ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եզրափակեց իր Պաշտօնական Այցը ԱՄՆ Միացեալ Նահանգներ

Հայաստան եւ Արցախ իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք, ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Արեւմտեան Ամերիկա, ուր ունեցաւ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ պաշտօնական հանդիպումներ:

Ընկեր Տէր Խաչատուրեան այցելեց եւ հանդիպումներ ունեցաւ գաղութի բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարութիւններուն հետ: Սոյն հանդիպումներուն ընթացքին, ընկեր Տէր Խաչատուրեան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու իւրաքանչիւրի տարած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քննարկեց շրջանային հարցեր անդրադառնալով Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին եւ անցուդարձերուն, քաջալերելով բոլորը աւելի ամրապնդել հայրենիքի հետ իրենց համագործակցութիւնը:

Պաշտօնական այցելութիւններուն եւ հանդիպումներու շարքին էին, Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը, Լոս Անճելըսի Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոսարանը, Հայկական-Ամերիկեան թանգարանը, Շամլեան Ազգային վարժարանը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային ընկերակցութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական միութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.