ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան պատանիները մեկնեցան Հայաստան

Յուլիս 11 եւ 12-ին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամ 44 պատանիներ եւ 7 պատասխանատուներ ու վարիչներ Քեպէգէն, Օնթարիոյէն եւ Վանգուվըրէն մեկնեցան Հայաստան, մասնակցելու երկու շաբաթներու վրայ երկարող 9րդ հայրենագնացութեան։

Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը։ Խումբը երեք օրով պիտի հանգրուանէ նաեւ Արցախ։  Պատանիները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու տեղական պատանեկան միութեան անդամներուն հետ եւ ունենալու աշխատանքային ձեռնարկներ:

Այս իմաստով, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը իր երախտագիտական խոր զգացումները կը յայտնէ հայաստանագնացութիւնը համակարգող յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար, ծնողներուն՝ մեր առաքելութեան հանդէպ իրենց հաւատքին ու վստահութեան եւ պատկան մարմիններուն եւ գաղութներու անդամներուն իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Կարելի է հետեւիլ պատանիներուն նորութիւններուն, այցելելով եւ հետեւելով ARF Junior Organization of Canada դիմատետրի էջի Armenia 2019 ալպոմին:

Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.