ՀՅԴ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը մարմնաւորող քայլերգը՝ «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր»-ը

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն բնականաբար կ’ունենայ իր ծրագիրն ու կանոնագիրը: Ծրագիրը՝ կուսակցութեան անդամներուն գաղափարական առաջնորդն է, կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն տեսական եւ պատճառաբանուած բանաձեւումը: Իսկ Կանոնագիրը՝ կը ճշդէ կուսակցութեան անդամներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, ընդհանուր կերպով՝ գործելու եւ վարուելու եղանակը, անհատ անդամներու եւ անոնցմէ ընտրուած մարմիններու փոխյարաբերութիւնները, ժողովական կարգ-կանոնը եւ այլն:

Կուսակցութիւնը կ’ունենայ նաեւ իր զինանշանը, դրօշը, քայլերգը, որոնք կը խորհրդանշեն եւ կը մարմնաւորեն տուեալ կուսակցութեան հետապնդած գաղափարախօսութիւնը:

Առ այդ կուսակցութեան մը հեղինակութիւնը, գուրծունէութեան ընթացքը, կառուցուածքը, կազմակերպչական ու գաղափարական կառոյցի հոլովոյթը եւ ընդհանրապէս անոր արժէքի մասին կարելի է կռահել եւ ըմբռնել այդ կուսակցութեան սրբութիւն նկատուած՝ Ծրագիր-Կանոնագիրի, զինանշանի, դրօշի եւ քայլերգի, ինչպէս նաեւ կեանքի կոչումէն ետք անոր գործունէութեամբ:

Այս հոդուածով մեր կիզակէտը կը սեւեռենք 1890-ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն, ապա՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան քայլերգին՝ «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր»-ին:

ՀՅԴ քայլերգը ի՞նչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ, ե՞րբ, ինչպէ՞ս, որո՞ւ կողմէ եւ ինչո՞ւ հեղինակին անունը ընդհանրապէս մեծ զանգուածի կողմէ անծանօթ կը մնայ:

Մեր հիմնական նիւթը, որքան ալ խորագրէն յստակ թուի, որ երգի մասին է, այստեղ սակայն ՀՅԴ քայլերգի հանգամաքը նկատի առնելով եւ անոր հետ առնչուած եւ յառաջացած կարգ մը բարդոյթները ճշգրտօրէն լոյս աշխարհ բերելու նպատակով պարտաւորուած ենք հիմնական նիւթը ներկայացնել երեք կարեւորագոյն ուղղութիւններու վրայ.

ա. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը:

բ. «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր» քայլերգի վերլուծումը:

գ. Քայլերգի հեղինակը ու անոր յարափոփոխ եւ այլամերժ նկարագրային գիծերը հանդէպ ՀՅԴ-ի:

Մեր նպատակն է Դաշնակցութեան քայլերգը լուսարձակի տակ առնել եւ անոր հիման վրայ վերլուծել ու վերարժեւորել կուսակցութեան մը ծնունդ տուող՝ ազգի մը կեանքը, անոր հոգեմտաւոր-քաղաքական-գաղափարական աշխարհը, հարազատ նկարագիրը: Այս մէկը կը պահանջէ թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ ազգային-քաղաքական վերլուծումը, ինչպէս նաեւ կուսակցական կարգապահական միջոցներու կիրառման հոլովոյթը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ եւ գործեց հետզհետէ սաստկացող փոթորիկներու մէջ: Ան մարմնաւորեց օտար բռնագրաւողին եւ ստրկացնողին դէմ ժողովրդային արդար ընդվզումը, կերտեց հունը` ստրկութեան շղթաները կոտրելու ձգտող պայքարին, առանց սակարկելու վերցուց մեր ժողովուրդին ուղղուած ճակատագրական մարտահրաւէրներու ձեռնոցները, յաջորդական սերունդներ վարակեց ազգային ազատագրական պայքարի ոգիով եւ զանոնք նետեց յաճախ անհաւասար կռիւի դաշտ, գործնապէս ցոյց տալով բոլորին` հայո՛ւն եւ ճնշող օտարին, թէ բազմահազար տարիներու կեանք ունեցող հայ ժողովուրդը, սեփական հողի, մշակոյթի եւ ազգ-քաղաքական ժառանգութեանց տէր այս ժողովուրդը վճռած է չհեռանալ պատմութեան բեմէն, այլ ապրիլ ու գոյատեւել իբրեւ ինքնուրոյն ազգ-պետութիւն վերատիրանալ այդ ժառանգութեանց եւ վերականգնել ու կերտել իր հաւաքական կեանքը` իր սեփական հողին վրայ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը պայքարի դաշտ մուտք գործեց նախ եւ առաջ ժողովուրդին համար տանելի պայմաններ ապահովելու, հայուն արդար քրտինքով շահուած հացը անոր ընտանիքին ու զաւակներուն բաժին պահելու նպատակով:

Սեփական հողի վրայ մղուած այդ պայքարին հանգրուանները եղան ֆետայական մեծ ու փոքր կռիւները, ինքնապաշտպանութեան ճակատագրական մարտերը՝ հայկական պետականութեան վերկանգնելու տեսլականով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւեց մէկ իտէալով` իրեն ծնունդ տուող ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու կամքով:

Հետեւաբար, ՀՅ Դաշնակցութիւնը օրստօրէ բացառիկ վարկ ունեցաւ հայ կեանքի մէջ: ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը շուտով լայն տարածում ստացաւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ: Կուկունեանի արշաւանք, Պանք Օթոման, Խանասորի արշաւանք, ռուսահայոց ազգ. եկեղեցական գոյքերու պաշտպանութիւն` ընդդէմ ցարիզմի, Սասունի ապստամբութիւն, սուլթանի մահափորձ, հայ-թաթարական կռիւներ, միջազգային դիւանագիտական ձեռնարկներ եւ ժամանակի ընթացքին տակաւին շատ ու շատ գործունէութեան դաշտեր․ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը այնուհետեւ պիտի ըլլար Հայոց պատմութիւնը:

Պէտք է ըսել, որ ՀՅԴ կուսակցութիւնը ծնունդէն մինչեւ 1905 թուական քայլերգ չունէր, եւ ոչ մէկ փորձ կատարուած էր այդ առնչութեամբ:

1905-ի հոկտեմբերին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն: Մէկ-երկու տարի փոքր ինչ շունչ քաշեցին ցարական բռնակալութեան տակ հեծող ժողովուրդները, նաեւ հայութիւնը: Կեանքի կոչուեցան արհեստակցական, քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, համագործակցականներ, բացուեցան դպրոցներ, հիմնուեցաւ կուսակցական մամուլ եւ այլն:

Դաշնակցութեան ձեռքն անցաւ ղեկավարութիւնը բովանդակ հայ կեանքի, ոչ պակաս չափով նաեւ՝ զուտ բանուորական եւ գիւղացիական շարժումներու: Գործադուլները եւ աշխատաւորական ցոյցերը սովորական երեւոյթ դարձան: Ապարդիւն անցան Դաշնակցութեան հակառակորդներու եւ մասնաւորապէս սոցիալ-դեմոկրատներու ջանքերը՝ խլելու ղեկավարութիւնը կուսակցութեան ձեռքէն:

Այստեղ, խիստ անհրաժեշտ կը նկատենք մէջբերել վերոնշեալ միտքին հետ առնչուող ՀՅ Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագրի մէկ կարեւոր այն հատուածը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի առաջին էջին վրայ «Մեր ծրագիրը» խորագրին տակ, որ կեղեքողներու եւ կեղեքուողներու մասին կ’ըսէ. «Այն ժամանակից, երբ մարդկութիւնը ոտ է դրել քաղաքակրթութեան ուղիի վրայ, այն ժամանակից, երբ նա սկսել է ունենալ իր պատմութիւնը, մենք տեսնում ենք ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ իշխողներ ու հպատակներ, կեղեքողներ եւ կեղեքուողներ, տանջողներ եւ տանջուողներ: Տարապեալի լաց ու կոծի, աշխատաւորի ծանր տնքոցի հետ միասին ամէն տեղից մեր ականջին են հասնում ձրիակերներ իշխողների ցնծական աղաղակները»: Ապա կը շարունակուի. «Եւ նա կը հասնի կատարեալ յաղթութեան, երբ կը վերանան ամէն տեսակ դասակարգեր, երբ աշխատանքի միջոցները եւ արդիւնքը կը դառնան աշխատաւորի կատարեալ սեփականութիւն, երբ մարդկանց կառավարութեան կը փոխարինի իրերի կառավարութիւնը» :

Այսպիսով, տնտեսութիւնը դարձած էր բոլորին հետաքրքրութեան առարկան: ՀՅԴ-ն եւս ազդուելով իր միջավայրէն` քննարկումներ կազմակերպեց ընկերային եւ տնտեսական հարցերու շուրջ, կազմակերպեց արհեստաւորական միութիւններ եւ նախաձեռնեց «Կովկասեան նախագիծ»-ը, որ հիմքը դրաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարացման եւ առիթ տուաւ անոր` Ռուսիոյ մէջ համագործակցելու այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու հետ եւ իր մեծ մասնակցութիւնը բերելու 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան:

1906-ի վերջերուն, ՀՅԴ-ի անդամ երգահան-երաժշտագէտ Գրիգոր Միրզայեան Սիւնի, որ կը բնակէր Թիֆլիսի «Մամա Դաւիթ» (վրացերէն: Իսկ հայ.՝ Սուրբ Դաւիթ, Հայր Դաւիթ) կոչուած բլուրի լանջին գտնուող տան մը մէջ, միտք մը կը յղանայ՝ ՀՅԴ կուսակցութեան նուիրուած յատուկ քայլերգ մը յօրինել եւ դաշնաւորել, որուն մէջ ըլլար կուսակցութեան դաւանած գաղափարական վարդապետութիւնը:

Ո՞վ էր Գրիգոր Միրզայեան եւ երաժշտական ի՞նչ կարողութիւններ ունէր: Ան ծնած է Գետաբեկ (Գանձակի շրջան), 10 Սեպտեմբեր, 1876-ին, երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ: Սիւնիքի իշխանական տոհմի՝ Սիւնիներու հետ հեռաւոր կապի պատճառով, յետագային Սիւնի մականունը որդեգրած է: 1878-ին ընտանիքով փոխադրուած է Շուշի, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: 1891 թուականէն սորված է Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ, եւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ու Կոմիտաս Վարդապետի ազդեցութեամբ զբաղած՝ ժողովրդական երգերու հաւաքումով ու դաշնաւորումով: 1895-ին աւարտելով ճեմարանը, Շուշիի մէջ երգչախումբ կազմակերպած եւ համերգ տուած՝ իր բազմաձայնած ժողովրդական երգերով:

Նոյն տարին մեկնելով Ս. Փեթերպուրկ, 1898-1904-ին ուսանած ու աւարտած է տեղւոյն երաժշտանոցը, նաեւ ղեկավարած է տեղւոյն հայկական եկեղեցիի երգչախումբը:

Երիտասարդ տարիքէն, Գրիգոր Սիւնի քաղաքական գործունէութեամբ զբաղած է: Անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ իր երաժշտական գործունէութիւնը նաեւ դրած է ի սպաս կուսակցութեան, յօրինելով ազգային-յեղափոխական երգեր: Միաժամանակ, մշակած է հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր ու գրած՝ մեներգեր եւ բազմաձայն գործեր:

Սիմոն Վրացեան, Սիւնիի մասին հետեւեալը կ’արտայայտուի. «Երաժշտագէտ Գրիգոր Սիւնին իմ մտերիմ ընկերներից էր: Գոնէ ինքը այդպէս էր ցոյց տալիս: Եւ արդէն ո՞ւմ հետ մտերիմ չէր Սիւնին:

«Ղարաբաղցի էր, ղարաբաղցիական շեշտուած յատկութիւններով: Արտաքինով կոպիտ եւ առաջին հայեացքից անհամակրելի: Կոշտ խօսելակերպ եւ շողոքորթ լեզու ունէր: Այդ կառապանի տեսքով մարդը օժտուած էր երաժշտական անվիճելի տաղանդով: Պատանի տարիքին թառ էր նուագում, թրքական չայխանաներում: Ապա յաջողել էր երաժշտութիւն ուսանել Պետերբուգում՝ միաժամանակ կատարելով դպրապետի պաշտօն Հայոց եկեղեցում:

«Կատաղի դաշնակցական էր Գրիգոր Սիւնին՝ ձախ հակումներով» :

1905-1907-ին երաժշտութիւն դասաւանդած է Թիֆլիսի «Ներսէսեան» դպրոցին մէջ եւ Հայոց Դրամատիկական Ընկերութեան միջոցով բեմադրած՝ իր «Արեգնազան» օփերան: Նաեւ գրած է «Ասլի եւ Քարամ» երգախառն թատերախաղը: Իր յետագայ ստեղծագործութիւնները գլխաւորաբար համերգային գործունէութեան նուիրուած են:

Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնի, այդ ժամանակաշրջանին տեսած ու ապրած էր Ռուսիոյ յեղափոխութեան դրդապատճառը՝ բանուորութեան նիւթական թշուառութիւնը, տանջանքն ու զրկանքը եւ առնուած քայլերը վերջ տալու համար անարդար եւ անհաւասար համակարգին, խլելով դրամագլուխի հարստութիւնը փոքրամասնութեան ձեռքէն եւ յանձնել զայն բանուորներուն: Իսկ միւս կողմէ Կովկասի շրջանը, յատկապէս Պաքուի, Թիֆլիսի եւ հայահոծ այլ քաղաքներու մէջ հայ բանուորին վիճակը տարբեր չէր այլ ազգի բանուորներու վիճակէն Ճարտարարուեստի նոր հնարքին հետ միասին անոնք եւս դատապարտուած էին շահագործումի, ենթարկուած էին տանջանքի եւ զրկանքի:

