ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

ՅՏէր Խաչատուրեան. «Անկախ Պետականութիւնը ՀՅԴի Համար Բարձրագոյն Ու Բացարձակ Արժէք Է»

ՅԲագրատունի. «Մենք Յանձնառու Ենք Պահելու Լիբանանի Հայութիւնը Իբրեւ ՈւժեղԽիզախԳոյատեւող Հաւաքականութիւն»

 

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի իր հաստատուն կառոյցով, գաղափարական խոր աւանդով եւ աշխարհահայեացքով բոլորեց իր հիմնադրութեան 131-ամեակը, որուն նուիրուած  տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:

Ներկայ էին լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ մարմիններու, լիբանանահայ  կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որոնց յաջորդեցին Արցախի քայլերգն ու «Մշակ բանուոր»-ը:

Բացման խօսքը արտասանեց Նանոր Պալապանեան, որ անդրադարձաւ պատմութեան մեծագոյն վկան հանդիսացող Դաշնակցութեան աւանդին` դիտել տալով, որ անիկա ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ուխտեալ զինուորն է, հայոց պետականութեան հզօրացման անխոնջ ծառան, Հայ դատի պահանջատէր անխորտակելի ուժը, հպարտ ու ազատ հայուն անկեղծ ընկերը, հայրենիքի պաշտպանութեան հզօր ռահվիրան եւ հայրենիքի բռնագրաւուած հողերու վերադարձի պայքարի հաւատարիմ մարտիկը, ինչպէս նաեւ հայուն ազգային իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ջատագովը, հայրենիքի անվտանգութեան ամուր պաշտպանը:

Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրը առիթ է վերանորոգելու մեր կամքն ու վճռականութիւնը եւ յստակացնելու մեր յառաջիկայ հաւաքական երթը` դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ն բոլոր պարագաներուն եւ ժամանակներուն եղած է անկեղծ զինուորը ազգին ու անոր տեսլականներու իրագործման:

Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը ազգին եւ ՀՅԴ-ի տեսլականներուն համար իրենց անձը զոհած հերոսներուն, արցախեան վերջին պատերազմի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացած լիբանանահայ հայորդիներուն:

Ներկաները դիտեցին արցախեան վերջին պատերազմին նուիրուած տեսահոլովակ մը:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ 131 տարեկան կուսակցութեան ծնունդը, անոր գերագոյն նպատակները, որոնց համար պայքարի ճամբուն վրայ Դաշնակցութիւնը եղաւ մի՛շտ իր ժողովուրդին կողքին, առաջին դիրքերու վրայ, խրամներու մէջ եւ բլուրներու գագաթին, բռունցքը բարձր եւ բազուկը պիրկ, հարուածելու հայ ժողովուրդի թշնամիները` ուր որ ալ գտնուին, միշտ բարձր պահելով հայ ժողովուրդի եւ անոր հայրենիքին ազատութեան դրօշը: Ան շեշտեց, որ ամբողջ  դար մը, երեք տասնամեակ եւ 1 տարի կուսակցութիւնը ապրեցաւ իր ժողովուրդին հետ` աշխարհով մէկ, դիմագրաւելով իւրաքանչիւր երկրի քաղաքական, տնտեսական վերիվայրումները, հսկայական դերակատարութիւն ունենալով նոր գաղթաշխարհի հայ կեանքի կազմակերպման, գոյատեւման եւ զարգացման գործընթացին մէջ:

«131 տարեկան այս անխոնջ կուսակցութիւնը եղաւ առաջին դիրքերու վրայ, երբ հաւաքական մեր գոյութիւնը վտանգուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ: Լիբանան, Սուրիա, Իրան` պաշտպանական իր առաքելութեան ծառայ մեր աննման տղոց նահատակութիւնը վկա՛յ: Եղաւ հո՛ն, ուր ժողովուրդը կանչեց զինք: Եղաւ հո՛ն, ուր ցեղին ձայնը կանչեց զինք:  Եղաւ հո՛ն, ուր կարիք կար: Դպրոց կառուցեց եւ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը պաշտպանեց: Հայ մշակոյթը տարածեց եւ երիտասարդութեան առողջութեամբ եւ զայն մոլորութիւններէն հեռացնելու համար մարմնակրթութեամբ զբաղեցաւ: Հայ մարդուն առողջութեամբ եւ ընտանիքի բարօրութեամբ մտահոգ` ձեռնարկեց մարդասիրական, բարեսիրական կառոյցներու հաստատման: Պաշտպանեց հայութիւնը հաւաքաբար, ու հաւաքականութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր հայ անհատ եղաւ իր հոգածութեան առարկան», շեշտեց Բագրատունի: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն երբեք չմոռցաւ թշնամին, պատժելով Ցեղասպանութեան պատասխանատուները, համակ ուժի վերածուեցաւ` հետապնդելու հայ ժողովուրդի իրաւունքները, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հատուցելու վնասը եւ վերադարձնելու գրաւուած հողերը: Ու այդ ճամբուն վրայ հանգիստ ու դադար չճանչցաւ:

Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ամբողջ 131 տարի կուսակցութիւնը յարատեւ պայքար մղեց ամէն ճակատի վրայ` կամովին թէ ակամայ գործիքի վերածուելով գիտակից ու անգիտակից տարրերուն դէմ, ըլլալով գաղափարական ինքնուրոյն ուժ դիմացաւ, ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ մեր ժողովուրդի սրտին, հոգիին ու միտքին մէջ: Այդ պատճառով ալ կողքի դաշոյն եղաւ բոլոր անոնց, որոնք անոր գոյութիւնը նկատեցին իրենց հանգիստը խանգարող, իրենց նպատակներու իրականացումը խոչընդոտող ուժ, այդ պատճառով ալ հալածուեցաւ, անոր հաւատարիմ տղաքը սպաննուեցան, դաւադրաբար ահաբեկուեցան, առեւանգուեցան, բանտ նետուեցան, անոր պատասխանատուները վարկաբեկուեցան` թուրքին, ազերիին, օտար պետութիւններու եւ անոնց գաղտնի սպասարկութիւններու, գաղութներու մէջ պտտող օտար եւ հայանուն գործակալներու, հայ դաւաճաններու կողմէ: Բայց եւ այնպէս, հաստատեց Բագրատունի, կանգ, պիտի մնանք ու գոյատեւենք:

Ապա ան խօսեցաւ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցին մասին` նշելով, թէ 1902-ին դաշնակցական առաջին խումբը կազմուած է Լիբանանի մէջ, իսկ այսօր Լիբանանի կառոյցը 119 տարեկան է եւ լիբանանեան ամենահին կուսակցութիւնն է, որ կը շարունակէ գործել ի խնդիր Լիբանանի եւ հայութեան:

«Ամբողջ 119 տարի Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ոչ իսկ վայրկեան մը եղած է առանձին, այլ` տեւաբար իր ժողովուրդին հետ, ու ոչ իսկ  վայրկեան մը մեր ժողովուրդը առանձին ձգած է Դաշնակցութիւնը:

«Մի՛շտ Դաշնակցութիւնը իր կիզակէտը դարձուցած է Լիբանանի հայութեան պաշտպանութիւնը եւ ստանձնած անոր ազգային, հասարակական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կենցաղային, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական կեանքի կազմակերպման եւ զարգացման, Հայ դատի հետապնդման հիմնական դերակատարութիւն, միշտ նկատի ունենալով հայկական կուսակցութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ անհատներու դրական դերակատարութիւնը», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան այսօրուան ահաւոր ու տագնապալի վիճակը, երբ քաղաքացիին տարրական կարիքները զլացուած են` դիտել տալով, որ տասնամեակներէ ի վեր երկրի ղեկավար տարրերու եւ կառոյցներու սանձարձակ անհեռատես գործունէութիւնը, փտածութիւնը, հաշուետուութեան բացակայութիւնը առաջնորդեցին այսօրուան անել վիճակին:  Ըստ անոր, 17 հոկտեմբեր 2019-ին, երբ բռնկեցաւ փողոցը, կարճ ժամանակով վերադարձաւ յոյսը, որ սակայն շուտով անշքացաւ, որովհետեւ Լիբանանի համայնքայնութիւնը ինքզինք պարտադրեց հոն եւս:

Թուարկելով լիբանանցիին ապրած բազում դժուարութիւններն ու տագնապները` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանցին յոգնած է այլեւս, ընկճուած ենք բոլորս անխտիր, ընդհանուր յուսալքում կը տիրէ ամէնուրեք, խուճապային տրամաբանութիւնը եղած է համատարած:

