ներկայացնել՝ անդամներու այլազան տաղանդներու յայտնաբերումով:
Հալէպէն, Քեսապէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Դամասկոսէն 140 ՍԵՄ-ականներ մասնակից դարձած էին «Յարութ Բանոյեան» բանակումին: Թէեւ մասնակիցները տարբեր շրջաններէ էին, բայց անոնք հաւաքուած էին մէկ գաղափարի շուրջ եւ այդ էր իրենց միասնականութեան գաղտնիքը: Կարծէք մէկ ընտանիքի անդամները ըլլային:
Բանակողները մէկ շաբթուան ընթացքին մօտէն ծանօթացան ՀՅԴ պատմութեան, զրուցեցին հայ երիտասարդը հետաքրքրող զանազան նիւթերու շուրջ, հարստացուցին իրենց գիտելիքներն ու ամենակարեւորը կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակումով տարբեր առաջարկներ ներկայացուցին: