ՀՅԴ-ն, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Հայրենիք»-ը Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրեն

ՀՅԴ-ն, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները Հոկտեմբեր 8-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրեն համապետական հանրահաւաքի:

Երեք կուսակցութիւնները այսօր տարածած են հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.

«2018-ի գարնան համաժողովրդական շարժումը ստեղծեց երկրի զարգացման որակապէս նոր հնարաւորութիւններ: Հանրութեան մօտ ձեւաւորուեցաւ արատաւոր բարքերը պատմութեան գիրկը ուղարկելու, երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու, երաշխաւորուած եւ առաւել բարեկեցիկ ապագայ ունենալու արդարացի սպասելիքներ:

Անցած աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին հանրութեան սպասելիքները չեն արդարացած: Իշխանութիւնը ձախած է ամէնուրէք: Վտանգուած է երկրի զարգացման հեռանկարը: Իշխող քաղաքական ուժը փաստած է մեր ազգային պետականութեան ուղղուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անկարողութիւնը:

«Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Հայրենիք» կուսակցութիւնները, գնահատելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անխուսափելի համարելով նոր որակի եւ ազգային իշխանութեան ձեւաւորման հրամայականը, Հոկտեմբեր 8-ին ժ. 18:00-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրեն համապետական հանրահաւաքի»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.