Այս բոլորը բնականաբար պատճառներ էին, որ Դաշնակցական երգահան-երաժշտագէտ Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնին ազդուէր նախ տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած ընկերային, տնտեսական ու հասարակութիւնը յուզող կենսական իրադարձութիւններէն, ապա ՀՅԴ-ի նախաձեռնած «Կովկասեան նախագիծ»-էն, որ հիմը դրաւ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնային հիմունքներէն՝ ընկերվարացման:

Հետեւաբար, Դաշնակցութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունէր օրուան ռուսական պայմանները՝ մարքսականութիւնը յարմարեցնելու հայկական պայմաններուն հետ, այս առնչութեամբ քաջ տեղեակ ենք Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան), պաշտպանած թեզը բանուորներու նկատմաբ, որուն գրիչին կը պատկանի ՀՅԴ-ի անդրանիկ ծրագիրին «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինը (հետագային վերամշակուած):

Գրիգոր Սիւնի, Թիֆլիսի իր բնակարանին մէջ օրեր շարունակ լծուեցաւ կուսակցութեան քայլերգի ստեղծագործութեան:

Մէկ կողմէ բառերու գրութիւն, միւս կողմէ, երաժշտական յօրինում. իր քովը գացող ընկերներու առջեւ, կը կարդար յօրինել սկսած «Մշակ բանուոր»-ի տողերը եւ միեւնոյն ժամանակ կը նուագէր, իրմէ անբաժան եղող դաշնակի ընկերակցութեամբ, կը փորձէր սեփական եղանակաւորումը: Եւ այդպէս՝ շարք մը անգամներ, մինչեւ որ վերջնականապէս պատրաստ էր:

Սիւնի, երկար ժամեր տրամադրեց քայլերգի յօրինման: Ամբողջ թափով լծուեցաւ երաժշտական արուեստի իր մօտեցումներն ու սկզբունքները կատարելագործելու աշխատանքին: Վերջապէս օրերու վրայ երկարած այդ աշխատանքին արգասիքը եղաւ իւրայատկութեամբ եւ մասնագիտական բարձր ճաշակով քայլերգ մը:

Ահա այդպէս ծնունդ պիտի առնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան քայլերգը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ քայլերգի բնագիրը.

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանանք, յառաջ գնանք…

Աշխատանքի դատի պաշտպան

Դաշնակցութեան թեւ թիկունք տանք:

Ա՜խ, մենք տանջուենք, քրտինք թափենք,

Արիւն-վաստակ դատենք, դիզենք,

Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն:

Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք,

Արիւն, քրտինք երկունք մտէ՛ք,

Տանջանք, զրկանք լեզու առէք,

Սոցիալիզմի ճամբայ բացէ՛ք…

Պէտք է նշել, որ քայլերգի բնագրին մէջ, վերջին տողի առաջին բառը, ըստ օրուան պայմաններուն եւ քայլերգի ծնունդի դրդապատճառներէն մէկնած՝ արձանագրուած է «Սոցիալիզմի»: Հետագային սակայն այդ բառը փոխարինուած է «Դաշնակցութեան»-ի: Այսպէս, ուրեմն՝ «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:

«Մշակ, բանուոր»-ը այդ տարիներուն տակաւին շատ չէր երգուէր Դաշնակցական հաւաքոյթներու-խրախճանքներու մէջ, այնպէս որ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքայիններու համար «Մշակ, բանուոր»-ը տակաւին անծանօթ կը մնար:

Ուսումնասիրելով 1905 թուականի ժամանակաշրջանին Ռուսիոյ եւ Կովկասի տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած գաղափարախօսական մթնոլորտը ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ քայլերգն ու անոր բառերու իմաստը յատկապէս, կը հետեւցնենք, թէ երգը իր բովանդակութեամբ կոչ մըն է: Ուղղակի կոչ մը աշխատաւոր հանրութեան` միանալու եւ պայքարելու ընդդէմ անարդարութեան: Գլխաւոր կիզակէտը «դասակարգ»-ի մը կամ հասարակական «հատուած»-ի մը վրայ կեդրոնացած:

Հոն կը յայտնուին հիմնական քանի մը բառեր՝ միտքեր եւ կառուցուածքային հիմքեր, որոնք կ’ընդգծեն ՀՅԴ գաղափարախօսութեան գլխաւոր սլաքները: Այդ առումով ալ լուսարձակի տակ կ’առնենք հոն տեղ գտած այն բառերը, որ բացատրողականի կարիք ունեն: Ուստի, կը մանրամասնենք անոնց նախ բառարանային արժէքը, ապա՝ գաղափարախօսական առանցքները:

ՀՅԴ-ի քայլերգը առաջին իսկ տողին, առաջին բառը կը սկսի ՄՇԱԿ բառով: Մշակը, լայն առումով հողի մշակութեամբ զբաղուող, երկրագործ, վարձու աշխատող, բանուորն է: Հին Հայաստանի մէջ մշակ կոչուած են արքունի եւ տաճարային տիրոյթներու մէջ աշխատող շինականները: Մշակ կոչուած է այն հողագործը, ով մշակած է ուրիշի հողը, ունեցած սեփական տուն, ընտանիք:

Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մշակները կախեալ գիւղացիներու այն խաւն էին, որոնք կորսնցնելով իրենց հողակտորը, յաճախ նաեւ արտադրութեան գործիքները, կը վարձակալուէին հողատէր-աւատատէրի մօտ եւ կ’աշխատէին անոնց հողատիրույթներու մէջ:

Ուշ միջնադարեան Հայաստանի մէջ մշակ կը համարուէին աշխատաւոր գիւղացիութեան բոլոր խաւերը, ինչպէս նաեւ վարձքով աշխատող քաղաքաբնակները: XIX դարու եւ XX դարու սկիզբին մշակ կոչուած են ընդհանրապէս երկրագործները, վարձու աշխատողները, բանուորները: Փոխաբերական իմաստով՝ որեւէ բնագաւառի (արուեստի, գիտութեան, կրօնի եւ այլն) աշխատող:

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանանք, յառաջ գնանք,

Յաջորդ բառը, որ նոյնպէս կը գտնուի առաջին իսկ տողին վրայ կը կարդանք ՌԵՆՉՊԷՐ` իբրեւ համակիր տարր ու նեցուկ. ըստ Մալխասեան բառարանի, պարսկերէնէ փոխառեալ է եւ կը նշանակէ` հողագործ, երկրագործ, աշխատաւոր: Պէտք է ըսել, թէ «ռա»-ով սկսող հայերէն բառարմատները թիւով չափազանց սահմանափակ են, այլեւ` օտարամուտ: Այս բառերէն մէկն ալ «ռանչպար»-ն է, որ երբեմն կը գրուի «ռենչպէր» ձեւով:

