ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
759
0
Արցախի շրջափակման եւ հայ ժողովուրդի համար այս ծանրագոյն ճգնաժամի օրերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Դաւիթ Իշխանեանի Արցախի Հանարպետութեան Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու առիթով՝ ՀՅԴ Գանատայի կուսակցական կառոյցի անունով մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք մեր կուսակցական ընկերոջ։
Իրօք, պատմութիւնը փաստած է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար որեւէ պաշտօն ինքնանպատակ չէ եղած եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամի այս պաշտօնին կոչուիլը՝ պատասխանատուութիւններու ստանձնման յանձնառութիւն է, յանուն Արցախին եւ հայ ժողովուրդին։
Արցախի ներքաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան առումով, այս պահը անկիւնադարձային է, ուր ընդդիմութիւնը աւելի ամուր պատուանդաններու վրայ պիտի ըսէ իր խօսքը։ Միաժամանակ, վստահ ենք, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումը առաջնհարթութեանց շարքին պիտի դասուի։
Օրհասական ու մարտահրաւէրներով լի այս պատմական հանգրուանին, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ կուսակցական իր ողջ ներուժով պիտի զօրակցի Արցախահայութեան, հայ զինուորին եւ ի խնդիր Արցախի ինքնորոշման ու անկախութեան՝ պիտի շարունակէ պայքարը։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
Comments are closed.