Հոլիվուտեան դերասան Ռիչըրտ Կիրի նոր ժապաւէնի բեմագիրն է Էրիք Նազարեան

Այս տարուան Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօնի ցուցադրութիւններուն ծիրէն ներս ներկայացուած «Երեք քրիստոսներ» ժապաւէնը, որ ֆիլմի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի բեմագրութեան հիման վրայ, մեծ արձագանգ գտաւ:

Ժապաւէնը հիմնուած է լեհ-ամերիկացի հոգեբոյժ Միլթըն Ռոքիչի 1964-ին հրատարակած «Իփսիլանթիի քրիստոսները» ինքնակենսագրական վէպին վրայ, որուն գլխաւոր տիպարները՝ հոգեկան երեք հիւանդներ, իւրաքանչիւրը կը կարծէ,թէ ինքը Յիսուս Քրիստոսն է:

Ֆիլմի բեմադրիչ եւ բեմագրութեան համահեղինակ Ճոն Աւնեթ «Երեք քրիստոսներ»ու գլխաւոր դերերէն մէկը յանձնած է Հոլիվուտեան աստղ Ռիչըրտ Կիրին՝ հոգեկան հիւանդներու բուժման նոր ձեւեր որոնող հոգեբոյժ Ալան Սթոնի դերակատարութեամբ:

Ամերիկահայ բեմադրիչ եւ բեմագիր Էրիք Նազարեան ծանօթ է իր «Կապոյտ ժամ» (The Blue Hour) ֆիլմով, որուն մէջ դեր ստանձնած է հոլիվուտեան աստղերէն Ալիսիա Միլանօ: Ան նաեւ բեմադրած է Պոլսոյ մասին վաւերագրական ժապաւէն մը։ Ներկայիս Էրիք Նազարեան իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը վրայ, որուն բեմադրիչն ու բեմագիրը ինքն է։

Թորոնթոյի Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօնին ցուցադրուելէ ետք, բազմաթիւ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ իրենց անդրադարձներուն մէջ գնահատականներ գրեցին «Երեք քրիստոսներ»ու միասին, շեշտելով, որ ֆիլմը յուզիչ է ու իսկ դերակատարութիւնները յաջող եւ ազդեցիկ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.