Այլ բառ մըն ալ՝ «Շահագործող ցեցեր վատնեն» տողին մէջն է, զոր տողը նախ իր ամբողջութեան մէջ խորիմաստ ըսելիք ունի: Սակայն, հոս ՑԵՑը պարզ բառարանային իմաստով կը նշանակէ. բրդեղենի, մուշտակեղենի, հացահատիկներու, բոյսերու ու կահոյքի վնասատու թիթեռ, ուտիճ: Իսկ փոխաբերական իմաստով. ա. Ան, ինչ որ կը մաշեցնէ՝ կը սպառէ՝ կը փչացնէ: Երեխան, որ կայ՝ հացի ցեց է (ասացուածք): բ. Հոգին տանջող՝ մաշող հանգամանք: գ. Կեղեքիչ, հարստահարող:

Հետեւաբար, խօսքը կը վերաբերի Ցարին, Սուլթանին ու բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդին ունեցուածքն ու ինչքերը թալանած եւ կողոպտած են: Այլ խօսքով կեղեքած ու հարստահարած անոնց քրտինքն ու ինչքերը եւ այդ միտնքն է, որ ցայտուն կերպով կը շեշտադրուի քայլերքի հետեւեալ տողերուն մէջ.

Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն:

Իսկ քայլերգի բնագրին մէջ տեղ գտած, վերջին տողի առաջին բառը ՍՈՑԻԱԼԻԶՄԻ, արդէն այն վարդապետութիւնն էր, որուն Դաշնակցութիւնը հաւատաց, որդեգրեց եւ ամրագրեց իր «Ծրագիր»-ով: Քայլերգի «Սոցիալիզմի» բառը հետագային փոխարինուած է «Դաշնակցութեան»-ի: Այսպէս, ուրեմն՝ «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:

ՀՅ Դաշնակցութեան էութիւնը, քայլերգով արտացոլացող այդ մեծ գաղափարախօսութիւնը հիմնաւորուած էր ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ հիմունքի մէջ:

Սոցիալիզմ կամ ընկերվարութիւն (լատ.՝ socialis — ընկերական, հասարակական), տնտեսական եւ ընկերային համակարգերու համակցութիւն, որ կը բնորոշուի արտադրութեան միջոցներու հանրային սեփականութեամբ եւ աշխատողներու ինքնակառավարմամբ, ինչպէս նաեւ սոցիալիզմի հետ միութիւն՝ քաղաքական տեսութիւններով եւ շարժումներով:

Հասարակական սեփականութիւնը կրնայ ըլլալ հանրային, ընդհանուր կամ համագործակցական սեփականութիւն: Կան սոցիալիզմի տարբեր տեսակներ եւ չկայ ընդհանուր սահմանում, որ բնորոշէ բոլորին, քանի որ հասարակական սեփականութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով:

Ընկերվարութիւնը, իբրեւ միջազգային վարդապետութիւն, ցայտուն դարձած է 18-րդ դարուն` որպէս երազային կամ ցնորական ընկերվարութիւն, որուն գլխաւոր արտայայտիչները եղած են անգլիացի Թոմաս Մոր եւ ֆրանսացի Սեն-Սիմոն: Սակայն անոնք չունէին պայքարի յստակ ուղի:

Գիտական ընկերվարութիւնը կը բնորոշուէր ընկերութեան մէջ ախտաճանաչումներ կատարելու եւ այս հիման վրայ հասնելու արդիւնքներու:

Իսկ համագործակցական ընկերվարութիւնը, որուն գլխաւոր արտայայտիչն էր Ռոպերթ Օըն: Ան հիմնած էր գործարան մը, որուն հասոյթը հաւասարապէս կը բաժնուէր գործաւորներուն: Ան կը ձգտէր իր գաղափարները տարածել իր գիրքերու ընդմէջէն եւ ընկերվարութիւնը իրագործել նեղ շրջանակի մը մէջ:

Ընկերվարութեան գաղափարախօսներէն էր Քարլ Մարքս:

ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմունքներուն շարքին է «Ընկերվարութիւնը»:

1892-ին Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրը Մարքսի գաղափարներու յստակ ազդեցութիւնը կը կրէր, որովհետեւ յիշեալ գաղափարները այդ օրերուն ամէնէն ազդեցիկներն էին, եւ Ռոստոմ ազդուած էր անոնցմէ:

1904-ին Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ գումարուած 3-րդ Ընդհանուր ժողովին Դաշնակցութեան ծրագիրը դէպի ընկերվարութիւն քայլ մը արձանագրեց:

1907-ին Վիեննայի (Աւստրիա) մէջ գումարուած 4-րդ Ընդհանուր ժողովին վերամշակուած ձեւով ՀՅԴ ծրագիրը ունեցաւ իր ինքնուրոյն դիմագիծը, ուր բիւրեղացաւ ընկերվարութեան գաղափարը:

ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան առանձնայատկութիւնները հետեւեալներն են.

  1. Ենթակայական արժէքներու գնահատում, ազգային նկարագիր, անհատական խիղճ, կրօն, գիտակցութիւն եւ այլն, ինչ որ չկար Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ:
  2. Անհատական նախաձեռնութիւններու արժեւորում: Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ չէր յիշուեր անձնական (անհատական) արժէքներ, մինչ Դաշնակցութեան մօտ անհատին հոգեւոր եւ մտային զարգացումը իր արժէքը կը ներկայացնէ:
  3. Ժողովրդավարութիւն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ հաշտեցնել ընկերվարականութիւնը հայկական քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններուն հետ: ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարականութիւնը «վերաքննական» եւ իրապաշտ էր: ՀՅԴ-ն, մերժելով մարքսական ուղղափառութիւնը, որ որդեգրուեցաւ հայկական եւ օտար այլ կուսակցութիւններու կողմե՝ քալեց ժամանակի ոգիին հետ եւ մնաց ամէնէ իրապաշտը եւ հաստատունը հայ ազգի պատմութեան մէջ:

Քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ ու մտաւորական Նիկոլ Աղբալեան այսպէս արտայայտուած է ՀՅԴ-ի ընկերվարութեան մասին. «ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակն է վերադարձնել հայոց ազգին իր պատմական հայրենիքը եւ հաստատել այնտեղ ընկերվարական կարգեր` հայ պետութեան հովանու տակ: Այսպիսով, մեր կուսակցութիւնը ո՛չ շահասիրական եւ ո՛չ շահակցական միութիւն է. միաժամանակ նա բարեսիրական ընկերութիւն չէ»:

ՀՅԴ-ի ծնունդէն 15 տարի անցած այդ ժամանակահատուածը, ընդհանրապէս ՀՅԴ կազմաւորման տարիներն էին: Հետեւաբար, կուսակցութեան մը հիմնումէն 15 տարի անց՝ անոր կարգաւորուած իրավիճակը աւելի ընդգծուած եւ յստակ միտքերու տեղ պիտի տար քայլերգին մէջ, քան առաջին օրէն գրուած եթէ ըլլար:

1906-ի յաջորդող տարիները, իրենց հետ բերին յետաշրջութիւն եւ հալածանք յեղափոխական կազմակերպութիւններու եւ առաւելապէս ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ: Հետապնդումներ, հալածանք, դատավարութիւններ, աքսոր, բանտ եւ այլն: Շատեր կրցան խուսաբիլ եւ աւելի ապահով վայրերու մէջ ապաստանիլ:

Սիւննիի այդ օրերու կեցուածքին մասին կը պատմէ անոր Շուշիի թեմական դպրոցի դասընկեր Արտաշէս Աբեղեանը. «Այն եւս իմացանք, որ սայթաքումների ճամբան է բռնել ոչ միայն որպէս անհատ, այլ եւ ազգային ու քաղաքական գետնի վրայ: Չեն ազդել աննման Ռոստոմի սաստերն անգամ: Միշտ նորանոր վրիպումներ: Այդպիսիների տեղը չէր, ի հարկէ, Դաշնակցութիւնը» :

Ահա թէ ինչպէս Դաշնակցական երգահան-երաժշտագէտ Գրիգոր Միրզայեանը հետզհետէ կը թեքուէր այլ գաղափարական հոսանքներու:

1908-ին ցարական կառավարութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուելով, Սիւնի մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան, հաստատուելով նախ Տրապիզոն եւ 1910-ին՝ Կարին, ուր մինչեւ 1914 դասաւանդած է «Սանասարեան» վարժարանին մէջ:

Ս. Վրացեան, այսպէս կը բնութագրէ Սիւնիի Կարին մեկնումն ու անոր դէմ կուսակցութեան կողմէ քննութիւն ու դատ բացելու եղանակը. «Եւ մի օր, ամէնքի համար անսպասելի կերպով, Սիւնին լեցնում է իր ընտանիքի անդամներին ֆուրգոն եւ մեկնում է Կարին: Իսկ քիչ վերջը Հայաստանի Բիւրոն ստանում է Նաւահանգստի Կենտ. Կոմիտէից ընդարձակ մի բողոքագիր Գրիգոր Սիւնիի դէմ: Առաջ բերուած փաստերը այնքան աղաղակող էին, որ Բիւրոն որոշում է անմիջապէս կախակայել Սիւնիին եւ քննութիւն ու դատ նշանակել: Եւ քննութիւնը ինձ է վիճակւում» :

Այստեղ, այս աշխատութիւնը պատեհ առիթ է, որ Գրիգոր Սիւնիի կեանքի մասին ու անոր կուսակցական գայթակղութիւնները եւ հետագային հակադաշնակցական դառնալու իրողութիւնը ամբողջական վիճակին մէջ ներկայացնել: Փարատելու համար մէկ անգամ ընդմիշտ մեծ երաժշտագէտի կատարած հակականոնագրային ընթացքը, եւ այդ առումով ընդհանրապէս երգարաններու մէջ անոր անունը չյիշատակելու պատճառը: Թէեւ անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ քայլերգի հեղինակին անունի նշումը պէտք չէ կապենք անոր անձնական կեանքին հետ, այլ պատմական կարեւորութեան եւ արդար ըլլալու համար պէտք է քայլերգի կողքին Գրիգոր Սիւնիի անունը տեղ գտնէ:

Արդարեւ, Սիմոն Վրացեան ընդունելով Սիւնիի կուսակցական քննութիւնը կը պարզէ. «Այսպէս թէ այնպէս, ես պէտք է դառնայի իմ մտերիմ ընկեր Գրիգոր Սիւնիի դատական գործի քննիչ: Երբ ծանօթացայ թղթածրարին, սարսափեցի. այնքա՜ն ահաւոր փաստեր էին արձանագրուած: Սիւնին մեղադրւում էր բազմաթիւ անբարոյական արարքների մէջ իր երգչախումբի անդամ աղջիկների վերաբերմամբ» :

Վրացեան, կ’աւելցնէ. «Զգոյշ թէ անզգոյշ՝ ես ձեռնարկեցի քննութեան: Իրար յետեւից հարցաքննեցի քսանի մօտ աղջիկներ Տրապիզոնի խոնարհ դասից եւ անուանի ընտանիքներից: Հարցաքննեցի մի շարք երիտասարդներ՝ որոնք ամբաստանութեան տակ էին: Տեսնուեցի քահանաների, բժիշկների, ու անհատ քաղաքացիների հետ: Պարզուած պատկերները ցնցող էր, սահմռկեցուցիչ — այս բառը նոր էի սովորել Պոլսում:

«Հարցաքննութիւնը երեւան հանեց ահաւոր փաստեր, որոնք կարելի չէ գրով ներկայացնել :

«Դժուարանում էի քննութեան տեղեկագիրը կազմել: Շշմել էի հայ նահապետական համարուած ընտանիքներում պարզուած բարոյական պատկերից: Միայն Սիւնիի հարց չէր. Սիւնիին կարելի էր նկատել հիւանդ: Ընդհանուր վիճակը մռայլ էր:

Կարո՞ղ էի երեւակայել մի հայ աղջիկ, որ երիտասարդ քննիչի առջեւ, առանց քաշուելու, բաց ու համարձակ խօսէր սեռական ամենաինտիմ բաների մասին…» :

Վրացեան, Սիւննի քննութիւնն ու դատը աւարտելէ յետոյ կը ներկայացնէ Կուսակցութեան համապատասխան մարմինին:

Վրացեան, այդ մասին կը գրէ. «Երբ վերջը իմ ներկայութեամբ, կարդացուեց իմ տեղեկագիրը, բժ. Տէր Դաւթեանը խորհրդաւոր կերպով ասաց Ռոստոմին.

«— Տեսա՞ր…

«Ռոստոմը գոհ էր, որ ես պատւով դուրս եկայ փորձութիւնից. բայց սաստիկ ազդուել էր Սիւնիի արածներից: Նա մասնաւոր հոգածութիւն էր ցոյց տալիս Սիւնիի ընտանիքի հանդէպ եւ տխուր էր, որ կուսակցութիւնը կորցնում էր տաղանդաւոր մի երաժիշտ :

«— Ամէն զիբիլ կարող է օգտակար լինել կուսակցութեան» :

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցութեան յետ քննութիւններուն եւ դատին Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնի 1910-ին, ՀՅԴ շարքերէն կ’արտաքսուի:

Սիւնիի, կուսակցութենէն արտաքսման եւ հակառակ արտաքսման, սակայն անոր ընտանիքին նիւթաբարոյական օժանդակութեան մասին, Վրացեան այսպէս պիտի ընդգծէր. «Բայց կուսակցութիւնից արտաքսուած Սիւնին շարունակեց մնալ մեր ընկերական շրջանակում եւ իր երաժշտական շնորհքով օգտակար լինել, թէեւ Կարինի ընտանիքներում նա գրեթէ մուտք չունէր երես չէին տալիս նրան։ Ռոստոմը շարունակում էր օգնել նրա ընտանիքին, բայց գլխաւոր ծանրութիւնը ընկաւ իմ վրայ:

