«Հորիզոն»ի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան կ՚արժանանայ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակին

«Հորիզոն»ի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան արժանացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» համահայկական 2016 թուականի մրցանակաբաշխութեան «Մայրենիի պաշտպան» Գ. մրցանակին:

Սոյն մրցանակը ունի զանազան բաժանմունքներ, որոնցմէ «Մայրենիի պաշտպան» անհատական մրցանակները կը տրուին Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ նշանակալի ներդրում ունեցող ուսուցիչներու, լրատուական ասպարէզին մէջ աշխատողներու, հեղինակներու եւ այլոց:

Նշենք, որ Սոնա Թիթիզեանը «Հորիզոն»ի սրբագրիչն է, կը տանի նաեւ խմբագրական, լրագրական եւ թարգմանական աշխատանքներ: Ան նաեւ «Հորիզոն» Մանկապատանեկանի խմբագիրն է եւ մաս կը կազմէ «Հորիզոն» Գրականին խմբագրակազմին:

Պատուոյ գիրը յանձնուեցաւ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի կողմէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.