ՀՅԴ «Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրով օգնութիւն տրամադրուած է 2000 ընտանիքի
1956
0
Ապրիլ 16-ին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական և ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու օժանդակութեամբ, տուին «Օգնիր հայրենակցիդ – #Միասին կը յաղթենք» ծրագրի մեկնարկը, որուն նպատակը Հայաստանում բնակող անապահով և ճգնաժամի առջև մնացած ընտանիքներուն օգնութեան տրամադրումն է:
Նուիրահաւաքէն գոյացած միջոցներով կը պատրաստուին պարէնամթերքով արկղեր, որոնք այնուհետև կը բաշխուին տարբեր մարզերու մէջ բնակող հայրենակիցներուն։ Մինչ օրս, հնարաւոր եղած է օժանդակել Հայաստանի 7 մարզերու և Երևանի մէջ բնակող շուրջ 2000 ընտանիքի։
Ծրագիրը կը շարունակուի։ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նուիրահաւաքին։