ՀՅԴ ՀԵՄ-ի բանակումին կը մասնակիցին հարիւրաւոր երիտասարդներ

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) այս տարուան բանակումը սկսաւ 19 Օգոստոսին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան»ի անուան բանակավայրին մէջ՝ իբրեւ նշանաբան ունենալով «Վերադարձ արմատներին»ը:

Բանակումին կը մասնակցին շուրջ 350 երիտասարդներ Հայաստանի զանազան մարզերէ, Երեւանէն, ինչպէս նաեւ Արցախէն:

Բանակումի օրակարգին վրայ են աշխոյժ վարժութիւններ, արշաւներ, ֆիզիքական եւ մարտավարական պատրաստութեան աշխատանքներ եւ զանազան նիւթերով դասախօսութիւններ:

Բանակումին առաջին բանախօսն էր պատմաբան, ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արթուր Ղազարեան, որ բանակողներուն խօսեցաւ ազգային գաղափարախօսութեան եւ հայոց պատմութեան մէջ ՀՅԴի ունեցած դերակատարութեան մասին։

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ երիտասարդները քննարկեցին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց վերաբերեալ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը։

ՀՅԴ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ Արշակ Մեսրոպեան բանակումին մասնակցողներուն ներկայացուց «Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ գործողութեան պատասխանատու անհատներուն դերակատարութիւնը։

Comments are closed.