«Ու հոս հարկ կա՞յ յիշեցնելու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, որ առանձինը չէ: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ 131 տարի իր ժողովուրդին հետ եղած Դաշնակցութիւնը աշխարհով մէկ, եւ 119 տարի Լիբանանի մէջ գործող Դաշնակցութիւնը աւելի քան երբեք իր ժողովուրդին կողքին է հոս, Լիբանանի մէջ` Թրիփոլիէն Այնճար, Զահլէ եւ Ռայաք, Պաթրունէն Ժիպէյլ, Անթիլիաս, Մեթնի բարձունքներ, մինչեւ ծովեզերեայ շրջաններ, Պուրճ Համուտ, Քարանթինա թէ Էշրեֆիէ, Պէյրութի արեւմտեան շրջաններ թէ Հարաւային արուարձաններ եւ հո՛ն, ուր մէկ հատիկ հայ կայ, թէկուզ օտարացած, թէկուզ հայութենէ հեռացած, թէկուզ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հարուածած, անարգած կամ անոր պատասխանատուները վարկաբեկած:

«Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ տասնամեակներ ամբողջ իր ժողովուրդին հետ ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնեկցած, անոր սիրոյն նահատակներ տուած, իր հայրենակիցներուն առողջութեան համար դաշնակցական երիտասարդներուն առողջութիւնը վտանգած այս կուսակցութիւնը է՛ եւ կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին: Խնդիրը նիւթական, կենցաղային, կրթական, առողջապահական, ուտեստեղէնի, վերաշինութեան կամ առօրեայ պետական կարգադրութիւններու մէջ չի կայանար: Մենք յանձնառու ենք մեր ժողովուրդի պահպանման: Փաստը տուած ենք, գործը ինքը լաւագոյն փաստն է», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:  Ան շեշտեց, որ  կոյրեր, խուլեր, տեսնել ու լսել չուզողներ պիտի ըլլան միշտ,  իսկ նմաններուն ամբաստանութիւններուն դիմաց Դաշնակցութեան պահած լռութիւնը կը բխի ժողովուրդի շահերուն ծառայելու սկզբունքէն` միշտ վստահեցնելով, որ լիբանանահայութիւնը առանձին չէ, անոր զօրավիգ է սփիւռքը ամբողջ, Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետն ու բոլոր թեմակալ առաջնորդները, Դաշնակցութեան բոլոր կառոյցները` Արցախէն Հայաստան, մինչեւ հոն` ուր դաշնակցական խումբ գոյութիւն ունի: Մեզի հետ են Հայաստան եւ այլուր ապրող մեր բարեկամները, ուղեկից միութիւնները:

«Դուք առանձին չէ՛ք, սիրելի՛ ժողովուրդ: Համայն հայութիւնը եւ մենք ձեր կողքին ե՛նք: Աշխարհատարած հայութիւնը գիտէ Լիբանանի առանձնայատկութիւնն ու Լիբանանի հայութեան կարեւորութիւնը: Մեր տկարացումը կը տկարացնէ համայն հայութիւնը: Մեր ընկրկումը ընկրկումի կը տանի ամբողջ սփիւռքը եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը:  Եւ իբրեւ այդպիսին մենք պիտի մնանք միասին: Լիբանանի հայութիւնը աշխարհով մէկ միակ քաղաքական համայնքն է, սահմանադրական իր իրաւունքներով:

«Պարտաւոր ենք պաշտպանել զայն ու պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր համայնքը` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, դարձեալ մեր ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր, մեր ինքնուրոյն քաղաքականութեամբ երկրին գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւններն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ի խնդիր», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ միասնաբար կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ փտածութեան, վերադարձնել արժանապատուութիւնն ու համեմատական բարօր կեանքը լիբանանցի քաղաքացիին, ապահովելու գաղութին անվտանգութիւնը, հեռու մնալու եղբայրասպան կռիւներէն:

«Մենք յանձնառու ենք պահելու Լիբանանի հայութիւնը իբրեւ ուժեղ, խիզախ, գոյատեւող հաւաքականութիւն, անոր քաղաքական իրաւունքներն ու երկրին ապագային մէջ անոր դերակատարութիւնը:  Մեր քաղաքական յանձնառութիւնը կը բխի բացառաբար մեր ժողովուրդին եւ Լիբանանի գերագոյն շահերէն: Ոչ մէկ քաղաքական դաշինք, համաձայնութիւն կամ գործակցութիւն գերադաս կը նկատենք լիբանանեան եւ հայկական մեր հաւաքական շահերէն: Ու այս սկզբունքներով կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին եւ քաղաքական ուժերուն յառաջիկայ մայիս 8-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն», յայտնեց Յակոբ Բագրատունի:

Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով ան ըսաւ, որ  Դաշնակցութեան տօնը զգաստութեան հրաւէր է դաշնակցականներուն` վերահաստատելու իրենց ուխտը, վերադառնալու մեր աւանդներուն, դաշնակցականի աննկուն կամքին, զոհաբերող ոգիին, անշահախնդիր նուիրուածութեան, անսակարկ ծառայութեան: Նաեւ զգաստութեան հրաւէր է մեր ժողովուրդին, համակիրներու հսկայ զանգուածին` վերանորոգելու իրենց հաւատքը Դաշնակցութեան նկատմամբ, անոր կենսափորձէն մեկնած տուած խոստումներուն:

Բագրատունի շեշտեց, որ Դաշնակցութեան կատարած ու ներկայիս կատարուող գործը ի՛նք կը խօսի, ինքզինք կ՛արտայայտէ, հակառակ կասկածամիտներուն եւ որոմ սերմանել փորձողներուն` աւելցնելով, որ այս բոլորը լուսանցքի վրայ կը մնան, իսկ Դաշնակցութիւնն ու ժողովուրդը կը մնան միասին, միշտ կողք-կողքի` նորանոր յաղթանակներու ի խնդիր:

Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Խումբը ներկայացուց «Կիլիկիա», «Զարթի՛ր որդեակ», «Զարթի՛ր Լաօ» եւ «Կեցցէ՛ Զէյթուն» կտորները:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան պահ է, երբ մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը, ներկայացնելով իր մօտեցումներն եւ հաշուետուութիւնը:

Ան նախ ուրախութիւն յայտնեց, որ իր այս խօսքը կ՛արտասանէ Լիբանանի մէջ` սփիւռքի հայատրոփ հնոցը հանդիսացած համայնքի պուրճհամուտեան միջնաբերդին մէջ: «Լիբանանը մեր սրտին ու միտքին մէջ յատուկ տեղ ունի, անոր ցաւերը մեր ցաւերն են, անոր իրագործումները` մեր բոլորին յաջողութիւնը: Այս պատճառով է, որ այս շաբաթ ՀՅԴ Բիւրոն ամբողջ կազմով հոս է` լիագումարի, հոս են նաեւ մեր շրջաններու ներկայացուցիչները, որոնք այս տարի մեր մարմիններու ընդհանուր ներկայացուցչական ժողովը կը գումարեն այստեղ` Պուրճ Համուտի մէջ: Ուրախ եմ նաեւ նշելու, որ երեք տարբեր տագնապները` քաղաքական եւ տնտեսական տագնապ, համաճարակ եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, երբեք չեն տկարացուցած մեր այս հոյակապ համայնքի վճռականութիւնը, հաստատ կամքը, ամբողջական նուիրումը եւ մեր պայքարին անոր փարիլը: Վստահ եմ, որ համաձայն էք, թէ մենք երբեք առանձին չենք ձգեր մեր Լիբանանի սիրելի ժողովուրդը, մենք երբեք չենք կրնար անտեսել ձեր կարիքները, եւ ատոր համար մենք եկանք հաւաքաբար այստեղ, մեր համաշխարհային ներկայացուցչութեամբ, ըլլալու ձեր կողքին եւ յայտնելու  մեր ամբողջական նեցուկը», շեշտեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Յ. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ սփիւռքի հայրենազուրկ սերունդի փաղանգը ապրած է իր հրճուանքի մեծագոյն պահերը 1980-ականներուն վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը: «Վերջին երեսուն տարիներուն` Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: Եւ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքին ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը եւ Արցախը ազատագրուած էր, իսկ Հայաստան վերադարձած էր աշխարհի քարտէսին` իբրեւ անկախ պետութիւն», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորուած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար ի տես այս մեծ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն` ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն: «Համազգային առումով տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան զգացումներով, որովհետեւ, աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ: Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը», հաստատեց Յ. Տէր Խաչատուրեան:

Ան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, նուիրուած էր հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին` չորս ուղղութիւններով.

«Ա.- Մարդուժի տրամադրում` պահեստազօրի ճամբով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ: Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած մարտերուն, կերտած յաղթանակներ եւ տուած մեծաթիւ զոհեր:

Բ.- Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ: Հայ դատի յանձնախումբերով, հայ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, պէտք եղած միջամտութիւնները կատարէ` մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն` թուրք-ազրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող:

Գ.- Քարոզչական պատերազմ: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շղթայազերծեցին ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ: Պէտք էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ զօրաւոր կերպով հակազդել ընկերային ցանցերով, որոնց մէջ կը տարուէր հակահայ պայքար, մեծապէս ֆինանսաւորուած` այդ երկու պետութիւններուն կողմէ: Փառք ու պատիւ մեր երիտասարդներուն, որոնց միջոցով մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարուածը տալ:

Դ.- Նիւթական օժանդակութիւն: Աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ պատերազմին եւ անկէ ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Աւելի քան 170 միլիոն տոլար գոյացնելով, մենք ալ կարողացանք մեր բաժինը բերել այդ գործին», յայտնեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան աւելցուց, որ հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ եւ հայութեան կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին:

«Ազգային նսեմացումի առաջնորդած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նուաստացնող պարտուողական պայմաններու գոյացումին: Եւ տիրեց համատարած յուսահատութիւն եւ ընկճուածութիւն` ի տես այդ մեծագոյն աղէտին: Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Ընդդիմութիւնը ստեղծեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում», փորձեց վերականգնել ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու ու շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք  վերարտադրել: «Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին լծուած է: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը», ընդգծեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ հայութիւնը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած եւ հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ են:

«Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնական երեք հարցեր: Առաջինը` Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշուող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը Արցախի խնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը զգուշացուցած էր  Հայաստանի իշխանութիւնը, որ այս պատրուակին տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան, Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ եւ այդ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան», յայտնեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի աշխատի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել Մինսքի խմբակի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որ շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որ բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասի մէջ:

«Երկրորդը` վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք ահաւոր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներուն ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները: Այս իմաստով մենք ունինք նոյն կեցուածքը. մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, այնքան ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, այնքան ատեն որ մենք մեր ձեռքէն դուրս չենք ձգեր մեր անժամանցելի իրաւունքները, եւ թրքական տնտեսութիւնն ու թրքական ուժերը ամբողջովին չեն ողողեր Հայաստանը, եւ որ մեր հայրենիքը այդ յարաբերութիւնները չմշակէ զիջումներով ու պարտադրանքի տակ: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում», ըսաւ ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ երրորդ հարցը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութեան վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր հայրենի իշխանութիւնները: «Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է, որ ո՛չ միայն կը պաշտպանէ Արցախը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները: Որքան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները: Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններուն» բերումով, այսօր թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:

Այսօր կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ: Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած շարունակական աշխատանքի, ինչպէս` պատերազմէն առաջ, ինչպէս` պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ` պատերազմէն անմիջապէս ետք», հաստատեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ  Հայաստանի մէջ կը զարգանայ ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը, եւ հայրենի ժողովուրդին դժգոհութեան ալիքին արդէն միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը:

«Արցախահայութիւնը թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու գործին լծուած է: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր հոսանքները եւ խորհրդարանական ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռականութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները:

Սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած մեծ յաղթանակներ», ընդգծեց Յ. Տէր Խաչատուրեան:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի հայ համայնքը եւս ունի հաստատ վճռականութիւնը յաղթական դուրս գալու ներկայ տագնապներէն` աւելցնելով, որ ճիշդ է, որ այսօր Լիբանանը վիրաւոր է, երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական տագնապի մէջ է, «բայց լիբանանահայութիւնը տոկուն է,  վճռական, եւ մանաւանդ` լիբանանահայութիւնը մինակ չէ. մենք մղած ենք հայ աշխարհը, որ ամուր կանգնի իր կողքին եւ հասնի անոր բազում կարիքներուն», ըսաւ ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց, որ անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է` շեշտելով, որ ամէն զոհողութիւն արդարացուած է` պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:

«Մենք փակած ենք սուգի եւ ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն: Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է եւ վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ», եզրափակեց ան:

