«Հորիզոն»ի լսատեսողական տաղաւարով օժտուիլը մեզի համար յաւելում մըն է եւ հարստացում. հարցազրոյց «Հորիզոն»ի աւագ խմբագիր Վրէժ Արմէնի հետ
- (0)

«Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա Թիթիզեան հարցազրոյց ունեցաւ «Հորիզոն»ի աւագ խմբագիր Վրէժ Արմէնի հետ, որուն ընթացքին ան յայտնեց. «”Հորիզոն”ի լսատեսողական տաղաւարով օժտուիլը մեզի համար յաւելում մըն է եւ հարստացում, բայց պէտք չէ փոխարինէ տպագիր կամ առցանց տարբերակով հրատարակուող թերթը: Ընթերցելը տարբեր ազդեցութիւն կը ներգործէ ընթերցողին վրայ, իսկ տեսանիւթը՝ այլ: Երկուքն ալ կարեւոր են: Տեսանիւթը կրնայ շատ հետաքրքրական ըլլալ, նոր կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել, զանազան հարցեր ներկայացնելու տեսակէտէն, բայց մանաւանդ լուրջ յօդուածներու պարագային՝ հարկ է պահել նաեւ ընթերցելի թերթը»:
Ան նաեւ իր մաղթանքը յայտնեց ըսելով. «”Հորիզոն”ը կը թեւակոխէ իր 46-րդ ամեակը. մաղթանքս է, որ կարենանք 46 տարի եւս շարունակել մեր գոյութիւնը եւ կարենանք երիտասարդներ ներգրաւել մեր շուրջը, որպէսզի թէ՛ զիրենք քաջալերենք եւ թէ՛ մենք կարենանք մեր յաջորդները ապահովել»:
Նշենք, որ Վրէժ Արմէն 1979-ին հիմնադրութեան օրէն ի վեր կապուած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, 11 տարի վարած է խմբագիրի, իսկ 1992-էն ի վեր՝ աւագ խմբագիրի պաշտօնը, միաժամանակ ստանձնած է գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը եւ առ այսօր մաս կը կազմէ «Հորիզոն-Գրական»ի խմբագրակազմին: Վրէժ Արմէն տարիներէ ի վեր առանց ընդմիջումի ունի իր յատուկ սիւնակը «Հորիզոն»ի մէջ իր ոստայններով, ընկերային զրոյցներով, տեսադաշտերով, յուշերով եւ այլազան յօդուածներով: