Հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան աւարառութիւնը եւ մենք
1988
0
Այժմ արդէն յստակ է, որ թուրքևազրպէյճանական վերջին նախայարձակումը (aggression), Իսրայէլի բացայայտ օգնութեամբ, ոչ միայն յանգեցաւ Շուշիի, Հատրութի, Քարվաճառի, Քաշաթաղի և այլ հայրենական տարածքներու բռնագրաւման, ան յանգեցաւ ոչ միայն 5000-է աւելի մատաղ կեանքերու սպանդին, ռազմագերիներու շարունակուող ողբերգութեան, ազգային տնտեսութեան աղէտին, այլև մեր հոգևոր և մշակութային հարստութեան գերեվարման և ճգնաժամին։ Այսօր, Ալիև և իր պատերազմական վոհմակը մեր հոգևոր և մշակութային գանձարանին հետ կը վերաբերուին որպէս ռազմական աւարի ճիշտ այնպէս ինչպէս թուրք իշխանութիւնները՝ Արևմտեան Հայաստանի մեր ազգային ժառանգութեան։
Այն ինչ որ կը պատահի այսօր մեր աչքերուն առջև անկասկած պիտի ունենայ շատ ծանր հետևանքներ։ Երբ թշնամիիդ կը յանձնես քու հայրենական հողդ, ինքնաբերաբար կը յանձնես նաև այդ հողը հայրենացնող բոլոր բանալի կենսագործօնները։ Հողի առևանգումը կը վերածուի լեզուի առևանգման։ Կը վերածուի մշակոյթի առևանգման։ Կը վերածուի քաղաքակրթութեան և արժէքային համակարգի առևանգման։ Եւ ի վերջոյ կը վերածուի ինքնութեան առևանգման։
Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, իրերայաջորդ թուրք իշխանութիւնները լայնօրէն յաջողեցան դիմազեղծել Արևմտեան Հայաստանի քաղաքական և մշակութային ինքնութիւնը։ Ջնջեցին հետքերը մեր քաղաքակրթութեան, յատուկ և հետևողական ռազմավարութեամբ աղաւաղեցին փաստերը մեր պատմութեան։ Փոխեցին տեղանուները։ Փոխարէնը ստեղծեցին մէկ կեղծ պատմութիւն գործի լծելով նաև շարք մը հեղինակաւոր դէմքեր Արևմուտքի ակադեմական ոլորտէն։Ջնջեցին ու նենգափոխեցին պատմական յիշողութիւնը։ Եւ ապացուցեցին, որ այդ ոճրային աւերածութիւնը իրենք կրնան իրագործել քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքերուն առջև և այս վերջինի իսկ մեղսակցութեամբ։
Մենք տեսանք, որ մարդը չէ հասած տակաւին ինքնագիտակցութեան այն մակարդակին, որ ինքնաբերաբար տէր կանգնի իր համամարդկային յիշողութեան։ Պատմական ճշմարտութիւնը հաստատութենական (institutional) տէր չունի։ Խնդրեմ մի խօսիք Իւնեսքոյի մասին։ Մի խօսիք զանազան ակադեմիաներու մասին։ Որոշ մասնագէտներ միայն պատահականօրէն կը լծուին հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսումնասիրութեան և Աստուած գիտէ, թէ ինչպիսի՜ նորմերու կիրարկումով։ Նաև պատահականօրէն որոշ հայ պատմաբաններու գործերը կը մտնեն համաշխարհային շրջանառութեան մէջ։ Փոխարէնը Թուրքիա ստեղծած է «գիտական» փարթամ հիմնարկներ և հայոց պատմութեան փաստերու նենգափոխութիւնը վերածած է ամէնօրեայ գործողութեան։։ Թուրք պետութիւնը առատ փող կը հոսեցնէ համաշխարհային այս զեղծարարութեան (կոռուպցիայի) գետերը պարենաւորելու։
Տասնամեակներու ընթացքին, այս կեղծ գրականութիւնն է, որ կը դառնայ նորմ…Եւ յանկարծ կը տեսնենք, որ թրքական այս հաստատութիւններու «ասպնջականութիւն»ը վայելող նորահաս հայ պատմաբաններ ալ, իրենց կարգին, կ՚ընդգրկուին այս նենգ հոսանքին մէջ…Հիմա կ՚ըստիպուինք մեր պատմութիւնը պաշտպանել այս նորահաս «օսմանագէտ»ներու «արշաւ»ներէն…
Իսկ Փաշինեանական իշխանութիւնը արդէն կը գամէ վերջին գամերը այս դագաղին իր թրքաբովանդակ կրթական քաղաքականութեամբ։ Այս բոլորը մատնանշեցի ըսելու համար, որ մենք այժմ կը գտնուինք Արևելեան Հայաստանի պատմական յիշողութիւնը կորսնցնելու իրական վտանգին առջև։
Ալիև ֆաշիստ բռնատէր մըն է, որ այս պարագային յստակօրէն կը գիտակցի, թէ իր մեծագոյն թշնամին…ինքը՝ պատմութի՛ւնն է։ Այս առումով, գործ ունինք հեռատեսութեամբ օժտուած թշնամիի մը հետ, որ սկսած է հսկայ գումարներ ծախսել իր այս թշնամիին՝ այսինքն պատմութեա՛ն բնաջնջման ծրագրին վրայ։ Ան համոզուած է, որ այս ռազմադաշտին վրայ ինք կրնայ գործել անպատիժ և իր աւերը սփռել ամէն կողմ։
Անշուշտ պէտք է գոհունակութեամբ յիշել ԵւրոԽորհրդարանի Մայիս 19, 2021-ի բանաձևը հայ ռազմագերիներու մասին, որուն 16-երորդ պարբերութիւնը կը խօսի մշակութային ժառանգութեան ապահովութեան մասին։ Կ՚արտագրեմ յօդուածը բանաձևի անգլերէն բնագրէն՝
«…16. (The European Parliament) Strongly insists that both parties refrain from any actions destroying Armenian heritage in Azerbaijan and Azeri heritage in Armenia; calls for the full restoration of demolished sites and for greater involvement of the international community in protecting world heritage in the region;»
Ինչպէս միշտ, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը արուեստականօրէն կը հաւասարեցուին բանաձևին մէջ աւերածութեան մեղքը տարածելով նաև անմեղ կողմին վրայ, որ բացայայտ անարդարութիւն մըն է հայկական կողմին հանդէպ։ Այս բանաձևն իսկ — որ այլապէս ողջունելի դիրքորոշում մըն է ԵւրոԽորհրդարանին կողմէ — կու գայ հաստատելու, որ համաշխարհային մշակոյթի պահպանութիւնը այսօր տէր չունի աշխարհի բեմին վրայ։
Մեր հոգևոր և մշակութային ժառանգութեան տէրը միայն մենք կրնանք ըլլալ։ Հետևաբար մեր պարտաւորութիւնն է պատրաստուիլ նաև այս պատերազմին։
Կարօ Արմենեան