Սիւնիի կնոջ դպրոցից ստացած ռոճիկը չէր բաւականանում տան կարիքները հոգալու, եւ ես իմ ռոճիկի մի մասը, ամէն ամիս, տալիս էի Սիւնիի մօրը, որ վարում էր տնտեսութիւնը: …» :

1914-ին վերադառնալով Թիֆլիս, Սիւնի շարունակած է իր կազմակերպական եւ երաժշտական եռանդուն գործունէութիւնը:

Վրացեան, աւելի պարզաբանելով Գրիգոր Սիւնիի բարոյական բազմատեսակ սայթաքումներու մասին մեզի կը ներկայացնէ այլ իրողութիւն մը եւս ընդգծելու համար անոր հակամարդկային ու դաշնակցականի ոչ վայել ընթացքը, այսպէս կը նկարագրէ Վրացեան. «Ամերիկա մեկնելովս իմ յարաբերութիւնները Սիւնիի հետ գրեթէ կտրուեցին: Նորից իրար հանդիպեցինք 1914-ի ամառը, երբ Կարին էի վերադարձել Ընդհանուր Ժողովի առթիւ: Մեր առաջին իսկ տեսակցութիւնից յետոյ, Փիլոսը զգուշացրեց.

«— Ձեռք քաշէ այդ շունէն: Ամէն օր ռուս հիւպատոսի մօտ է…

«Արդար թէ անարդար՝ Կարինում կարծիք էր ստեղծուել, որ Սիւնին ռուսական գործակալ էր: Ատրունին ասում էր, թէ Թուրքերի մօտ էլ նա ճանաչուած էր, իբրեւ ռուսական գաղտնի գործակալ:

«Երեւի այս կասկածը անհիմն չէր, որովհետեւ հէնց որ եւրոպական պատերազմը սկսուեց, դեռ սէֆէր-պէրլիկը չյայտարարուած, Սիւնին հաւաքեց իր ընտանիքը եւ, ռուս հիւպատոսի արտօնութեամբ, մեկնեց Կովկաս: Մեկնելիս ասել էր, թէ ընտանիքը պիտի հասցնի Թիֆլիս եւ վերադառնայ: Տունը մէջի իրերով թողել էր գոց :

«Սիւնիի Մեկնելուց մի քանի օր անցած մօտս եկան Լեւոն Մազմանեանը եւ Ախալցխացի դաշնակցական մարտիկ Նիկոլը, որ վերջը վաշտապետ եղաւ Անդրանիկի խմբում: Նրանք արին հետեւեալ պատմութիւնը.

«Սիւնին, Լեւոնը, Նիկոլը եւ Զուլալը կազմել էին ընկերութիւն, որ զէնք էր բերում արտասահմանից եւ ծախում հայերին՝ իբրեւ աջակցութիւն կուսակցութեան ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան գործում: Զուլալը մնում էր Տրապիզոնում, Կիրասոնում եւ Եւրոպայից զէնքեր ստանալով՝ ջորեպանների միջոցով ուղարկում էր Կարին:

Կարինում ջորեպանները սնտուկները յանձնում էին Սիւնիին: Լեւոնը եւ Նիկոլը Սիւնիի հետ բաց էին անում սնտուկները, ստուգում էին մէջի զէնքերը եւ տեղաւորում նախօրօք պատրաստուած պահարաններում:

«Վերջին անգամ ջորեպանները սովորական ձեւով, գիշերով, սնտուկները հասցնում էին Սիւնիին: Յաջորդ օր Լեւոնն ու Նիկոլը Սիւնիի հետ բաց են անում սնտուկները, որոնք լեցուած են լինում… քարերով: Սիւնին երդում-պատառ է լինում, թէ ինքը ձեռք չի տուել սնտուկներին, թէ Տրապիզոնում կամ ճանապարհին ջորեպանները կարող էին զէնքերը հանել ու տեղը քար լեցնել:

«Լեւոնն ու Նիկոլը աշխատել են գողութեան հետքը գտնել, բայց անհետեւանք: Չեն կասկածել Սիւնիի վրայ, բայց վերջինիս շռայլ ծախսերի եւ անակնկալ փախուստի վրայ, սկսել են տատանուել: Մտել են Սիւնիի բնակարանը, նայել վեր ու վար, ոչ մի հետք չեն գտել: Հիմա ծանր կասկածի մէջ են…

«Պատմութիւնը իմ վրայ էլ ցնցող տպաւորութիւն թողեց:

«— Ռոստոմը գիտէ՞, հարցրի ես:

«Չգիտէր: Ոչ ոքի չէին յայտնել:

«Առաջին հերթին, նախքան ուրիշ բանի մասին մտածելը, անհրաժեշտ էր մի անգամ էլ բնակարանը խուզարկել:

«Երեքով ելանք-գնացինք Սիւնիի բնակարանը: Նիկոլը դուռը բանալու ձեւը գիտէր: Պտտեցինք բոլոր սենեակները, վարի յարկի մառանը, ամէն ծակուծուկ մտանք եւ աչքէ անցրինք: Բոլոր պատերը մէկ-մէկ բռունցքով ծեծեցինք, ո՛չ մի բան չթողինք առանց նայելու — զէնքի ոչ մի հետք չգտանք:

«Ջղայնացած ու յոգնած պատրաստւում էինք դուրս գալ: Մի անգամ էլ նայեցի հիւրասրահի առաստաղին. դաշնամուրի վերեւի անկիւնը կասկածելի երեւաց աչքիս: Նիկոլը բարձրահասակ տղամարդ էր. ելաւ նստարանի վրայ եւ բռունցքով զարկեց առաստաղին: Յանկարծ, ծեփը փուլ եկաւ եւ բացուած ճեղքից վար ընկաւ մի մաուզէր ատրճանակ… ճեղքը աւելի եւս լայնացրինք ու մէջից դուրս եկան ուրիշ մաուզէրներ եւ քիւչիւկ չափլի հրացաններ: Չեմ յիշում թիւը, բայց փոքր չէր քանակը:

«Լեւոն Մազմանեան շշմած էր: Նիկոլը հայհոյում էր: Վրդովաուած էի եւ ես:

«Գողացած զէնքերի մի մասը Սիւնին ծախել էր, հաւանաբար, թուրքերին, միւս մասը պահել էր թաքստոցում, ի հարկէ, վերջը ծախելու նպատակով: Ասում եմ թուրքերին, որովհետեւ եթէ հայերին ծախած լինէր, անկարելի էր, որ լուրը Լեւոնի կամ Նիկոլի ականջը հասած չլինէր…

«Նիկոլը հայհոյանքով ու սպառնական խօսքերով նստեց դաշնամուրի առջեւ, բացեց կափարիչը եւ իր ամեհի բռունցքը ուժով իջեցրեց ստեղնաշարի վրայ: Լարերը խժալուր ոռնացին եւ, յանկարծ, դաշնամուրի տակից թափուեցին ինչ որ բաներ: Փամփուշտներ էին, որ Սիւնին պահել էր դաշնամուրի մէջ…» :

1921-ին Գրիգոր Սիւնի անցած էր Կ. Պոլիս, այնտեղ փորձած էր որոշ չափով կրկին շահիլ վստահութիւնը կարգ մը դաշնակցականներու, ինչպէս՝ Յովսէփ Արղութեանի եւ ուրիշներու:

1922-ի աշնան սկիզբը, երբ Դաշնակիցները կը պարպեն Կ. Պոլիսը եւ Մուսթաֆա Քեմալ իր իշխանութիւնը կը հաստատէ, շատ մը հայեր կը գաղթեն Եւրոպա եւ Ամերիկա:

Գրիգոր Սիւնի, Բոլշեւիկներու վախէն 1923-ին, իր բազմանդամ ընտանիքով՝ Արսէն Միքայէլեանի եւ Վահան Նաւասարդեանի աջակցութեամբ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ֆիլատելֆիա: ԱՄՆ-էն նամակներ գրած է Սիմոն Վրացեանի, որպէսզի վերջինս բարեխօսէ ԱՄՆ-ի Կեդր. Կոմիտէին, որպէսզի Սիւնին ընդունին ամերիկայի ՀՅԴ կազմակերպական շարքերը: Վրացեան պիտի գրէր. «Բոլոր պատահած խայտարակութիւններից յետոյ միայն Սիւնին կարող էր նման դիմում անել…» :

ԱՄՆ-ի մէջ Սիւնի կրկին կը փորձէ սիրաշահիլ Դաշնակցականներու սիրտը, կը մօտենայ անոնց նոր կապեր հաստատելու համար, նոյնիսկ անոր առիթ կը տրուի «Հայրենիք» ամսագրին (Պոսթըն) մէջ լոյս ընծայել իր դաշնաւորումները: Սակայն, յաճախակի օրէն եւ անընդհատ դարձեալ սայթաքումներ եւ անվերջ:

Ս. Վրացեան, օրին նամակներ ստացած է՝ Արսէն Միքայէլեանէ, ԱՄՆ-ի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէէ՝ Գրիգոր Սիւնիի դաշնակցութեան շարքերը վերընդունուելու խնդրանքին առնչութեամբ, վերջապէս Վրացեան հետեւեալը կը գրէ. «Պատասխանեցի՝ ներկայացնելով Սիւնիի ամբողջ գործը. ինչպէ՞ս կարելի էր այդպիսի մի մարդ մտցնել Դաշնակցութիւնից ներս:

«Նոր Աշխարհում Սիւնին հետզհետէ նոր դիրքաւորում ընդունեց. Դաշնակցութեան հակառակորդները սիրով առին նրան իրենց մէջ: Պտուկը գլորուեց գտաւ իր խուփը…:

Սիւնիի հակադաշնակցական կեցուածքներու ամէնէ ցայտուն օրինակը նոյնինքն Վրացեան կը բնութագրէ, գրելով. «Վերջին անգամ ես Սիւնիին հանդիպեցի ֆիլատելֆիայում, 1930-ին:

«Ֆիլատելֆիայի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէն, իմ այցելութեան առթիւ, հրապարակային մեծ ճաշկերոյթ էր կազմակերպել քաղաքի նշանաւոր պանդոկներից մէկում, Հայկ Բագրատունիի նախագահութեամբ: Խուռներամ բազմութիւն լեցուած էր սրահը: Երբ ես մօտեցայ պանդոկի սրահին ընկերների ուղեկցութեամբ, իմ նախկին «մտերիմ ընկեր» Գրիգոր Սիւնին եւ իմ ծունկերի վրայ հասակ նետած նրայ որդին, միացած մի խումբ սեւամորթ ստահակների հետ, բոլշեւիկեան թռուցիկներ էին ցրւում: Մի հատ էլ ինձ տուին: «Ո՞վ է Վրացեանը», վերնագրով, Ամերիկահայ հասարակութեան ներկայացնում էին «Փետրուարեան ապստամբութեան հերոսը», «Հայաստանի գանձը փախցնող», «Հիթլէրի գործակալ» Վրացեանին…

Այնուհետեւ ինչ որ արաւ իր կեանքում Սիւնին, բնական էր եւ տրամաբանական…» :

Գրիգոր Սիւնիի սայթաքումներուն ու անոր հակադաշնակցական կեցուացքներու աղբիւրին առնչութեամբ կը դիմենք նաեւ Արտաշէս Աբեղեանի գրութեան, ուր ամէնէ հարազատութեամբ կը ներկայանայ մեզի. «…Ռամկավարներ եւ բոլշեւիկներ գիտցան չարաչար շահագործել իր անձն ու արուեստը: Մինչեւ իր մահն այդ երկրում…» : Աբեղեան կ’աւելցնէ. «Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնին մինակը չէր, ի հարկէ, որ ոտք դրաւ այդ տխուր ճամբու վրայ: Իրենցից առաջ եւ իրենցից յետոյ՝ շատ աւելի մեծ եւ պատասխանատու անցեալի տէր անձեր նոյնն արին: Յետաշրջութեան եւ քաղաքական-հանրային վայրէջքի զոհերն են դրանք. ոմանք կամաւոր, ոմանք՝ ակամայ» :

Աբեղեան, վերջապէս Սիւնիի նկարագրային գիծերու մասին հետեւեալը պիտի արձանագրէր. «Ամուր կամքից եւ նկարագրից զուրկ էր Միրզայան, անզսպանակ: Չունէր բարոյական յենարաններ եւ հաստատուն համոզումներ: Երերեալ եւ տատանեալ էր՝ ի բնէ տաղանդաւոր այդ արուեստագէտը: Լսեցի մինչեւ իսկ, որ Ամերիկայում հրաժարուել է «Մշակ բանուոր» քայլերգի հեղինակը լինելու պատուից: Թէ՞ «արգիլել» փորձել է՝ երգել ու նուագել այն, որպէս հեղինակ: Մէկը կամ միւսը: Մեծ տարբերութիւն չունի: Ոչ առաջինն էր նա, ոչ էլ վերջինը: Մի ամբողջ շարան: Եւ եթէ առհասարակ մի լաւ բան կապուած կայ իրենց անուան հետ այն էլ՝ Դաշնակցական օրերից:

«Ափսոս իրենց տաղանդին:

«Մշակ բանուոր» քայլերգը մէկն է դրանից» :

Այստեղ, ՀՅԴ քայլերգի ընդմէջէն ինչպէս որ պարտաւոր ենք վեր առնել Գրիգոր Սիւնիի երաժշտական անվիճելի տաղանդը, խիստ կարեւոր էր նաեւ անոր մարդկային եւ կուսակցական նկարագրի մասին արձանագրել, թէկուզ ոչ մանրամասնութեամբ, որպէսզի ընթերցողին սեփականութիւնը դառնայ Դաշնակցութեան Ծրագրի ու Կանոնագրի հզօրութիւնը:

Գրիգոր Միրզայան-Սիւնի կազմած է երգչախումբեր ու Խորհրդային Հայաստանի քարոզչութեամբ զբաղած: Եռանդուն կերպով մասնակցած է Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէի (ՀՕԿ) գործունէութեան եւ 1934-ին հրատարակած է «Նոր կեանքի երգեր» շարքը՝ խորհրդահայ զանգուածային երգերու օրինակին հետեւելով: Մահացած է 18 Դեկտեմբեր, 1939-ին, Ֆիլատելֆիայի մէջ:

Հետագային, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգի քանի մը բառեր փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, եւ այդ ձեւով ալ կ’երգուի մինչեւ օրս:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօրուան երգուած վիճակով.

Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր,

Արի՛ք, միանա՛նք, յառաջ գնանք,

Աշխատանքի, դատի պաշտպան

Դաշնակցութեան թեւ թիկունք տանք:

Բա՛ւ է տանջուենք, քրտինք թափենք,

Արիւն վաստակ դատենք, դիզենք,

Շահագործող ցեցեր վատնեն,

Իսկ մեզ չոր հաց բաժին հանեն:

Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք,

Արիւն քրտինք երկունք մտէ՛ք,

Տանջանք, զրկանք, լեզու առէք,

Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք :

Իբրեւ վերջաբան կարելի է հաստատել, որ ՀՅԴ կուսակցութեան քայլերգը տասնեակ տարիներ Դաշնակցական շարքայիններու շրթներուն վրայ մնաց հաստատ, ազդու ու խօսուն: Դաշնակցութեան միտքը, կամքն ու խիղճը միաձուլելով դարձաւ շատերու մտրակ, ահազանգ, իսկ անիրաւուած հայ ժողովուրդին յոյս ներշնչող:

ՀՅԴ-ի քայլերգը, նոյն ուժգնութեամբ եւ ռազմունակութեամբ երգուեցաւ շուրջ 115 տարիներ Դաշնակցական բանակին կուռ շարքերու կողմէ, տակաւին պիտի երգեն գալիք սերունդներն ալ նոյն մարտունակութեամբ եւ նոյն հնչեղութեամբ, քանի որ հայ ժողովուրդին Սուրբ դատի միաձուլուած դրոշմն է ան: Եւ ճիշդ հո՛ս է որ պէտք է փնտռել եւ տեսնել Դաշնակցութեան վայելած ժողովրդականութեան՝ անոր հանդէպ մեր ժողովուրդին սիրոյն ու վստահութեան աղբիւրը:

Քայլերգը մնայուն է, սակայն անոր հեղինակը՝ Գրիգոր Սիւնի երբ դարձաւ հակադաշնակցական, մղուելով իր նեղ շահերէն՝ եղաւ գնայունը: Անոր նողկալի բազմաթիւ չարագործութիւնները հանդէպ իր կուսակցութեան, պատճառ եղան, որ ան մատնուի մոռացութեան եւ որոշ ժամանակ անց ոչ ոք յիշէ զայն, նոյնիսկ զինք «որսացող»-ները: Շահերը գնայուն են, արժէքները՝ մնայուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան նուիրեալ ծառայութիւնը երեք դարերու մէջ, այլ խօսքով՝ աւելի քան 130 տարիներու բազմաբեղուն գործունէութիւնը իր դրոշմը ձգեց Հայոց պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի սրտին վրայ:

Ազգային-ազատագրական պայքարի զանազան հանգրուաններու պատահած դէպքերն ու գործած դէմքերը ու որպէս այդպիսին՝ խանդավառող ու կրակոտ ենթահող հարթած է Դաշնակցութեան շարքերուն միացող սերունդներու ու Դաշնակցութեան գործին հաւատացող համակիրներու հսկայ բանակի համար:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը ծնունդ առած էր հայ ժողովուրդի արգանդէն: «Ազատութիւն կամ մահ» քաղաքական նշանաբանով ճամբայ ելաւ հարստահարիչներու, կեղեքողներու, մասնաւորաբար օտար բռնատիրութեանց, սակայն նաեւ ի՛ր իսկ կեանքէն ծնած բռնատէրներու եւ հարստահարիչներու դէմ պայքարի պատմութիւն կերտած է ու ճգնած. այս բոլորին խտացումն է ՀՅԴ քայլերգը:

Իւրաքանչիւր Դաշնակցական շարքային ու կուսակցութեան համակիր հարկ է, որ իւրացուցած ըլլայ ՀՅԴ քայլերգի պատմագրութիւնը իր ամբողջական կառուցուածքով, որպէսզի կարենայ ըմբռնել Դաշնակութեան տարողութիւնը:

Հետեւաբար, ՀՅԴ քայլերգին երգեցողութիւնը Սուրբ դատի, յարատեւ պայքարի, անձնազոհութեան եւ գոյատեւումի, ինչպէս նաեւ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի տեսլականին բնագիծն է:

ՀՅԴ-ի քայլերգ «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր»-ը իր երաժշտութեամբ ու բառերով եղաւ գեղարուեստա-գաղափարական կոթողային ստեղծագործութիւն մը, ուր դրսեւորեց եւ ճառագայթեց ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութիւնն ու նկարագիրը:

Օգտագործուած աղբիւրներ

– «Գրպանի երգարան, Ազգային-Յեղափոխական եւ Ժողովրդական երգեր», հրատարակութիւն «Հայրենիք»-ի, Պոսթըն, 1937:

– «Դրօշակ» («Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութեան» օրգան»), Օգոստոս, 1894:

– Երան Ի. Ա., «Ժողովրդային երգարան», երկրորդ տոագրութիւն, թիւ 5: Աւելի քան 500 երգեր եւ ոտանաւորներ, ազգային, յեղափոխական, կրօնական, երգիծական մօտ 50 ձայնագրուած երգեր, Պոսթըն:

– «Յառաջ» օրաթերթ [Խմբագիր՝ Շ. Միսաքեան], 26-րդ տարի, Փարիզ 1950, թիւ 1739 (Կիրակի, Դեկտեմբեր 10):

– «Յառաջ» օրաթերթ [Խմբագիր՝ Շ. Միսաքեան], 26-րդ տարի, Փարիզ 1950, թիւ 1740 (Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12):

– «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, Պէյրութ, 1972:

– «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», Հրատարկութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950: Պատրաստած է Սիմոն Վրացեանը, որուն կը պատկանին հատորի բոլոր անստորագիր գրութիւնները:

– «Պուլկարահայ Նոր երգարան», հրատարակութիւն «Հայ-գիր», 1926, Սօֆիա:

– Վրացեան, Սիմոն (պատրաստեց), «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան 1890-1950», Հրատարկութիւն՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Բոստոն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950:

– Վրացեան, Սիմոն, «Կեանքի ուղիներով» (Դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ), Բ. հատոր, Պէյրութ, 1960:

– Տ. Ղուկասեան, Ղեւոնդ Քհնա. [հաւաքեց], «Երգարան», մատենաշար «Նոր օր», թիւ 19, Աթէնք 1928:

 

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

«Դրօշակ» թիվ 12 (1661), դեկտեմբեր 2021 թ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.