ՀՅԴ կը զօրակցի կլիմայի փոփոխութեան վտանգին դէմ պայքարելու Ընկերվար Միջազգայնականի կոչին
Ընկերվար Միջազգայնականը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՚անդրադառնայ կլիմայի փոփոխութեան վտանգին և կոչ կ՚ընէ միջազգային ընտանիքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան՝ միաւորել միասնական ջանքերը յանուն համաշխարհային կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման: Փաստաթուղթը ստորագրած են նաև Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը և Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը:
«Մենք կը դատապարտենք աշխարհի պահպանողական և ամբոխահաճոյ շրջանակները, որոնք պարբերաբար կը խոչընդոտեն կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ջանքերը: Անոնց շարժառիթները կը համընկնին նաւթակազային հզօր արդիւնաբերութեան շահերու հետ, որոնք ուժեղ լոպիյինկ կը կատարեն միջավայրը պաշտպանող կարգաւորման դէմ, որը կրնայ կրճատել իրենց եկամուտները: Մենք բոլորին կոչ կ՚ընենք նուազագոյնի հասցնել համաշխարհային ջերմացման աղիտալի հետեւանքները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր երկրամասերէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Կազմակերպութեան մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխ-նախագահ է: Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):