«Խնուսից գալով», «Ով որ քաջ է» եւ «Գողթան մանկտի» խմբերգներով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի արական խումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Տօնակատարութեան աւարտին տպաւորիչ էր պատանիներու խոստման արարողութիւնը: Պատանիներուն խոստումը ընդունեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի պատանեկան միութեանց կառոյցին մէջ իր մեծ ու անջնջելի վաստակը ունեցող եւ իրերայաջորդ պատանեկան սերունդներու անխոնջ դաստիարակ Սեզար Զարմէնեան:

Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ ժամանակի թաւալումով կը փոխուին պայմաններ, սակայն ՀՅԴ-ի նման գաղափարական կազմակերպութիւններ կը պայքարին` խորքը, էութիւնը, խորհուրդը պահելու ի խնդիր: Ըստ անոր, ժամանակին դաշնակցական պատանիներու խոստման արարողութիւնը կը կատարուէր ներքին կարգով, խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ, իսկ ներկայիս պատանիները ժողովուրդին առջեւ, հանդիսաւոր կերպով խոստում կու տան` իրենց հաւաքական յանձնառութեան վկան դարձնելով ժողովուրդը:

Սեզար Զարմէնեան դիտել տուաւ, որ պայմաններուն ու ժամանակին հետ փոխուած են նաեւ արժէքները, աւելի ճիշդ` մարդոց դաւանած արժէքները, երբ անհատականը գերադաս եղած է հաւաքականին, բարոյական, ազգային, հոգեւոր եւ գաղափարական արժէքները կը նկատուին հնամաշ, ոչ ժամանակակից: «Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ դուք, հակառակ մեր շուրջ տիրող պայմաններուն, կ՛ուխտէք հաւատարիմ մնալ գաղափարին եւ այդ գաղափարին դաւանած արժէքներուն: Ասիկա կարեւոր քայլ է հետեւելու Քրիստափորի կամքի ուղիին, Սպաղանաց Մակարի կարգապահութեան օրինակին, Ռոստոմի լուռ, լուսարձակներէ հեռու, առանց ցուցադրութեան անխոնջ աշխատելու սկզբունքին կամ Նիկոլ Դումանի զոհաբերութեան», ըսաւ ան:

Սեզար Զարմէնեան դիտել տուաւ, որ պայմանները փոխուած են նաեւ հայրենիքի մէջ, պարտուած ենք ճակատամարտը, ոչ պատերազմը, կորսնցուցած ենք հայրենի տարածքներ, բայց եւ այնպէս պատանիները խոստում պիտի կատարեն աշխատելու մեր ամբողջական հայրենիքի ազատագրութեան համար, պիտի խոստանան այս ծանր պայմաններուն մէջ չյուսահատիլ եւ պայքարի ջահը վերստին ստանձնել: Անհաւասար կռիւի մէջ նոր զէնք հնարելու մասին Նիկոլ Դումանի խօսքը մէջբերելով` ան յայտնեց, որ պատանիները պարտին այսօր հնարել նոր զէնք, որ մասնագիտացումն է, որովհետեւ մասնագիտացած պատերազմ է ամէն իմաստով` զինուորական, տեղեկատուական, հոգեբանական, մշակութային եւ արհեստագիտական մակարդակներու վրայ:

«21-րդ դարու պատերազմը ձեզի կը պարտադրէ պատրաստուիլ ո՛չ միայն զինուորապէս, այլ նաեւ գիտելիքով, մասնագիտութեամբ: Բայց մանաւանդ գաղափարական պատրաստութեամբ, մեր արժէքները պահելով եւ ապազգային ամէն տեսակի երեւոյթի դէմ կարենալ դիմադրելով: Իւրաքանչիւրդ իր միջավայրին մէջ տարբերելով իբրեւ տեսակ, իբրեւ դաստիարակուած, եւ իբրեւ կեանքին մէջ` մարդուն, հայուն եւ ազգին համար նպատակի հաւատացող եւ անոր ձգտող պատանիներ: Ուրեմն դուք պիտի հնարէք նոր զէնքը, որպէսզի վերականգնին մեր արժէքները, վերականգնի հայրենիքը», եզրափակեց Սեզար Զարմէնեան` պատանիները կոչելով «Նիկոլ Դուման» սերունդ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը ազգային տարբեր եղանակներ նուագելով ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի Արաքս թաղէն մինչեւ Ազգային միացեալ վարժարան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.