ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարին Հետ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Օլիվիէ Ֆորի՝ 7 Դեկտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիակօ, ծերակուտականներ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ, Մարի-Արլեթ Քարլոթթի եւ կուսակցութեան միջազգային հարցերու պատասխանատու Ժան-Մարք Ժերմեն: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուն:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի ՀՅԴի կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին, որ պատերազմէն ետք եղաւ ֆրանսացի առաջին ղեկավարը, որ կ՛այցելէ Արցախ, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցն է արցախեան հիմնահարցին լուծման գծով Ընկերվարական կուսակցութեան լուրջ եւ անկեղծ տրամադրութեան ու հաստատակամութեան:
Ֆոր իր պատուիրակութեան անունով ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը ամէն գնով պիտի աշխատի, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ճիգ չխնայէ Արցախի բնակչութեան ապահովութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար:
Երկու կուսակցութիւնները շեշտեցին արցախեան տագնապի լուծումը պահել բացառապէս Մինսկի խմբակի շրջանակին մէջ, ուր ընդգծեցին Ֆրանսայի՝ իբրեւ եռանախագահ աւելի աշխոյժ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի երաշխաւորութիւնը՝ բնակչութեան անվտանգութեան եւ հայկական մշակութային կոթողներու ու հարստութեան ապահովութեան գծով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին, որ զօրավիգ կանգնեցան Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ պահանջեցին կառավարութենէն, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչնայ զայն: Իբրեւ պատասխան՝ Ֆոր յայտնեց, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէ լուրջ աշխատանք տանիլ, որուն լաւագոյն ապացոյցն է արդէն Արցախ այս պատմական այցելութիւնը, հայ ժողովուրդին համար այս դժուար ժամանակահատուածին:
Ընկերվարական կուսակցութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց նաեւ արցախեան հիմնահարցին մէջ շրջանային նոր ուժերու ուղղակի միջամտութեան, տարբեր հաշուարկներով առաջնորդուած, ինչ որ առաւել բարդացուցած է հարցը:
Պատուիրակութեան անդամները ընդվզում յայտնեցին նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ դրսեւորուած բրտութեան՝ պատերազմին ընթացքին, մանաւանդ արձանագրուած մարդկային ծանր կորուստին ի տես: Ատրպէյճանական կողմի ֆոսֆորային արգիլեալ զէնքերու օգտագործումը, պատերազմական միջազգային համաձայնագիրներու պայմանները խախտող անօդաչու սարքերու օգտագործման եղանակը խիստ դատապարտելի նկատող պատուիրակութիւնը վստահեցուց, որ ասոնք շօշափելի փաստեր են՝ ներկայացնելու միջազգային արդարադատութեան, առ այդ, երկու կողմերը գործնապէս պիտի աշխատին այս ուղղութեամբ:
Հանդիպումին աւարտին, երկու կուսակցութիւնները համաձայնեցան իրենց արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող երկարամեայ սերտ յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը ներկայ փուլին առաւել ամրապնդել եւ խորացնել: