ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեանը հանդիպեցաւ Նոր Նորքի բնակիչներուն հետ
- (0)

Երևանի աuագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 12-ին ՀՅԴ թեկնածուները հանդիպեցան Երևանի Նոր նորք վարչական շրջանի բնակիչներուն հետ: ՀՅԴ-ի խումբը շրջեցաւ փողոցներով, լսեց քաղաքացիներուն, ծանօթացաւ խնդիրներուն, ներկայացուց ՀՅԴ ընտրական ծրագիրը, որը ուղղուած է այդ խնդիրներու լուծման:
ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով այն հարցին` թէ որքանո՞վ կը յաջողին ընտրողին համոզել, որ ՀՅԴ-ին ձայն տան, ըսաւ. «Պէտք է համոզենք, դա մեր պարտքն է: Դա մեզ մօտ ստացւում է»:
Ըստ Մանուկեանի` այսօր քաղաքացիները համերաշխութեան կարիք ունին: «Մենք ենք համերաշխութեան կրողը ու պէտք է մենք մեր գործով և պահուածքով համոզենք, որ կարող ենք արդիւնաւէտ կառավարել քաղաքը, ապահովել համերաշխութիւնը»,- ըսաւ ան։