ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցած Պատկերացումը Ներառուեցաւ Լիբանանի Վարչապետի Բարեկարգումներու Փաստաթուղթին Մէջ

Լիբանանցիներուն պոռթկումը վերածուեցաւ երկրին պատմութեան մէջ արտակարգ եւ աննախընթաց երեւոյթի մը, որուն կարեւորութիւնը կը կայանար անոր մէջ, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր արդարացի ցաւը արտայայտեց քաղաքակրթութեամբ` մերժելով խուլիկաններուն մուտքը իր շարքերուն մէջ եւ մնալով կառչած ցոյցերուն խաղաղ բնոյթին:

Ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Չորրորդ օրն ըլլալով լիբանանցիները փակ պահեցին Լիբանանի տարբեր շրջանները եւ հսկայ բազմութիւններով փակեցին փողոցները` «Յեղափոխութիւն» գոռալով, իշխանափոխութիւն պահանջելով, ինչպէս նաեւ պահանջելով վերջ տալ համայնքային դրութեան:

Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան կէս գիշեր Ռիատ Սոլհի, Նահատակաց հրապարակի, Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին, Զուքի, Ղազիրի, Ժիպէյլի, Շեքքայի եւ Ժալ Էլ Տիպի մայրուղիներուն, Պեքաայի, Պաալպեք-Հերմելի, Սայտայի, Սուրի, Նապաթիէի, Պաաքլինի, Շուֆի, Ալէյի, Զահլէի, Հալպայի, Աքքարի, Խալտէի եւ Ժիէի մէջ բողոքի ցոյցերը ընթացան նոյն թափով` բազմամարդ, խաղաղ եւ քաղաքակիրթ:

Ցոյցերուն ընթացքին քաղաքացիները բարձրացուցին միայն մէկ դրօշակ, որ Լիբանանի դրօշակն էր, ինչպէս նաեւ քանի մը անգամ երգեցին Լիբանանի քայլերգը:

Ակներեւ էր եւ դիպուկ յատկապէս երեկոյեան ժամը 6:00-ին բոլոր շրջաններուն մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն կողմէ Լիբանանի քայլերգին երգեցողութիւնը:

Ցուցարարները առաւօտեան կանուխ ժամերուն հրապարակներէն հեռացան` կոչ ուղղելով բոլորին այսօր աւելի մեծ թիւով ներկայանալու ցոյցի վայրերը` շարունակելու համար իրենց պահանջատիրական շարժումը:

Լիբանանի մէջ իշխանափոխութիւն պահանջող այս շարժումին միացան նաեւ արտերկրի լիբանանցիները:

Փարիզի, Պարսելոնայի, Լոնտոնի, Իտալիոյ, Շուէտի, Ինտոնեզիոյ, Նիկերիոյ, Կիպրոսի, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Յորդանանի մէջ ապրող արտերկրի լիբանանցիները լիբանանեան դեսպանատան դիմաց կազմակերպեցին զօրակցական ցոյցեր, որոնց ընթացքին բաժնեցին իրենց հարազատներուն ցաւը` իրենց կարգին կոչ ուղղելով վերջ տալու երկրին մէջ տիրող փտածութեան եւ կոչ ուղղելով վերացնել համայնքային դրութիւնն ու կերտել քաղաքացիական պետութիւն:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն խնդրած կարճ ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան սեղմ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Պու Ֆաուր:

Նիստին ընթացքին մշակուեցաւ տնտեսական բարեկարգումներու փաստաթուղթ մը:

Նախարար Կիտանեան անգամ մը եւս շեշտեց ժողովուրդին պահանջներուն գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին ընկերային-տնտեսական պատկերացումը` հաստատելով նաեւ նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու ամսականները նուազեցնելու իմաստով իրենց հաւանութիւնը:

Կեդրոնական կոմիտէին եւ պլոքին պատկերացումը ներառուեցաւ վարչապետին մշակած բարեկարգումի փաստաթուղթին մէջ:

Բարեկարգումի փաստաթուղթը որդեգրած կարգ մը կէտերէն են. ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու աշխատավարձերը յիսուն առ հարիւրով նուազեցնել, դրամատուներու եւ ապահովագրութեան ընկերութիւններու վրայ 25 առ հարիւր համեմատութեամբ տուրքեր պարտադրել, պետութեան սնտուկները, ինչպէս` գաղթականներու, հարաւային Լիբանանի եւ Բարեկարգումի եւ վերակառուցման սնտուկները ջնջել, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հանգստեան թոշակներու կրճատումները ջնջել, վերաշխուժացնել տնտեսական վերահսկողութեան խորհուրդին աշխատանքը, լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերել եւ ներածուած արտադրութիւններուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել, Կեդրոնական դրամատունն ու մնացեալ դրամատուները երեք միլիառ տոլարի դրամաշնորհներ կը յատկացնեն, իւրացուած գումարները պետութեան վերադարձնելու օրէնքի վաւերացում, բնակարանային վարկերու տրամադրման վերսկսում, դրամատուներու շահերուն վրայ տուրքերը բարձրացնել, բջիջային հեռաձայնի մարզի սեփականաշնորհում, ինչպէս նաեւ նախարարներու, երեսփոխաններու եւ պետական պաշտօնատարներու դրամատնային հաշիւներուն գաղտնիութիւնը վերացնել:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.