ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը
Հայաստանի վարչապետը, անտեսելով Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, Մայիս 22-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հրապարակաւ յայտարարեց, որ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որը կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։
Պատերազմէն ետք, Արցախի հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը կասկածի տակ դնելու վարչապետին եւ գործող իշխանութիւններու քաղաքական եւ դիւանագիտական վարքագիծը նորութիւն չէ, սակայն այս յայտարարութեամբ, յստակ ձեւով կը ձեւակերպուի նոր իրականութիւնը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի անվտանգութեան ոչ միայն երաշխաւորը չեն, այլեւ՝ համաձայն են որ Արցախը ենթակայ դառնայ Ատրպէյճանի, որպէս Խանքենդի կամ այլ անուամբ վարչական տարածք։
Նման ազգադաւ յայտարարութիւն մահացու հարուած է համազգային մեր զարթօնքին, Հայ Դատի մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման սկզբնահանգրուանը հանդիսացող արցախեան ազգային ազատագրական պայքարին։
Արցախի Ազգային ժողովը վճռականօրէն մերժեց եւ անընդունելի նկատեց վարչապետի յայտարարութիւնները եւ կոչ ուղղեց հայութեան` միաւորուելու Արցախի շուրջ։ Մենք, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը, խստիւ կը դատապարտենք Փաշինեանի կործանարար ու յանձնուողական քաղաքական վարքագիծը եւ կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագրով մտահոգ Սփիւռքի եւ հայրենի մեր ժողովուրդին, զօրավիգ կանգնելու Արցախի ինքնիշխանութեան, ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ խաղաղ ու ազատ արարելու Արցախահայութեան կամքին։
ՀՅԴ Գանատայի ԿԵդրոնական կոմիտէ
Comments are closed.