ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
- (0)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, Գանատայի կազմակերպական իր ողջ կառոյցով, բուռն կերպով կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող վարչախումբի շղթայազերծած հալածանքի արշաւը ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին եւ ընդդիմութեան դէմ, որոնք շարունակութիւնը կը հանդիսանան վերջին տարիներու վարչախումբի հակադաշնակցական նկրտումներուն ու բռնաճնշումներուն։
Այս վարքագծով, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին յայտնուած վարչախումբը, կամայականօրէն ու նենգօրէն անգամ մը եւս կ՚ոտնահարէ ու հարուած կը հասցնէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն ու յստակօրէն կը բացայայտէ բռնատիրութեան ճանապարհով իշխանութիւնը երկարաձգելու իր դիտաւորութիւնը։
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը կը վերահաստատէ իր ամբողջական ներուժը ի գործ դնելու Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ իր յանձնառութեանց գծով։ Կը դատապարտէ ու կը մերժէ իշխող վարչախումբի դաւադիր վարքագիծն ու կեղծ խաղաղութեան օրակարգը: Միաժամանակ, մեր անվերապահ զօրակցութինը կը յայտնենք ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին եւ կը պահանջենք, որ անհիմն մեղադրանքներով դրսեւորուած քաղաքական հալածանքի այս նոր ալիքը անյապաղ վերջ գտնէ:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