ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու վարիչներու վերաորակաւորման սեմինար

Յունիս 6-8 շաբաթավերջին ընթացքին, Օնթարիոյի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան (ԳՊՄ) վարիչներու վերաորակաւորման սեմինարը, մասնակցութեամբ՝ Գանատայի տարբեր շրջաններէն ժամանած 25 վարիչներու եւ Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 6 անդամներու։
Սեմինարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ երեկոյեան։ Դաստիարակչական ծրագրին մշակմամբ զբաղուող պատասխանատուն վարիչներուն բացատրեց սեմինարին նպատակը, անոնց բաժնեց անհատական թղթապանակներ եւ ներկայացուց սեմինարին օրակարգը։
Երեք օրերու ընթացքին, համագործակցութեան (team-building – ընկհ. Նորա Արուշեան) եւ նախահաշիւի պատրաստութեան նման (budget planning – ընկ. Վիգէն Ապրաքեան) գործնական աշխատանոցներուն զուգահեռ՝ վարիչները ունկնդրեցին դաստիարակչական դասախօսութիւններ։ Անոնց փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը .- «Ղեկավարութեան բարոյականութիւնը» (ընկ. Վաչէ Ծատուրեան), «Առողջ յարաբերութիւններ» (ընկհ. Նանոր Սնապեան-Լիպարեան), «Միութենական հասկացողութիւն» (ընկ. Մհեր Գարագաշեան), «Անդամարշաւ» (ընկ. Սարօ Տէր Պետրոսեան) եւ «Առողջ ղեկավարում» (ընկ. Ներսեհ Լիպարեան)։

Զոյգ օրերու գիշերները, վարիչները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրար հետ, խմբուեցան խարոյկին շուրջ, երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր եւ զուարճացան խմբային խաղերու միջոցաւ։ Շաբաթավերջին ընթացքին, վարիչները իրար հետ խորհրդակցելով՝ տարեշրջանին ընթացքին դիմակայած դժուարութիւններուն առնչուեամբ գտան համապատասխան լուծումներ, կրկին անգամ արժեւորեցին թէ ինչքան անհրաժեշտ եւ կարեւոր է իրենց դերակատարութիւնը հայրենատէր սերունդի մը դաստիարակութեան մէջ եւ վճռեցին նոր թափով շարունակել իրենց առաքելութիւնը։
Կիրակի կէսօրէ ետք սեմինարը պաշտօնապէս փակուեցաւ յիշատակներու բաշխումով եւ բոլորը խանդավառուած եւ իրենց միտքերը նոր գիտելիքներով ամբարած վերադարձան իրենց շրջանները։

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին