ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած Է Եւրոպայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ եւրոպական երկիրներու մէջ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Միջազգային կապերու Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի եւ նոյն գրասենեակի աշխատակից Սարինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ, 8 նոյեմբերին հանդիպած է Եւրոպայի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան` կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալներ Եոնեք Փոլենի, Սաար Վան Պիւրենի եւ Գործադիր վարչութեան անդամ Քարոլին Ճենեզի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Եւրոպայի Ընկերվարական կուսակցութեան յարաբերութիւններու ընդլայնման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարութեան ուժեղացման հեռանկարները: Ընդգծուած է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ եւրոպական գաղափարակից կուսակցութիւններու կապերու խորացման անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկման առանցքային նիւթերէն էին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները, Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շարունակական նախայարձակումը: Շեշտուած է Թուրքիոյ կործանարար մասնակցութիւնը պատերազմական գործողութիւններուն, որոնց պատճառով անիկա ամրապնդած է իր դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են նաեւ Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը: Ընդգծուած է, որ Ազրպէյճան պարտաւոր է անյապաղ իրագործել բոլոր հայ ռազմագերիները վերադարձնելու իր պարտաւորութիւնը:

Յառաջիկային պիտի ձեռնարկուին գործնական քայլեր` հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.